Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամուլի ասուլիսները հարուստ են անակնկալներով: Իր իբրեւ վարչապետ պաշտօնավարութեան սկիզբին, ան առանձին գրառումներով կը հաղորդակցէր հանրութեան հետ: Հետագային փոքր բարելաւում մը տեղի ունեցաւ. լրագրողներու կանխաւ փոխանցած հարցումները կը խմբագրուէին իր կողմէ ընտրուած լրագրողի մը կողմէ եւ կ՛արժանանային պատասխանի: Վերջին երկու ասուլիսները տեղի կ՛ունենան ուղղակի հարց-պատասխանի ձեւով, սակայն ասուլիսին մասնակցելու հրաւէր կը ստանան ցանկալի լրատուամիջոցները միայն: Վերջին ասուլիսին կարեւոր նորութիւն էր ընդդիմադիր լրագրողներու մասնակցութիւնը, թէեւ ոչ բոլորին:
Պարոն Փաշինեան կարճ յառաջաբան խօսք մը արտասանեց ասուլիսի սկիզբը: Յառաջաբանը առաւելաբար կը վերաբերէր Հայաստանի արձանագրած տնտեսական յաջողութիւններուն, քիչ մըն ալ` Արցախի շրջափակման ու Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն: Իմացանք, որ Ազրպէյճան պատասխանած է Հայաստանի առաջարկներուն եւ թէ՛ խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կայ եւ, թէ՛ կան նոր պահանջներ: Ո՛չ յառաջընթացի եւ ո՛չ ալ նոր պահանջներու մասին մանրամասնութիւններ չփոխանցուեցան: Լրատուամիջոցները եւ անոնց միջոցով հանրութիւնը չեն գիտեր, թէ ի՛նչ առաջարկուած է Հայաստանի կողմէ եւ ի՛նչ պատասխան տրուած է: Պրն. Փաշինեան անպատշաճ կը նկատէ անոնց բացայայտումը եւ կը պնդէ, որ Ազրպէյճան պէտք է հրապարակայնացնէ իր պահանջները, որոնք, ինչպէս կը հասկնանք տրուած կցկտուր բացատրութիւններէն, ծայրայեղական են եւ անընդունելի` Հայաստանի համար:
Անորոշութեան պայմաններուն մէջ լրագրողներուն կը մնար հարցումներու ճամբով մանրամասնութիւններ կորզել վարչապետէն: Քննադատական հարցումներու տարափի մը Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց առանց պատասխանած ըլլալու, միշտ պահուըտելով գաղտնապահութեան ու պատշաճութեան քողին տակ: Սակայն երբ հարց տրուեցաւ, որ եթէ ամէն նախապատրաստութիւն կատարուած է 44-օրեայ պատերազմի նախօրեակին, ինչո՞ւ այսքան ծանր պարտութիւն կրեցինք, Նիկոլ Փաշինեան ի վերջոյ սայթաքեցաւ: Ան, ամէն գնով պարտութեան պատասխանատուութիւնը մերժելու իր մոլուցքին տուրք տալով յայտարարեց, որ պարտուեցանք, քանի որ բանակին մէջ կը գործէր «հինգերորդ շարասիւն» մը: Բանակը փնովելու փաշինեանական սովորոյթին վարժ էինք, բայց այս մէկը գլեց եւ անցաւ բոլոր սահմանները: Նիկոլ Փաշինեան վարժ է դէպքերուն տալու սեփական մեկնաբանութիւններ. պատասխանատուներուն` պաշտօնեայ, դատաւոր, խորհրդարանի պատգամաւոր եւ մասամբ նորին, կը մնայ «փաստերով» հաստատել արդէն որոշուածը: Բանակին վերագրել հինգերորդ շարասիւնի մը գոյութիւնը նախատինք է ոչ միայն բանակի հրամանատարութեան եւ սպայակազմին, զինուորներուն, կամաւորներուն հասցէին, այլ նաեւ` այն հինգ հազար նահատակներուն, որոնք իրենց արեան հեղումով հայրենի հողը ոռոգեցին: Հիմա պատերազմի պատճառները եւ պայմանները քննող խորհրդարանական յանձնաժողովը ի՞նչ պիտի քննէ. Նիկոլ Փաշինեան արդէն քննած է ու վճիռը արձակած: Յանձնաժողովի անդամները կրնան այլեւս երթալ իրենց գործին:
Միանձնեայ իշխանութեան այս նորագոյն դրսեւորումը ի՞նչ անունով պիտի կոչենք. սա ամբողջատիրութիւն չէ՞: Շատոնց, դժբախտաբար, Հայաստանի կառավարման համակարգը ամբողջատիրական դրսեւորումներ ունի: Ո՞ւր մնաց ժողովրդավարութիւնը:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com