Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կաթողիկոսարան Մեծի տանն Կիլիկիոյ
Անթիլիաս, Լիբանան
Գիր Օրհնութեան
ՈԻ
Գնահատանքի
Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք Ձեզ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մայրավանքէն:
Ներկա տարին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակն է: Արդարեւ, անցնող 125 տարիներուն Հ.Յ.Դաշնակցութեան Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքի մայր էջին վրայ դարձաւ մնայուն ներկայութիւն` մեր գերագոյն արժէքներուն կենսագործման ու ձգտումներուն իրագործման բերած իր ամբողջական ու յանձնառու մասնակցութեամբ:
Սովորական քաղաքական կուսակցութիւն չեղաւ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը, բառին նեղ ըմբռնումով. այլ դարձաւ, յատկապէս Սփիւռքի մէջ, մեր գաղութներուն կազմակերպչական հզօրութիւն ներարկող ներուժ, մեր ժողովուրդի մարտահրաւէրներն ու տագնապները շրջահայեաց մօտեցումով ու մարտունակ ոգիով դիմագրաւող կազմակերպ ուժ:
Արդ, կարելի չէ հասկնալ վերջին 125 տարիներու մեր ժողովուրդին կեանքը, առանց անդրադառնալու Հ.Յ.Դաշնակցութեան առանցքային ներկայութեան: Կարելի չէ հասկնալ մանաւանդ Սփիւռքի վերջին հարիւր տարիներու պատմութիւնը, առանց Հ.Յ.Դաշնակցութեան ճշդորոշիչ դերակատարութեան: Վերջապէս, կարելի չէ հասկնալ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարը, առանց Հ.Յ.Դաշնակցութեան լայնածաւալ աշխատանքին:
Արդարեւ, ցեղասպանին կողմէ մեր ժողովուրդին պարտադրուած Սփիւռքին մէջ հայ մնալը ամենօրեայ պայքար էր: Այս ահաւոր պայքարին մէջ, Սփիւռքի միւս կուսակցութիւններուն կողքին եզակի եղաւ դերը Հ.Յ.Դաշնակցութեան: Հայ ժողովուրդի կեանքին մեջ, մեր մշակութային արժէքներու պահպանման առաքելութեան մեջ անուրանալի եղաւ նպաստը Հ.Յ.Դաշնակցութեան: Իր հայրենիքի անկախութիւնը կորսնցուցած ու հայրենազուրկ դարձած ժողովուրդի կեանքին մէջ, եռագոյն դրօշով ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստանի ազգային գաղափարախոսութիւնը ու իտէալը արծարծ պահելու պայքարին մէջ, վճռական եղաւ դերը Հ.Յ. Դաշնակցութեան: Իսկ վերջին տասնամեակներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման ու Ղարաբաղի ազատագրական պայքարին մէջ անգնահատելի եղաւ ներդրումը Հ.Յ.Դաշնակցութեան:
Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը սոսկ անցեալ չէ սակայն: Ազգակերտ ու հայրենաշէն ծառայութիւններով լեցուն անցեալը վկայակոչելը երաշխիքն է ու գրաւականը նորանոր ծառայութիւններով ու իրագործումներով հարուստ ապագայի կերտման: Այսօր, թէ՛ Հայաստանի ու Ղարաբաղի եւ թէ Սփիւռքի դիմագրաւած տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն դիմաց անցեալի իր հարուստ փորձառութեամբ օժտուած Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ընելիք՛ ունի:
Հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած եւ ստրկութեան դէմ պայքարի դրօշ պարզած, ընդհանրական շահերը անձնական շահերէն գերադաս նկատած, փտածութիւն ու կեղեքում յառաջացնող անձերու ու կառույցներու ընդդիմացած ու նոյնիսկ իր շարքերուն նկատմամբ բարձրագոյն աստիճանի խստապահանջութիւն ցուցաբերած Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը այսօր եւս, եւ ավելիով՛, ընելիք ունի հայ կեանքէն ներս, ամե՛ն տեղ:
Իր համահայկական կառոյցներով ու մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը յուզող հիմնահարցերուն իր համահայկական մօտեցումներով, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կարեւոր ներդրում ունի կատարելիք` համահայկական մտածողութեան առաւել մշակման, ինչպէս նաեւ Հայաստան- Ղարաբաղ-Սփիւռք գործակցութեան առաւել խորացման, ծաւալման ու ամրապնդման մեր հաւաքական ճիգին:
Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակէն յետոյ, մեր ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին մէջ իր տասնամեակներու փորձառութեամբ զինուած, մեր քաղաքական միւս կառույցներուն եւ Հայաստանի իշխանութեան հետ միասնաբար, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը կարեւոր աշխատանք ունի կատարելիք:
Եւ վերջապէս, տակաւ գունաթափող Սփիւռքի մէջ, մեր գաղութները ազգային վերանորոգ կենսունակութեամբ թրծելու անյետաձգելի ու հաւաքական աշխատանքին մէջ, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը անկասկած վճռական դեր ունի:
Եթե 125-ամեակը Հ,Յ.Դաշնակցութեան համար անցեալին նայելու ու անցեալը արժեւորելու առիթ է, ան նաեւ ու մանաւանդ մեր կեանքի նոր հրամայականներուն դիմաց ինքզինք վերաքննութեան ենթարկելու հրաւէր է: Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Հ.Յ.Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը: Վստահ ենք, որ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը, միշտ մեկնելով մեր ազգի ու հայրենիքի ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն, վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով պիտի շարունակէ իր ազգային առաքելութինը:
Հայրական սիրոյ ջերմ ողջունիւ
Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ