կարևոր
0 դիտում, 10 տարի առաջ - 2014-06-18 13:04
Տարածաշրջան

Քեսաբի ազատագրումը հույս է ներշնչել հալեպահայությանը

Քեսաբի ազատագրումը հույս է ներշնչել հալեպահայությանը

Սուրիոյ ապրած դաժան տագնապին մէջ, յատկապէս Անցնող երեք տարիներուն սուրիահայութիւնը իր կեցուածքով դրսեւորեց տիպար քաղաքացիի վարք: Սուրիահայութիւնը հաւատարիմ մնաց իր երկրին եւ համայնքին, իր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, ազգային, մշակութային ու մարզական կեանքին:

 

Այսօր, Քեսապի ազատագրումի ուրախութեամբ համակուած կը շնորհաւորենք սուրիահայութիւնը, բայց մանաւանդ Ծովափի շրջանի հայութիւնը եւ այս առթիւ կը յայտնենք մեր երախտագիտութիւնը Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան Բանակին, որ բազում զոհողութիւններով Քեսապը վերադարձուց հայրենիքի գոգը:

 

Սուրիոյ տարածքին տիրող դժուար իրավիճակներուն մէջ, Հալէպի կացութիւնը ցայսօր կը շարունակէ ծանրագոյնը մնալ: Վերջին օրերուն, Հալէպի մէջ ընդհանրապէս եւ Նոր Գիւղի մէջ մասնաւորապէս, իրագործուած բարբարոսութիւնները, իրենց ահաւոր հետեւանքները ունեցան հալէպահայուն համար թէ° հաւաքական, թէ° անհատական իմաստներով:

 

Այս տաժանելի կացութեան մէջ եւս սուրիահայութեան մայրաքաղաքը համարուող հալէպահայ համայնքը կը շարունակէ իր գոյերթը, կը շարունակէ յուսալով տոկալ, խրախուսանքով դիմանալ եւ վերանորոգ եռանդով ու կորովով դէպ առաջ ընթանալ:

 

Քեսապի ազատագրումը յոյս ներշնչեց հալէպահայութեան, առ այդ, յաղթանակի ճանապարհը դէպի Հալէպ առաջնորդուելու ակնկալութեամբ յուսադրուած վերականգման ծրագիրներու մշակման փորձերը հաստատումի հանգրուան փոխադրելու մթնոլորտ ստեղծուեցաւ: Հալէպի վերակառուցման աշխատանքները գործնականացման հարթակ ուղղելու ժամակայան հասած ենք: Այսօ°ր, հրամայականի ուժգնութիւն կը ստանայ օժանդակութիւնները Հալէպի վրայ կեդրոնացնելու պարագան: Արդ, կակնկալենք մեր հայրենակիցներէն, որ մեզի հետ ձեռք-ձեռքի մեր յուսադրութիւնը առաւել ամրացնեն եւ օժանդակութեան աշխատանքները շարունակելով հալէպահայ համայնքի վերաշէնման եւ վերակենդանացման նպատսեն:

 

Հալէպը միայն հալէպահայութեան օրրանը չէ, այլ Արեւմտահայաստանէն բռնագաղթած ողջ հայութեան: Այդ սրբազան երկրէն բերուած ազգային արժէքներու շնորհիւ է, որ համայնքը այսօր այսքա°ն հայկականութեամբ կը շարունակէ գործել: Հալէպի յաղթանակին աւետիսը լսելու պատրաստ վիճակի մէջ ըլլալը նախապատրաստութիւն կը պահանջէ: Յուսադրուած ենք, որ մեր ակնկալութիւններուն համապատասխան արձագանգ պիտի գտնենք:

 

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ

 

Հալէպ, 16 Յունիս 2014