Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Յառաջիկայ 9 դեկտեմբերին, հայրենի մեր ժողովուրդը պիտի ուղղուի քուէատուփ` խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու մասնակցելու:
Քաղաքական այլ ուժերու կողքին, Դաշնակցութիւնը եւս կը լծուի այս ընտրապայքարին, ինքնուրոյն, առանձին ցանկով, առանց որեւէ դաշինքի:
Սոյն ընտրութիւնը առաջինն է` Հայաստանի մէջ խորհրդարանական համակարգի հաստատումէն ետք: Առ այդ, մեր երկիրը կը թեւակոխէ նոր հանգրուան, այն պահուն, երբ կը շարունակեն մեր դիմաց ծառանալ ազգային մեր անվտանգութեան առնչուող հարցեր ու թղթածրարներ, որոնց բարւոք լուծում ապահովելու կոչուած է գալիք Ազգային Ժողովը: Բոլորին կողմէ իրաւամբ ակնկալուող տարբեր բարեկարգումներու , արդար, բարօր, առաւել զարգացող երկիր կառուցելու զուգահեռ, լուծելի եւ դիմակայելի էական կէտերը, սակայն, կը մնան երկրի ընկերային-տնտեսական բարդ իրավիճակը, արցախեան հիմնախնդրի բարենպաստ կարգաւորումը, Անգարայի կողմէ յամառօրէն պահուող շրջափակումը, Պաքուի հակահայ ակրեսիւ քաղաքականութիւնը, եւ մասամբ նորին:
Ահա այս բոլորին մէջ` ամենայն գիտակցութեամբ, անսակարկ նուիրուածութեամբ, բծախնդրութեամբ, անշահախնդրութեամբ, ազգին ու հայրենիքին ծառայելու երդուածութեամբ պատասխանատուութիւն վերցնելու պատրաստակամութիւնն ունին ՀՅԴ-ի ընտրացանկի մեր թեկնածուները, որոնք պետականաշինութեան գործընթացի վերոյիշեալ հարցերուն կողքին իբրեւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներ ունին նաեւ գաղափարական պատկանելիութեամբ իրենց յատուկ պարտաւորութիւններ` Հայ Դատի օրակարգով, այլ խօսքով` համահայկական մասշտապով, համազգային տարողութեամբ:
Եւ մենք` Արեւմտեան Եւրոպայի դաշնակցական ամբողջ ընտանիքը, մեր անվերապահ վստահութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնենք, բանիւ եւ գործով, ու բարի երթ կը մաղթենք մեր ընկերներուն: Այո՛, Հայաստանի կազմակերպութեան սիրելի ընկերներ, հաւատարիմ` հողին ու հային: Ամբողջական հողին – միացեալ հայրենիքին, ամբողջական հային – միացեալ հայութեան:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
Փարիզ, 27 Նոյեմբեր 2018