կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-06-18 18:31
Սփյուռք

ՀՅԴ Լիբանանի 72-րդ Շրջանային Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

ՀՅԴ Լիբանանի 72-րդ Շրջանային Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

ՀՅԴ Լիբանանի 72-րդ Շրջանային ժողովը սկսաւ հինգշաբթի, 10 յունիս 2021-ին` մասնակցութեամբ տարբեր շրջաններէ 99 պատգամաւորներու:

Վեց օրերու վրայ երկարող նիստերով ժողովը հանգամանօրէն ու համապարփակ քննարկումի ենթարկեց Լիբանանի դաշնակցական ընտանիքի անցնող 28 ամսուան գործունէութիւնը եւ ապա յառաջիկայ երկամեայ գործունէութեան համար կայացուց որոշումներ:

Ժողովը հաստատեց, որ անցնող 28 ամիսներուն ընթացքին աշխատանքը ծաւալած է ճգնաժամային արտակարգ պայմաններու մէջ: Հոկտեմբեր 2019-ին Լիբանանի մէջ ծայր տուած ժողովրդային բողոքի շարժումը, «Քորոնա»-ի համաճարակը, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը եւ երկիրը հարուածած ընկերային-տնտեսական սուր տագնապները Կեդրոնական կոմիտէն, կոմիտէները եւ Դաշնակցութեան Լիբանանի ամբողջ կառոյցը դրած են աշխատանքային նոր մարտահրաւէրներու եւ առաջնահերթութիւններու դիմաց, եւ այս իմաստով ՀՅԴ-ն ծաւալած է համապատասխան գործունէութիւն:

Այս ժամանակաշրջանը համընկնած է հայութեան եւ Հայաստանի համար եւս արտակարգ պայմաններու` Արցախի պատերազմ, 9 նոյեմբեր 2020-ի անձնատուական համաձայնութիւն, Հայաստանի քաղաքական կեանքի ներքին ալեկոծում եւ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններ, ինչ որ իր կարգին նշանակալի անդրադարձ ունեցած է Կեդրոնական կոմիտէի վարած ազգային պահանջատիրական ու Հայ դատի աշխատանքներուն վրայ:

Անցնող փուլը նաեւ լիբանանահայութեան համար եղած է ծանր փորձութիւններով դժուարին ժամանակաշրջան մը, ուր ազգային կառոյցներու եւ ուղեկից միութիւններու պահպանումն ու գաղութային աշխուժ կեանքի շարունակումը դարձած են հիմնական առաջնահերթութիւն:

Արդարեւ, մեկնելով այս առարկայական տուեալներէն եւ կատարելով անցնող փուլի գործունէութեան համապարփակ արժեւորումը` աշխատանքային տարբեր բնագաւառներու եւ մարզերու մէջ, ժողովը արժեւորեց Կեդրոնական կոմիտէի գործունէութիւնը եւ զայն գտաւ համապատասխան օրուան տագնապալի պայմաններուն:

Յառաջիկայ երկամեակի գործունէութեան ծիրին մէջ ժողովը նախ եւ առաջ կայացուց կազմակերպական բաժինին համար որոշումներ, որոնք կ՛առնչուին մարդուժի պատրաստութեան եւ կազմաւորման ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս կուսակցական կառոյցի գործունէութեան` մեկնելով արդի ժամանակներու պայմաններէն եւ ակնկալութիւններէն:

Այս օրակարգին մէջ ժողովը յատուկ կերպով անդրադարձաւ պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական միութեանց դիմագրաւած դժուարութիւններու յաղթահարման եւ այդ իմաստով ներկայ ժամանակներուն համահունչ գործադաշտերու ստեղծման իմաստով կայացուց կարգ մը որոշումներ: Այս ծիրին մէջ ժողովը խորապէս անհրաժեշտ գտաւ երիտասարդ մարդուժի ամբողջական ներդրումը կուսակցական գործադաշտի բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Ժողովը նաեւ կարեւոր նկատեց յաւելեալ թափ տալ կուսակցական-հասարակական կեանքին մէջ իգական սեռի ներգրաւուածութեան:

Կուսակցութեան քաղաքական ուղեգիծը, կեցուածքները եւ պատկերացումները ժողովուրդի աւելի լայն խաւերուն հասանելի դարձնելու առաջադրութեամբ ժողովը յստակացուց գրաւոր եւ բանաւոր մամուլի ու առցանց գործունէութեան նոր աշխատանքային ոլորտներ եւ արդի մասնագիտական ծրագիրներ:

Տնտեսական բնագաւառին մէջ ժողովը անհրաժեշտ նկատեց` անկախ նուիրատուութիւններէն, մղել համայնքային կառոյցները շահարկելու կարգ մը հաստատութիւններ եւ կառոյցներ:

Հայ դատի գործունէութեան ծիրին մէջ, ժողովը անհրաժեշտ նկատեց շարունակել հետեւիլ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ ծաւալած գործունէութեան եւ այս իմաստով պէտք եղած քաղաքական եւ դիւանագիտական աշխատանքները ծաւալել: Ժողովը շեշտը դրաւ նաեւ Հայ դատի բարեկամներու շրջանակը ընդարձակելու անհրաժեշտութեան վրայ` ներառելով լիբանանցի քաղաքական ու ակադեմական նոր դէմքեր եւ Լիբանանի հանրային կարծիքը մնայուն կերպով տեղեկացուած պահելով Հայ դատի գործունէութենէն:

Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի հետ յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան յաւելեալ թափ տալու առնչութեամբ ժողովը անհրաժեշտ նկատեց խորհրդաժողովներու կազմակերպումը, ինչպէս նաեւ համայնքի բոլոր կառոյցներուն ներառումը Լիբանան-Հայաստան յարաբերութիւններու յաւելեալ սերտաճեցման գործընթացին մէջ:

Ժողովը, լսելէ ետք Հայաստանի եւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն գծով ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին զեկուցումը, ծաւալեց քննարկում եւ որոշեց յատուկ յայտարարութեամբ իր ամբողջական ու անվերապահ աջակցութիւնը յայտնել ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի բոլոր կեցուածքներուն, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն առիթով կոչ ուղղեց համախմբուելու «Հայաստան» դաշինքին շուրջ` պաշտպանելու համար Հայաստանի պետականութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը եւ հեռացնելու հայրենակործան ու հողատու ներկայ իշխանութիւնը:

Քաղաքական գործունէութեան հետ առնչուած` ժողովը հաստատեց կուսակցութեան որդեգրած հաւասարակշռուած եւ ինքնուրոյն քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ ստեղծուած տագնապները բեւեռացումներէ հեռու երկխօսութեան ճամբով լուծելու անհրաժեշտութիւնը:

Ժողովը հաստատեց Լիբանանի ամբողջականութեան ու լիբանանցիներու միասնականութեան, պետականութեան հզօրացման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ սահմանադրական միջոցներով հարցերու լուծման ընտրանքը: Աւելի՛ն. ներկայ ճգնաժամի յաղթահարման համար ժողովը անխուսափելի գտաւ հատուածական եւ նեղմիտ հաշիւներէ դուրս գալու եւ ընդհանուր ու համայնական շահերու դիտանկիւնէն քաղաքական բոլոր կողմերու գործունէութեան ուղղորդումը: Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի քաղաքական կառուցուածքին մէջ երիտասարդ ուժերու եւ իգական սեռի աւելի մեծ համեմատութեամբ ներառման հարցին:

Յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն համար Ժողովը անհրաժեշտ նկատեց անոր ճիշդ ժամկէտին կայացումը, ինչպէս նաեւ համայնքներու ճշգրիտ ներկայացուցչութեան ապահովումը, որպէսզի կարելի ըլլայ ձգտիլ քաղաքական, ընկերային ու ապահովական կայունութեան եւ երաշխաւորել դժուարութիւններու յաղթահարումն ու երկրի զարգացումը:

Ժողովը շեշտեց նաեւ դատաիրաւական համակարգի անաչառ գործունէութիւնը եւ հզօրացումը:

Վերջապէս, ժողովը անյետաձգելի հրամայական նկատեց նոր կառավարութեան կազմութիւնը, որ անմիջապէս պիտի ձեռնարկէ բարեփոխումներու, պայքարի փտածութեան եւ անօրինականութեան դէմ: Այս բոլորը կենսական են երկիրը դուրս բերելու տնտեսական, դրամատնային, դրամանիշի եւ ընկերային մակարդակներու վրայ տարածուող ծանրակշիռ եւ վտանգաւոր կացութիւններէն:

Երեսփոխանական գրասենեակի գործունէութեան եւ ծառայութիւններուն, քաղաքապետութիւններու եւ համայնքային բարեսիրական միութիւններու եւ կառոյցներու գործունէութեան հետ առնչուած ժողովը ունեցաւ նոր պատկերացումներ, որոնք յառաջիկայ ամիսներուն պիտի դնէ քննարկման եւ խորհրդակցութեան:

Օգտաշատ նկատուեցաւ ընկերային ծառայողական աշխատանքները դարձնել համակարգուած, նպատակաուղղուած եւ փորձել բոլոր միջոցներով հասնիլ մեր ժողովուրդի ընկերային եւ յատկապէս առողջապահական կարիքներուն:

Ժողովը յատուկ կարեւորութեամբ արծարծեց ներկայ ճգնաժամային կացութեան մէջ հայկական վարժարաններու դիմագրաւած մարտահրաւէրները, մարդուժի հետզհետէ աճող կարիքը, հայեցի դաստիարակութեան նահանջը, ծնողներու տնտեսական դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատեց ամէն ճիգ ի գործ դնել կրթական համակարգը ամուր պահելու եւ անոր յառաջընթացը երաշխաւորելու:

Դաշնակցութեան ուղեկից միութիւններուն` Համազգայինի, ԼՕԽ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը ընդարձակելու եւ անոնց ծրագիրները իրականացնելու առումով ժողովը հաստատեց Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցի ամբողջական պատրաստակամութիւնն ու զօրակցութիւնը:

Ժողովի աւարտին յառաջիկայ երկու տարուան համար ընտրուեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի կազմ` բաղկացած հետեւեալներէն. Յակոբ Բագրատունի, Ալպեր Պալապանեան, Յակոբ Հաւաթեան, Աւետիս Կիտանեան, տոքթ. Էլի Թաշճեան, Արշալոյս Պալեան, Լուի Նատեր, Յակոբ Լատոյեան, Պարոյր Տէր Ղուկասեան, Արամ Սոմունճեան եւ Դաւիթ Գազանճեան:

Կեդրոնական կոմիտէն իր առաջին նիստին ներկայացուցիչ ընտրեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին: