կարևոր
1057 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-10-17 16:34
Քաղաքական

Նոր «Թարգմանիչներու» Սպասումով

Նոր «Թարգմանիչներու» Սպասումով

Հայոց պատմութիւնը կը վկայէ, որ ամէն անգամ, որ քաղաքական ու ապահովական ձախողութիւն արձանագրած ենք, երբ պարտուած ենք ու անօգնական դարձած, ինքնութեան պահպանման կռուան դարձուցած ենք լեզուն ու մշակոյթը: Հայ գիրերու գիւտը կատարուեցաւ Հայաստանի առաջին բաժանումին յաջորդած երկրորդ տասնամեակին: Հայաստան բաժնուեցաւ Սասանեան Պարսկաստանի եւ Բիւզանդական կայսրութեան միջեւ 387 թուականին: Բիւզանդական բաժինը վերածուեցաւ յունական նահանգի մը, մինչ պարսկական բաժինին մէջ տակաւին ատեն մը շարունակուեցաւ Պարթեւ Արշակունիներու թագաւորութիւնը, որ նոյնպէս պիտի վերածուէր մարզպանութեան: Հայաստան փաստօրէն կորսնցուցած էր իր անկախութիւնը եւ ենթարկուած օտար տիրակալներու իշխանութեան: Ինքնիշխանութիւնը պահպանելու միջոց դարձան Հայ եկեղեցին, որ հալածական դարձած էր, եւ թէ՛ Պարսկաստանին եւ թէ՛ Բիւզանդիոնին ձուլման քաղաքականութիւնը պատնէշող հայերէն լեզուն եւ հայ մշակոյթը: Գիրերու գիւտը արգասիքն է քաղաքական ընտրանքի մը, ինքնապաշտպանութեան ներառական միջոցի մը: Գիրերու գիւտին յաջորդեց, օտար տիրապետութեան պայմաններուն տակ, Ե. դարու հայկական Ոսկեդարը, հայ գիր ու գրականութեան, հայ մշակոյթի ծաղկման առաջին ու ամենաբովանդակալից ժամանակաշրջանը:

Քանի մը օր առաջ, 14 հոկտեմբերին յիշատակեցինք Թարգմանչաց տօնը: Աստուածաշունչի ու ժամանակակից գիտական աշխատութիւններու թարգմանութիւնը հայ լեզուն դարձուց հարուստ բառամթերքով ճկուն գործիքի մը, ատակ արտայայտելու այդ ժամանակին գոյութիւն ունեցող մտաւոր ստեղծագործութիւններու ամբողջ տարողութիւնը:

Այժմ կրկին քաղաքական ձախողութիւններու սարդոստայնի մը մէջ բանտարկուած ենք:

Ոչինչ մեր հաւաքական հասարակական կեանքին մէջ յուսատու կը թուի: Հարց կու տանք իրարու` ի՞նչ նորութիւն կայ, հաստատելու համար, որ մեզ համախմբող, մեզ խրախուսող երեւոյթներ կը բացակային տեսանելի հորիզոնի մը մէջ: Հայաստանի անկախութիւնը թէական դարձած է, Արցախը կորսնցուցած ենք, սփիւռքը վերակազմակերպելու փորձերը անարդիւնաւէտ կը մնան. ազգովին կը գտնուինք մեր ինքնութիւնը անվերականգնելի կերպով խաթարող, մեզ ազգային իղձերէն ու նպատակներէն օտարող վիշապի երախին մէջ:

Նոր սկիզբի մը կարիքը ունինք: Նոր թարգմանիչներու պէտք ունինք: Ինքնիշխանութեան փնտռտուքը ոչ Արեւմուտքէն պիտի լիանայ, ոչ ալ Արեւելք` Ռուսիայէն պիտի յայտնուի: Լուծումը մեր մէջ է, լուծումը վերադարձն է հայ ինքնութեան անխորտակելի խարիսխ հանդիսացող հայ լեզուին եւ հայ մշակոյթին: Կազմակերպուած կերպով պէտք է պայքարինք մեր լեզուն աղարտող, զայն աղքատացնող բոլոր երեւոյթներուն դէմ: Խստաբիբ պահակները դառնանք հայերէնի քերականութեան եւ շարահիւսութեան, բառամթերքի աղքատացման առաջնորդող բոլոր ցնդաբանութիւններուն դէմ: Ու մանաւանդ թափ տանք մշակութաստեղծ նորարութիւններուն: Մշակոյթի պահպանումը դարերով ստեղծուածը պահպանելու ու կրկնելու մէջ չի կայանար: Անշուշտ կարելի չէ մերժել գոյութիւն ունեցողը պահելու ու վերախմբագրելու շնորհակալ աշխատանքը: Սակայն չմոռնանք, որ մշակոյթը կը զարգանայ նոր ստեղծագործութիւններով, ժամանակի պայմաններուն համահունչ արուեստի նոր ճառագայթումներով: Կազմակերպենք ու քաջալերենք նորը, ժամանակակիցը, այժմեան արհեստագիտական միջոցներու օգտագործման կարելիութիւնները: Մեր մշակոյթը զարգացած է ժամանակի արհեստագիտական նուաճումներու օգտագործումով: Այսօր եւս, պէտք է ընենք նոյնը, տարածելու համար ստեղծագործուող նոր երգը, նոր բանաստեղծութիւնը, նոր վիպակն ու վէպը, նոր թատրոնը: Թող մէկ մասը խոտան ըլլայ, ոչինչ: Միշտ այդպէս եղած է: Խոտանի անտառին մէջէն կը յայտնուի անպայման վաւերականը, մնայունը, հայ հոգիին ապրումներուն ահազանգող տաղանդաշատը, հայ արուեստը:

Այո՛, անգամ մը եւս պէտք է ապաւինինք հայ ստեղծագործ մտքին, հայ արուեստի վերանորոգ ուժին` հայ ազգային մշակոյթի վերածաղկումին:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

aztagdaily.com