Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Աղբյուրը՝ armeniangenocide100
«Թայմս», Լոնդոն¸ 27 ապրիլի 1915
ԿԻՍԱԼՈՒՍՆԻ ՇԱՀԱՌԿՈՒՄԸ
ՀԱՄԱ-ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐ
«ԱՅԴ ՊԱՐԶԱՄԻՏ ԱՆԳԼԻԱՑԻՆԵՐԸ»
(Մեր յատուկ թղթակիցէն)
Գահիրէ
Երբ Սուլթան Ապտուլ Համիտը պաշտպանական նպատակներով Համա-Իսլամութիւնը կազմակերպեց թրքական Խալիֆայութեան շուրջ, երկու նպատակ կը հետապնդէր։ Ան կը նպատակադրէր կայսրութեան իսլամ տարրը զօրացնել ի հեճուկս ոչ-իսլամին եւ իսլամ զանգուածի անվերապահ հաւատարմութիւնը ապահովել, իսկ արտաքին քաղաքականութեան մէջ,
1895-էն սկսեալ [իսլամ] Հաւատարիմներու հրամանատարի իր տիտղոսով ազդեցութիւն ունենալ ոչ-իսլամ ուժերու տարածքներուն մէջ բնակող իսլամներուն դրայ։ Այսպէս, եթէ Անգլիան որոշեր ճնշում բանեցնել հայերու դէմ ոտնձգութիւններու պարագային, Հնդկաստանի իսլամները կրնային հակադարձ ճնշում բանեցնել պաշտպանելու համար իրենց նուաստացած Խալիֆան։
Ապտուլ Համիտի տապալումէն ետք [Երիտ. թուրքերու] կոմիտէն շարունակեց կիրարկել նոյն մօտեցումները եւ Համա-իսլամական քաղաքականութիւնը պաշտօնապէս որդեգրեց 1910-ին ու զայն վերահաստատեց 1911-ին։
«ՊԱՐԶԱՄԻՏ ԱՆԳԼԻԱՑԻՆ»
1911-ին Թուրքիոյ մէջ Համա-իսլամութիւնը ստացած էր յարձակողական բնոյթ։ Այս մէկը մասամբ արդիւնք էր արեմտեան քաղաքական դէմքերու եւ թերթերու անհեռատես արտայայտութիւններուն։ Երբ 1909-ին թուրք խորհրդարանականներու պատուիրակութիւն մը կ’այցելէր Անգլիա, Լորտ Քըրզոնը իսլամական առաջակարգ ուժին ու Մեծն Բրիտանիոյ միջեւ բարի յարաբերութիւններու կարեւորութեան մասին խօսաելու ընթացքին անդրադարձաւե Մեծն Բրիտանիոյ միլիոնաւոր իսլամ հպատակներուն։ Լոնտոնէն վերադարձին Թալաաթ Պէյը խնդալով արտայայտուած էր, թէ «որքա՛ն պարզամիտ են այս անգլիացիները եւ որքան դիւրին իրենք զիրենք կը բացայայտեն»: