կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-09-11 16:52
Տարածաշրջան

Պատմական օր՝ Հալեպի ազգային Քարեն Եփփե ազգային ճեմարանում

Պատմական օր՝ Հալեպի ազգային Քարեն Եփփե ազգային ճեմարանում

Աղբյուրը՝ «Գանձասար»

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Խնամակալութեան եւ Տնօրէնութեան, Երկուշաբթի, 11 Սեպտեմբեր 2017-ին, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս վերամուտը ցնծալի հանդիսութեամբ սկսաւ:

Պատերազմէն ետք, Նոր գիւղի մէջ կեանքի կոչուած առաջին հայկական վարժարանը վերստին իր գիրկը հրաւիրեց ճեմարանականները:

Ճեմարանի ու ողջ Նոր Գիւղի մէջ նոր կեանքի մը լուսաբացը յայտարարուեցաւ:

Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանի վերամուտի պաշտօնական բացման ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանը, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչները, թեմիս Քահանայից Դասը, Ազգ. Վարչութեան, Ուսումնական Խորհուրդի, Ճեմարանի Խնամակալութեան ներկայացուցիչները, Ճեմարանի տնօրէնը, պետական տնօրէնը, ուսուցչական կազմն ու վարչական պատասխանատուները:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը՝ ՀՀ եւ Սուրիոյ քայլերգներով: Ապա Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան բարի գալուստ մաղթելով բոլորին ըսաւ. «Այսօր վերածնունդի օր է: 5 տարի մեր դպրոցէն հեռու մնացինք, սակայն մեր մէջ վառ պահեցինք Ճեմարանի ոգին: Այս ոգին հինգ տարի մեզ պինդ պահեց եւ վերադարձուց Ճեմարան: Ներկայ սերունդները հաւանաբար ծանօթ չեն Ճեմարանի կառոյցին, սակայն իրենց ծնողները, երբեմնի ճեմարանականները, ուսուցիչները ու բոլոր այն սերունդները, որոնք գիտութիւն ու հայեցի կրթութիւն ստացած են այս յարկին տակ, լաւ գիտեն այս կառոյցին իմաստն ու խորհուրդը: Այսօր, մեր վերադարձով փաստեցինք որ վերապրելու կամք ունինք ու յանձնառութեամբ պիտի վերանորոգենք մեր բոլոր կառոյցները: Վերանորոգած ենք արդէն Ճեմարանի նոր մասնաշէնքը, յաջորդ տարի պիտի վերանորոգենք նաեւ Ճեմարանի հիմնական մասնաշէնքը: Մեր դասաւանդութիւնը կը սկսինք Ճեմարանի յարկին տակ, թէեւ նուազած թիւով, սակայն աստիճանաբար աճելու ու ծաղկելու յոյսով: Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ Ճեմարան վերադարձան տասնեակ աշակերտներ, որոնք եկան ու միացան մեզի զանազան քաղաքներէ եւ երկիրներէ: Սուրիոյ նահանգներէն, Քանատայէն, ԱՄՆ-էն, Պրազիլէն, Լիբանանէն վերադարձող աշակերտներ ունեցանք: Բարի վերադարձ ու բարի վերամուտ կը մաղթեմ բոլորիդ»:

Այնուհետեւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը Փառք տուաւ Ամենակալին՝ Աստուծոյ, որ այս օրուան արժանի դարձուց բոլորս, ներկայ գտնուելու Նոր Գիւղի մեր կրթական ամենակարեւոր կեդրոնին՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի բացման հանդիսութեան, յայտարարելու սուրիահայ կրթական կեանքի վերամուտը, շնորհաւորելու մեր ազգի զաւակները ամէնուրեք՝ Սուրիոյ ու Հալէպի կրթական նոր կեանքին, նոր տարուան, նոր աշխատանքներուն համար: Ապա շնորհաւորելով ներկաները ըսաւ. «Պատմական օր մըն է այսօր մեր համայնքային կեանքին մէջ: Լոյսի այս տաճարին մէջ սկիզբ կ՛առնէ Ճեմարանի 71-րդ ուսումնական տարեշրջանը: Հալէպի ազատագրումը, ապա նաեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած մեր ժողովուրդի յարութեան խորհրդանիշը դարձած քաղաքի՝ Տէր Զօրի ազատագրումը նոր յոյս կը ներշնչէ: Յոյս կը ներշնչէ ոչ միայն սուրիացի ժողովուրդին, այլեւ միջին Արեւելքին ու յատկապէս հայ ժողովուրդին: Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանն ալ մեր վերկանգնումի խորհրդանիշն է: Ընկալեալ սովորութիւն է, որ երբ նոր տուն մը, նոր կառոյց մը հիմնենք կամ վերանորոգենք, Աստուծոյ օրհնութիւնը կը հայցենք: Աստուծոյ օրհնութիւնը կը հայցենք, որպէսզի մեր գործերը հեզասահ ընթանան, որպէսզի մեր նորահաս սերունդին մտքի հորիզոնները բացուին, որպէսզի երկնքի լոյսը, իմաստութեան լոյսը, մեր ժողովուրդի դարաւոր փորձառութեան, գիտութեան, զարգացման լոյսը հոսի անոնց հոգիներուն եւ կեանքին մէջ ու մենք լուսաւորուինք: Այսօր ուրախութեան օր է: Բարի եկած էք ձեր տուն: Ուսումնական բարի երթ կը մաղթենք բոլորին ու վերյիշենք բոլոր այն բարերարները, որոնք կը զօրակցին սուրիահայ կեանքի վերականգնումին, վերանորոգութեան: Թող Տէրը օրհնէ զանոնք: Աստուածաշունչ մատեանին մէջ կը թելադրուի երեխան կրթել մանուկ հասակէն, Պօղոս առաքեալ իր աշակերտին կ՛ըսէ, որ եթէ մարզանքը օգտակար է մարմնին, Աստուածապաշտութիւնը, գիտութեան ձգտումը, զարգացումը ամէն բանի օգտակար է: Այսօր ներկայ ենք Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի լոյսի տաճար՝ Ճեմարան՝ խոնարհելու յիշատակին դիմաց մեր այն նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը ի սպաս դրին մեր ժողովուրդին: Թող յաւերժ ապրի հայ դպրոցը ու երկրի իմաստուն նախագահ տոքթ. Պաշշար Հաֆէզ ալ Ասատի առաջնորդութեամբ յառաջանայ Սուրիական Հայրենիքը, անոր հզօր բանակը»:

Արդարեւ, Սրբազան Հայրը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար աղօթելով բաց յայտարարելու ուսումնական այս տարեշրջանը:
Փառաբանութեան աղօթքէն ետք, Սրբազան Հօր ձեռամբ, քահանայից դասուն եւ աշակերտներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն, ապա Սրբազան Հայրն ու քահանաները օծեցին Ճեմարանի վերանորոգուած մասնաշէնքը:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով ու ընթացք առաւ Ճեմարանի 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանի առաջին օրը:

Image may contain: 6 people, people standing

Image may contain: 7 people, people standing

Image may contain: 5 people, shoes and outdoor

Image may contain: 7 people, crowd and outdoor