կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-19 12:35
Քաղաքական

Արարատ Միրզոյեան Հանդիպեցաւ Հայ Դատի Յանձնախումբին Հետ

Արարատ Միրզոյեան Հանդիպեցաւ Հայ Դատի Յանձնախումբին Հետ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Ամերիկայի հայկական համագումարի ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին Արարատ Միրզոյեան շեշտեց երկու կազմակերպութիւններուն կարեւոր դերը հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ: Ան գործընկերներուն ներկայացուց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած բարեփոխումներու օրակարգը:

Քննարկուեցան հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած շարք մը ծրագիրներ, որոնց իրականացման գործին մէջ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Ամերիկայի հայկական համագումարը կրնան իրենց ներդրումը ունենալ: