կարևոր
1750 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-07-18 11:51
Հասարակություն

Ազգային Մոլութիւններ Եւ Մոլորութիւններ…

Ազգային Մոլութիւններ Եւ Մոլորութիւններ…

Աշխարհ կրակն ինկած կ’այրի… Նախաբան մըն է, որուն ընդհանրապէս կը յաջորդէ դառն դիտողութիւնը, իսկ դուն/դուք… եւ այլն։

Հայկական մոլորութիւնը՝ որ կամաց-կամաց հայրենի պետութեան ուղեկիցը դարձաւ, 1988-էն սկսած ԼՏՊ-ական յանկերգն է՝ ՄԵՐ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԱՆՊԱՇՏՊԱՆՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Է։ Ասիկա մեր աշխարհաքաղաքական իրականութեան հակացուցուած մօտեցում էր, որ այսօր կիրառութեան դրուած է՝ ԼԻՈՒԼԻ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԱԾ ԴԱՒԱԴԻՐ ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԵԱՄԲ։

Երեք տասնամեակ առաջ, հողի վրայ ամուր կանգնած ազգային ուժեր եւ դէմքեր դէմ դրին այս մօտեցումին։ Այսօր անոնք մեր իրականութեան մէջ կա՛մ ոչնչացուած են՝ սպաննուած, կա՛մ իրենք զիրենք հանգստեան կոչած։

Եւ Արցախի ներկայ ողբերգական կացութիւնը ա՛յս իրավիճակի համադրական անմիջական հետեւանքն է։

Այսօր բանը բանէն անցած է։ Պատմութիւնը սակայն չէ աւարտած։ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԳՐՈՒԱԾ Է ԵՒ ԿԸ ԳՐՈՒԻ ՊԱՅՔԱՐՈՎ՝ ԳԱՂԱՓԱՐ, ՔՐՏԻՆՔ ԵՒ ԱՐԻՒՆ ՄԻԱԽԱՌՆԱԾ։

Վերջապէս ընդգծենք, որ կարիքը կայ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ (ոչ միայն հանրապետութեան) ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ, ՊԱՅՔԱՐԻ՛, ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱ՛Ն ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ, ԵՒ ԱՅԴ ՆՊԱՏԱԿԻՆ ԻՐԱԳՈՐԾՄԱՆ ԾԱՌԱՅՈՂ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐՈՒ ԱՐԴԻԱԿԱՆԱՑՄԱՆ։

Եւ ասիկա պէտք է գտնուի մեր մտածումի եւ ճիգի կիզակէտին։ Մասնակին՝ զոր փորձեցինք, չ’արդիւնաւորուիր, որովհետեւ մենք առանձին չենք, հսկայ ուժեր կը պատրաստուին վճռական հերթական պատերազմին, որուն մենք նուազագոյն չափով փաստական մասնակիցը պիտի դառնանք, այնուամենայնիւ՝ արդի աննպաստ սահմաններուն եւ պայմաններուն մէջ իսկ, հայոց ամրացումը մեծ բան է։

Արդ, ինչի՛ կ’ակնարկենք. Արցախի նախորդ պատմութիւնը աւարտեցաւ եւ նորն է որ պիտի սկսի, պէ՛տք է սկսի։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իր իշխանաւորներու ղեկավարութեան մոլորութեամբ, խաղագնդակ դարձած է եւ դադրած՝ խաղին մասնակիցի, խաղացողի կարգավիճակէն։

Այնուամենայնիւ, ո՛չ Անգարա, ո՛չ Պաքու չեն հանգստացած։ Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, որ նոր պատերազմի կը պատրաստուին, բայց ո՛չ Հայաստանի դէմ, այլ… Հայաստանի համար։ Հրահրող գլխաւոր՝ շահագրգիռ ուժը Իսրայէլն է, որ հետամուտ է Իրանի հետ իր հաշիւները վերջնականապէս փակելուն։

Անգարա, Պաքու հետամուտ են փանթրքական միջանցքի բացման, որ հայոց ֆիզիքական ներկայութեամբ կղպուած է։ Հիմնական ուժը, որ այսօր հայոց ներկայութիւնը կը պաշտպանէ՝ Իրանն է, որովհետեւ այս պատուարին փլուզումի հետեւանքները մեծագոյն գլխացաւանքները պիտի պատճառեն իրեն։

Սակայն Իրանը առանձին պիտի չտուժէ։ Իրանէն ետք հերթը պիտի հասնի Հնդկաստանին եւ Չինաստանին, առանց մոռնալու Ռուսիան, որ իր կարճատես, եսասիրական, ծաւալապաշտ, մեծապետական մոլուցքին զոհ դարձաւ՝ շղթայազերծելով Ուքրանիան նուաճելու ռազմական անմիտ արկածախնդրութիւնը։ Յիշենք նախորդի՝ Խ. Միութեան «սխրանքները» Հունգարիա՝ 1956, Չեխոսլովաքիա՝ 1968։

Հետզհետէ կը բազմանան կանխատեսումները, որ իսրայէլեան փրոքսի այս պատերազմին որոտը շուտով պիտի լսենք։ Հարցն այն է, որ այս նախագծումը, որուն առաջին փուլին թիկունք են միջազգային ուժեր, որմէ՝ գոնէ յայտարարութիւններու մակարդակով անմասն է Ուաշինկթըն, պիտի չմնայ իր նախնական ծրագրումի սահմաններուն մէջ, այլ ըստ ամենայնի պիտի տարածուի եւ ընդգրկէ նոյնինքն Իսրայէլը՝ նոյն փրոքսի ձեւաչափով, որ կրնայ վերաճիլ Թէլ Աւիւի ուղղակի ներգրաւման։

Այս բոլորը առաջին փուլին մաս կը կազմեն։

Երկրորդ փուլը աւելի լայն է։ Անմիջապէս, որ յարձակող ուժերը կոտրեն Իրանի դարպասը, նպատակը՝ այնուհետեւ եթէ մէկ կողմէ թրքական կայսերական միաւորումն է՝ փանթուրանիզմը, միւս կողմէ՝ Հնդկաստանի եւ Չինաստանի շարժման եւ զարգացման կաշկանդումը պիտի ըլլայ։ Այդ փուլին, արդէն հողային նուաճումներ չեն նախատեսուիր, բացի եթէ Փաքիստան իր հողային նկրտումներուն հետամուտ ըլլայ, հոս արդէն արդի աշխարհի թիւ մէկը՝ Ուաշինկթըն, անպայման որ հետամուտ պիտի ըլլայ իր մրցակիցներու զարգացումն ու վերելքը կաշկանդող կապանքներու ամրացման։

Կը նշանակէ, որ կը սպասուի աշխարհի նոր բաժանում, որուն հիմնական նպատակը մէկ կողմէ՝ նոր աշխարհաքաղաքական սահմաններ գծելն են, միւս կողմէ՝ նոր աշխարհակարգի կանոններով մրցավէճին մասնակից ախոյեաններու չէզոքացումը, զարգացման դանդաղեցումը, երկրորդական եւ երրորդական ուժերու նկրտումներու դիմագրաւումով զբաղեցնելը։

Կը յաջողի՞ այս հսկայ թուրքա-իսրայէլա-միջազգային արկածախնդրութիւնը, պիտի կարենա՞յ իրանական դարպասը ջարդել, այնուհետեւ ձեռնոց նետել ա- սիական հսկայ ուժերուն։ Ժամանակը ցոյց պիտի տայ։ Յոյս ունենանք, որ ատիկա չի յաջողիր։ Իսկ եթէ յաջողի, կը նշանակէ, որ ՀՀ անատամ ներկայութեան ողնայարն այնպէս պիտի ջարդուի, որ կատարեալ անդամալուծութեան պիտի մատնուի ան, որմէ ետք ժողովրդավարութիւն, մարդկային իրաւունքներ, ընկերատնտեսական վիճակի բարւոքում, ճամբաներ եւ այլն, սեփական տնօրինումէ անկախ պիտի դառնան, իսկ ազատութիւնը քաղցր յուշի պիտի վերածուի հասարակ ժողովուրդին համար։ Այսինքն՝ այսօր սկիզբն ենք երկանց… համազգային հիւանդագին մոլորութեան եւ դաւադիր դաւաճան իշխանութիւններու թեթեւ ձեռքով։

Իսկ այն պարագային, եթէ չյաջողի այս մեծ նուաճողական արկածախընդ- րութիւնը, հայոց երկրի եւ ժողովուրդի բարեբախտութիւնը պիտի կայանայ անոր մէջ, որ ցեղային գոյութեան վտանգը անմիջական պիտի չըլլայ, նոր սահ-մաններ պիտի գծուին եւ իրականութիւններ հաստատուին, որուն անմաս պի-տի մնայ վաղեմի հանուր հիւսիսականաց վեհագոյնը։

Խաղաղութիւնը, ինչպէս ազատութիւնը, անկախութիւնը սուրի ծայր կը մնան, ինչպէս միշտ։ Ասիկա անվիճելի է։ Միւս բոլոր երգերը քնաբեր օրօր են։ Ցարդ ազգովին այս օրօրը շա՜տ սիրեցինք եւ երբեք մեծ պատկերը չուզեցինք տեսնել։ Այսօր կամ վաղը պիտի արթննանք, դանակը ոսկորին հասնելէ ետք թերեւս նոր Սարտարապատ մղելու եւ բաւարարուելու…

Արդի ժամանակները հարիւր, հազար տարի առաջուան իրողութիւններէն տարբեր են. եթէ այն ժամանակ ուժերը կը չափուէին զինուորներու, սուիներու թիւով, այսօր գիտութիւնը եւ համակարգային արդիւնաւէտ կառավարումը, առաջնորդուած գաղափարով եւ նպատակով, մեզի նման փոքրաթիւ ազգերու հնարաւորութիւն կու տան առնուազն զգաստ եւ զուսպ պահելու թշնամիները։

Ասիկա եթէ երէկ չըմբռնեցինք, տարուեցանք լրացուցիչ, ամբողջացնող գոր-ծօններ ամրապնդելով եւ չհոգացինք հիմնական ուժը, որ պիտի իմաստաւորէ եւ արդիւնաւորէ միւս աշխատանքները, այսօ՛ր պէտք է ըմբռնենք ու վերականգնելու հսկայ ճիգին լծուինք՝ մեծով ու պզտիկով, աշխատաւորով ու գիտնականով, մտաւորականով եւ շարքայինով՝ Արտերկիր, Հայաստան եւ Արցախ։

Արտերկիրը մնացած է վերականգնումի հիմնական կռուանը, երբ արդէն հայրենի պետութիւնը ի վիճակի չէ իր բնական դերը կատարելու եւ քուրջէ գնդակի դերին մատնած ինքզինք։

Կարեւորը՝ հայ մարդիկ արթննան եւ մոլորութեան մէկանգամընդմիշտ հրաժեշտ տան այսօ՛ր, պատրաստուելով վաղուան պայքարին։ Արդարեւ, արտաքին ու ներքին թուրքը կրնայ մեր մարմնի մէկ մասը անդամալուծել, բայց անկարող է մեզ ամբողջովին անկար դարձնել, եթէ մենք տէր կանգնինք մեր պատմական, քաղաքակրթիչ, առաջնորդող, համաշխարհային առաքելութեան։ Եւ ա՛յդ պայքարին վերջնանպատակը կրնայ ի՛սկական, անխարդա՛խ խաղաղութիւնն ըլլալ, որ մեր էութեան եւ նկարագրին անբաժան մասն է։ Խաղաղութիւնը կը նուաճուի քրտինքով, կրակով, արեամբ եւ տառապանքով։ Չկայ ձրի խաղաղու- թիւն, երջանկութիւն, բարգաւաճում։ «Խաղաղութիւն պիտի բերենք»ին մեր պետութեան 1920-ին հաստատուած զինանշանի տարբերակին Առիւծի ժանիքը եւ սրատես Արծիւի սպառնացող կտուցը կը պակսի…

Վերջապէս՝ Գանատա թէ ԱՄՆ, Ֆրանսա եւ այլք, ընդհանուր իրենց ուղեգիծէն չնչին եւ ժամանակաւոր շեղում կրնան ունենալ իրենց հայ քաղաքացիներու ճնշումով։ Աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել՝ իրենց ընկրկումի չափը ուղիղ կը համեմատի ճնշման հզօրութեան։ Որքան հզօր ճնշում՝ այնքան շօշափելի, երկարատեւ եւ «փոխշահաւէտ» ընկրկում։ Այս ճնշումը պէտք էր Հայաստան պետութիւնը կազմակերպէր։ Կաշառուած կամ միամիտ չկամութեամբ չկատարեց։ Երկրէն ներս մղուող քաղաքական պայքարի որակը եւ նպատակի հասնելու գործիքները սահմանափակ են, նա՛եւ կաշկանդումներ ունին ամբոխային տրամաբանութեան մէջ։ Իսկ եթէ մարդիկ կ’ուզեն փորձել՝ փորձը դեռ փորձանք չէ, բայց յստակութիւնը պայման է։

Կը մնայ Արտերկիրը, որ աւելի ազատ ըլլալով՝ տարտղնուած է, քաղքենիացած, ապաքաղաքականացած, եսերու սպասարկումով տարուած։ Առողջ քաղաքականացումի սերմը պէտք է այսօ՛ր նետուի, որ վաղը արդիւնք տայ։ Գլխաւոր պայմանը կը մնայ նոյնը՝ նպատակներու յստակ ձեւակերպում։ Տարողութիւնը՝ հեռահար, ռազմավարակա՛ն բնոյթ պարտի ունենալ, համախմբող դառնալ եւ ուժեր համադրող, ներառակա՛ն ըլլալ։ Չենք ուզեր աւելի տարածուիլ եւ կազմակերպական, մարտավարական մանրամասն պատկերացումներու մէջ մտնել։ Ըսուածը բաւարար է, եթէ մարդիկ վերջապէս վերաքաղաքականացման ճամբով եսերը յաղթահարեն, անձի կեանքի տեւողութեամբ չսահմանափակեն որեւէ նախաձեռնութիւն եւ արդիւնքի ակնկալութիւն, եւ ըստ այնմ կազմակերպեն զայն։

Մենք հաւատացած ենք, որ պատմութիւնը ոչ մէկ տեղ կ’աւարտի, եթէ ինքդ վերջակէտ չես դներ։

Պայքարը եւ անոր հզօրացումը, յարատեւութիւնը, ընդարձակումը, բազմամակարդակութիւնը եւ բոլոր կարողութիւններու համախմբման մտասեւեռումն է որ վերջ պիտի դնէ հայութիւնը հարուածող մոլորութիւններուն, եւ անիւին տաժանագին վերելքի արահետին պտտցնելու հզօրութիւն հաղորդէ։

Վերականգնելու մեր հաւաքական կամեցողութենէն եւ յամառութենէն զատ, քիչ բան մնացած է, զոր կրնանք կորսնցնել այսօր։

Զավեն Լիյլոզեան
«Յուսաբեր», 18 Յուլիս 2023