կարևոր
0 դիտում, 9 տարի առաջ - 2015-03-09 10:28
Հասարակություն

Անդրանիկի և հայ զինվորների գալուստը թուրքերին ահ ու սարսափի էր մատնել

Անդրանիկի և հայ զինվորների գալուստը թուրքերին ահ ու սարսափի էր մատնել

Աղբյուրը՝ armeniangenocide100

 

Հայկանուշ Մելքոնյանի վկայությունը

1895 թ., Բաբերդ


1915-ի մայիսին չեթենները շրջապատում են գյուղն ու գրավում այն: Թուրք մունետիկը հայտարարում է, որ հայերը պետք է երեք ժամում ազատեն գյուղն ու հեռանան: Թուրքերը մտնում են գյուղ ու կացիններով գլխատում քահանային: Հայկանուշի տան 8 անդամը ճամփա է ընկնում: Երբ գյուղից դուրս են գալիս, տեսնում են, որ իրենց գյուղը միակ տեղահանվածը չէ: Ճանապարհները լի էին գաղթական հայերով:


Հայկանոյշ Մելքոնեան ծնած է Բաբերդ, 1895-ին։ Հայրը Մկրտիչ Մոռոգոմեանն է, մայրը՝ Մարգրիտը, քոյրերը՝ Զարուհին, Գեղանոյշը եւ Վարդանոյշը, եղբայրները՝ Մուշեղն ու Խաչատուրը: Վերջինս զինուոր գացած էր:

 

1912-1913 տարեշրջանին համար, իբր ուսուցիչ, Լսոնք գիւղէն Գրիգոր Արսլանեան անունով երիտասարդ մը Մէզէրակ կու գայ եւ կը նշանուի Հայկանոյշին հետ։

 

Ատեն մը ետք անոնք կ՚ամուսնանան։

 

Մայիս 1915-ին չէթէները Լսոնք գիւղը կը շրջապատեն եւ կը գրաւեն։ Թուրք մունետիկը ձայն կը ձգէ, թէ երեք ժամէն պէտք է գիւղը պարպել եւ հեռանալ։ Չէթէները կը մտնեն գիւղ եւ կացինով կը գլխատեն գիւղին քահանան։

 

Տան ութը անդամներով ճամբայ կ՚ելլեն։ Երբ գիւղէն դուրս կու գան, կը նկատեն, որ իրենց գիւղը միակ տեղահանուածը չէր։ Ուրիշ գիւղերէ եւս հազարաւոր հայեր կային։ Բոլորը միասին մէկ կարաւանի մէջ կը միացնեն եւ յառաջ կը մղեն։ Ամբողջ օրը ծարաւ կը քալեն։ Իրիկուան կը հասնին արօտավայր մը, ուր ջուր կար։ Թուրքերը կ՚արգիլեն ջուր խմել եւ զայն կը ծախեն։ Հոն կը գիշերեն։ Զրոյց կը դառնայ, թէ շրջակայքի թուրքերը եւ քիւրտերը իրենց վրայ պիտի յարձակին։ Գիշերը ահ ու դողի մէջ կ՚անցընեն։

 

Առաւօտուն կը պատրաստուին մեկնելու։ Հազիւ կարաւանը իր շղթան կազմած, կը հաւաքեն տղամարդիկը, որոնց հրացանազարկ կ՚ընեն քիչ մը անդին։ Թուրք խուժանը կը յարձակի կարաւանին վրայ։ Ամէն տեսակ զէնքերով կը կողոպտեն ու կը սպաննեն։ Այս վայրը Տէլուկ Տաշի կը կոչուէր։ Ողջ կը մնան դիակներուն տակ ինկածները միայն։

 

Վերապրողներու յաջորդ կայանը կ՚ըլլայ Ակնը, ուր կը մնան քանի մը օր։ Ուրիշ կարաւան մը կու գայ եւ միաձուլուելով կը յառաջանան ու ճամբան կողոպտուելով՝ կը հասնին Արաբկիր եւ եկեղեցւոյ բակը կը լեցուին։ Հոս միայն մէկ գիշեր կը մնան։ Մինչեւ Մելիտինէ, ճամբուն վրայ կողոպուտի, սպանդի եւ առեւանգումի կ՚ենթարկուին։ Ապա կը հասնին Ֆրընճըլար։ Անհանգիստ գիշերներ կ՚անցընեն։ Իրենց մեկնումի օրը ոստիկանները կու գան եւ փոքրերը կը հաւաքեն։ Մօտաւորապէս 200 փոքրիկներ կը տարուին։

 

Կրկին ճամբայ կ՚ելլեն։ Ծարաւը կը տառապեցնէ զիրենք։ Իւրաքանչիւր անձի օրական նարինջի մեծութեամբ հաց մը կու տան միայն։ Ապա կը տանին Պերեճիկի դաշտը, ուր ջարդ մը եւս տեղի կ՚ունենայ։ Վերապրողները կը քշեն դէպի Նեզիպ եւ անկէ Այնթապ։ Հոս զարմանքով կը տեսնեն, թէ գոլէճին մէջ հայ տղաք կային, որոնք բռնագաղթուածներու երախաները կ՚ազատէին մեծ ջանքերու գնով։ Հայկանոյշը հայ բժիշկ Գէորգի, իսկ քոյրը, իբր սպասուհի, թրքացած հայ պաշտօնեայի մը տունը կը տանին։ Հայկանոյշը եւ քոյրը կը փախչին ու գաղթականներուն կը միանան այգիի տուներուն մէջ։ Քանի մը ամիս հոն կը մնան։ Կառավարութիւնը այգին կը պաշարէ եւ զիրենք գիւղերուն մէջ կը բաժնէ։ Հայկանոյշը եւ քոյրը նոյն գիւղը՝ Աղբունար կ՚իյնան։ Կառավարութիւնը օրական փոքրիկ հաց մը կու տար, որպէսզի մուրալու համար քաղաք չերթան։


Օր մը, ոստիկանապետը հարցաքննութեան ընթացքին քրոջը եւ Հայկանոյշին կը թելադրէ ամուսնանալ՝ փոխանակ գիւղին մէջ իբրեւ սպասուհի աշխատելու։ Քոյրը խիզախօրէն կը պատասխանէ ոստիկանին. «էֆենտի՛, սուրդ մէջքիդ կախուած է, մեր արիւնը քեզի հալալ թող ըլլայ, մեզի մեռցո՛ւր եւ այդ առաջարկը մի՛ ըներ…»։

 

Երկու քոյր Աղբունարէն կը փախչին ու կ՚երթան Այնթապ, ուր կը միանան գաղթականներուն եւ կը տարուին Եփրատի եզերքը՝ Մեսքէնէ։ Ապա կ՚անցնին Ռաքքա։

 

Ռաքքայի մէջ Սեբաստիոյ կողմերէն հայ կանայք Հայկանոյշն ու քոյրը իրենց տունը կը տանին։ Բաւական ատեն հոն կը մնան եւ կը կազդուրուին։

 

Թորոս անունով երիտասարդ մը այս կիներէն մէկուն աղջկան հետ կ՚ամուսնանայ։ Թորոս Հայկանոյշն ու քոյրը իր տան իբր անդամներ կ՚արձանագրէ։ Կը փոխադրուին Ճարապլուս։ Ատեն մը հոս մնալէ ետք, երկու քոյր կ՚անցնին Այնթապ, ուր սպասուհի կը դառնան թուրքերու տուներու մէջ։ Հայկանոյշի տեղը շատ հանգիստ էր։ Տանտէրը՝ Օմար էֆենտին կառավարական պաշտօնեայ էր, որ պոլսեցի հայասէր կին մը ունէր։ Այս պատճառու զայն «կեաւուրտէն տէօնմէ», այսինքն՝ «քրիստոնեայէ դարձած» կը կոչէին։ Այդ օրերուն Այնթապի փողոցներուն մէջ կը խօսուէր, թէ Անդրանիկ փաշան հայ զինուորներով կու գար։ Անդրանիկի գալուստը թուրքերը ահ ու սարսափի մատնած էր։ Թուրքերը կը սկսին կահ-կարասի ծախել եւ մեկնելու պատրաստուիլ։

 

Արկածի մը պատճառով, խոհանոցին մէջ Հայկանոյշի գլուխը գամ կը մտնէ։ Զայն թրքացած հայ բժիշկի մը կը տանին։ Դարմանումէն ետք բժիշկը կ՚իմացնէ Հայկանոյշին, թէ ամերիկացիները հայոց համար որբանոց մը բացած են։ Այս խօսակցաթիւնը Հայկանոյշ ամբողջութեամբ կը պատմէ Օմար էֆենտիի, որ շատ կը բարկանայ եւ ոստիկաններուն կը դիմէ ձերբակալելու համար Հայկանոյշը։ Ոստիկանները կը հետապնդեն Հայկանոյշը եւ զայն կը ղրկեն որբանոց, ուր ան գոհ կը մնայ եւ աղային տունը վերադառնալէ կը հրաժարի։

 

Ատեն մը Հայկանոյշ որբանոց կը մնայ։

 

Կը սկսի Այնթապի հերոսամարտը։ Բոլոր որբորբուհիները Լիբանան կը փոխադրեն։

 

Հայկանոյշ 1925-ին կը մեկնի Ամերիկա եւ Պօղոս Մելքոնեանի հետ կ՚ամուսնանայ։

 

Հայկանոյշ Մելքոնեան, «Կեանք Եւ Մահ», մատենաշար Ապրիլեան Եղեռնի թիւ 9, տպ. Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 1960, 34 էջ: (Տե՛ս Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան, գիրք Ա., պատրաստեց` Յարութիւն Իսկահատեան, Պէյրութ, 2010, էջ 69 -72):