կարևոր
3061 դիտում, 2 ամիս առաջ - 2024-09-04 17:29
Քաղաքական

Արցախի համար պայքարը միասնաբա՛ր ողջ պահենք. ՀՅԴ Արևմտյան Ամերիկայի Կենտրոնական կոմիտեի հայտարարությունը

Արցախի համար պայքարը միասնաբա՛ր ողջ պահենք. ՀՅԴ Արևմտյան Ամերիկայի Կենտրոնական կոմիտեի հայտարարությունը

24 Ապրիլ 2015ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, յիշեցինք եւ պահանջեցինք։

Այսօր՝ կը պահանջենք եւ կը յիշենք։

2 Սեպտեմբեր 1991ին տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումը, ուրուն յաջորդեց 10 Դեկտեմբեր 1991ի հանրաքուէն, որուն ընթացքին իր ազատ կամքը արտայայտող Արցախի հայութիւնը ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ինքնորոշման իրաւունքին ի նպաստ քուէարկեց։ Արցախի անկախութեան հռչակման 33րդ տարեդարձին առիթով, այսօր ինքնորոշման իրաւունքը կը պահանջենք ոչինչ աւելի, եւ, վստահաբար, կը յիշենք ոչինչ պակաս։

Կը պահանջենք, որ Արցախը ստանայ իր ապագան որոշելու տարրական իրաւունքը, որպէսզի իր ծոցին մէջ դարձեալ հիւրընկալէ իրմէ խլուած 120,000 տղամարդիկը, կիները եւ մանուկները։

Կը յիշենք, ամէն բանէ առաջ, Սարդարապատի սլացող ոգին եւ ազգային ազատագրութեան մեր բնազդը եւ անխոնջ պայքարը, որոնք պէտք է արդիականացուելով՝ գործի լծուին, որպէսզի մեր պահանջները ամրապնդուին մեր յիշողութիւններու արմատներու մէջ։

Մեծ զոհողութիւններ կատարելէ եւ ատրպէյճանական ջարդերուն, սպանդներուն եւ պատերազմներուն թիրախ դառնալէ ետք, Արցախի հայութիւնը, հակառակ բոլոր ակնկալութիւններուն, կրցաւ կերտել իր անկախութիւնը եւ հաստատեց Արցախի Հանրապետութիւնը, որ հրաշալիօրէն դարձաւ ժողովրդավարութեան ամրոց մը, ազատած Ատրպէյճանի ցեղասպան եւ բռնատէր թաթէն։ Այդ հրաշքը իրականացաւ շատերու փորձառութիւններուն եւ աշխատանքին շնորհիւ եւ շատեր կրցան վայելել զայն։

Արցախի ազատագրական պայքարը ի մի բերաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերը, որոնք պայքարեցան Արցախի փրկութեան, ազատութեան եւ ինքնորոշման վսեմ գաղափարներու իրականացման համար, որպէսզի Արցախի բնակչութիւնը վայելէ միջազգայնօրէն ընդունուած՝ մարդկային տարրական իրաւունքները։ Հայութիւն նաեւ գիտակցեցաւ, որ Արցախ թէ՛ խորհրդանշական եւ թէ մարտավարական պաշտպանն է Հայաստանի սահմաններուն, հանդիսանալով պատուար մը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմաններուն մեծ մասին միջեւ։

Դժբախտաբար, 44օրեայ պատերազմին, 10 ամիսներու ապօրինի շրջափակման եւ յարձակումներուն թէ՛ խուսափելի եւ թէ անխուսափելի վնասները առաջնորդեցին Արցախի հայաթափման եւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւման։ 2020էն 2023 Արցախի ցեղասպանութեան կողքին, Պաքուի իշխանութիւնները այժմ կ՛իրականացնեն մշակութային ցեղասպանութիւն՝ փորձելով Արցախի տարածքին բնիկ հայութեան հետքերը ջնջել։

Մինչ իրենց շահերը հետապնդող միջազգային եւ շրջանային ուժերը կրաւորական կեցուածքով հետեւեցան Արցախը բնաջնջելու արշաւին, մինչ Հայաստանի կառավարութիւնը իր ձախողած արտաքին քաղաքականութեամբ եւ ռազմավարութեան մը բացակայութեան Արցախը իր կամքով ենթակայ դարձուց Ատրպէյճանին (եւ Թուրքիոյ), յոյժ մտահոգիչ կը գտնենք այն իրողութիւնը, որ նոյն որոշում տուողները կը թուին պատրաստ ըլլալ յաւելեալ զիջումներ կատարելու՝ ի վնաս հայութեան ազգային շահերուն։

Պէտք է յստակ ըլլայ, որ անոնք մեր եւ հայութեան մեծամասնութեան կամքը արտայայտողները չեն։

Գիտակցելով, որ մեր ճամբան երկար եւ տաժանելի է՝ պէտք է հաւատանք, որ վերոյիշեալ նպատակները իրականանալի են, երբ միասնաբար աշխատինք անոնց հասնելու համար։

Արդ, կոչ կ՛ընենք մեր համայնքներուն, որ դարձեալ միացեալ ճակատ մը կազմելով՝ նեցուկ կանգնինք Արցախի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն ինքնորոշման իրաւունքին եւ հայրենադարձութեան պայքարին, պատասխանատուութեան կանչենք Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան՝ իրենց պատերազմական ոճիրներուն համար, երաշխաւորենք Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող բոլոր հայ գերիներուն եւ պատանդներուն ազատ արձակումը եւ աջակցութիւն ապահովենք Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան։

Կը խոստանանք յարգել մեր այս խոստումները, առաջնահերթ այս նպատակներուն հասնելու համար, հակառակ այլ օրակարգեր ունեցողներու ջանքերուն եւ կը հրաւիրենք բոլորը՝ միանալու մեզի տեւական եւ, ի հարկին, անվերջ այս շարժումին։

Արցախի համար պայքարը միասնաբա՛ր ողջ պահենք, մինչ կը ջանանք արցախահայերուն վերադարձը երաշխաւորել։

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ