Փոխարժեքներ
27 12 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 396.18 |
EUR | ⚊ | € 412.07 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.98 |
GBP | ⚊ | £ 496.49 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.75 |
Քրիստոնեայ աշխարհին մէջ, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով հնչող ամէնէն տարածուն երգերէն մէկն է «Joy to the world»-ը (հայերէնով՝ «Ծա՛փ զարկ, աշխա՛րհ, ցնծա՛ այսօր»):
Չորեքշաբթի, 25 Յունուարին, այս երգը՝ այսինքն՝ ցնծութեան հրաւէրը հնչեց ուրիշ բովանդակութեամբ եւ աշխարահատարած երգչախումբի մը կողմէ: Ծափ զարնող-ցնծացողները եղան… զէնքի ճարտարարուեստի տիտանները:
Միացեալ Նահանգներու նախագահն ու Գերմանիոյ վարչապետը եղան գլխաւոր մեներգողները, իսկ երգչախումբին մաս կազմեցին եւրոպական աւելի քան տասնեակ մը երկիրներ, որոնք իրարու հետ մրցումի ելան յայտարարելու՝ թէ հրասայլեր, զէնքեր եւ անսպառ զինամթերք պիտի տրամադրեն Ուքրանիոյ, որպէսզի ան կարենայ դէմ դնել թշնամի Ռուսիոյ: Դրօշակիր մենակատարները, երկար ատեն նազ-տուզ ընելէ եւ Ուքրանիոյ նախագահին անհատնում սաստերուն, պարսաւանքներուն ականջալուր ըլլալէ ետք, հաստատեցին, որ իրենց ամէնէն կատարելագործուած հրասայլերն ու այլ զէնքեր պիտի հասցնեն Ուքրանիա: Ո՛չ ոք բառ մը արտասանեց, թէ այս խոստումները որո՞նց հացին նոր իւղ քսեցին, ալ ո՜ւր մնաց որ յիշէին, թէ տրամադրուած զէնքերը ենթակայ են գործածութիւնը սահմանափակող որոշ օրէնքներու-պայմաններու: (Յիշեցում մը. 80ականներու կէսերուն Գերմանիոյ մէջ արդարօրէն քաղաքական մեծ փոթորիկ բարձրացաւ, երբ հաստատուեցաւ, որ Թուրքիոյ տրամադրուած հրասայլերը գործածուած են քիւտեր ջարդելու, քրտական գիւղեր գետնի հաւասար ընելու…)
Չկարծէ՜ք, որ ցնծութիւնը միայն տարածուած է արեւմտեան կողմն աշխարհի: Ո՜չ: Նոյն ցնծութիւնը կը տիրէ նաեւ Ռուսիոյ եւ կարգ մը զինակիցներուն մօտ: Ռուսիա անցեալ շաբաթ յայտարարեց, թէ բանակին համար ոչինչ պիտի խնայուի, իսկ Չորեքշաբթիի որոշումներուն ի լուր՝ սպառնաց անյապաղ ոչնչացնել ուքրանացիներուն տրամադրուելիք զինական սարքերը: Հրապարակումներ կատարուեցան նաեւ ռուսական զինանոցի արդիական զէնքերուն մասին:
Տարբերութիւնը այն է, որ Արեւմուտքի մէջ այս հարցը վճռուեցաւ փողով ու թմբուկով, իսկ Արեւելքի մէջ նոյնքան աղմուկ չբարձրացաւ:
***
Բնականաբար ամէնէն մեծ հրճուողը եղաւ Ուքրանիոյ նախագահն ու անոր շուրջ բոլորուած հայրենասէրները, որոնք ունեցան այն նախազգացումը, որ Ռուսիոյ ոտքերը սկսած են դողալ, վաղը, ո՛ւր որ է, իրենց հասնելիք հրասայլերն ու զրահապատները, հրթիռներն ու ռումբերը ի վնաս Ռուսիոյ պիտի վճռեն ճիշդ 11 ամիս առաջ պայթած պատերազմին ելքը: Լրատու կարգ մը աղբիւրներ կէս-բերան յայտնեցին, որ խոստացուած ամերիկեան «Ապրամզ»ներն ու գերմանական «Լեփըրտ»ները յաջորդ արեւածագին չէ որ պիտի նետուին մարտի դաշտ, այլ դեռ կամուրջին տակէն բաւական ջուր պէտք է հոսի, մինչեւ որ ուքրանացիներ ընտելանան անոնց գործածութեան: Այսուամենայնիւ, վարագոյրներու ետին վստահաբար ձեռքեր շփողներ կան, որովհետեւ մեծ հարստութեամբ օժտուած երկիրներ վաղը թիրախ պիտի ըլլան զէնքի վաճառականներուն, ճի՛շդ այնպէս՝ ինչպէս Ծոցի առաջին պատերազմի օրերուն, ամերիկեան «Փէթրիըթ» հրթիռները հրապարակ նետուեցան եւ անմիջապէս շուկանե՜ր գտան:
Ո՛չ ոք հարց կու տայ, թէ արդեօք նոր ժամանակներու պատերազմները միայն հրասայլերո՞վ կը վճռուին:
***
Մինչ այս-մինչ այդ, պատերազմը նոր բորբոքումներ կ’ապրի Ուքրանիոյ մէջ: Ռուսական ուժերը կը հարուածեն գլխաւոր քաղաքներ, իսկ ուքրանական ուժերը՝ ռուսական հակակշիռի տակ անցած՝ արեւելեան շրջանները: Մարդիկ ամէն շաբաթ այս տագնապահար երկրին աշխարհագրութեան մէկ նոր շրջանին կը ծանօթանան (պատերազմին «դաստիարակչական» երեսը), երբ ճակատումներու դաշտերը տեղէ տեղ կը փոխադրուին:
Ո՛չ ոք կը հարցնէ, թէ ինչպիսի՛ ողբերգութիւններու ենթակայ է ժողովուրդը, թէեւ ահաւոր պատկերները ամէն օր ներկայ են պաստառներու վրայ: Քաղաքներ կը քանդուին, անմեղ բնակիչներ կը ջարդուին, մանուկներ (եթէ փրկուին) կ’որբանան: Միլիոնաւորներ հարկադրուած են հեռանալու իրենց քանդուած բնակարաններէն, վտանգուած քաղաքներէն:
Այդ դժբախտները կը կոչուին «կողմնակի» եւ «անխուսափելի զոհեր», այնպէս՝ ինչպէս անցեալ տարիներուն ու տասնամեակներուն եղան Աֆղանիստանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Եմէնի, ափրիկեան կռուախնձոր երկիրներու մէջ:
Այլ խօսքով, եթէ մինչեւ հիմա քանդումն ու զոհերը «սահմանափակ» էին, նոր զէնքերուն մատակարարումով (կրկնենք՝ արեւելեան եւ արեւմտեան ուժերուն), ողբերգութիւնները վաղը կրնան շատ աւելի ծանրակշիռ դառնալ:
Մինչ այդ, կան այլ տեսակի փուռեր տաքցնողներ, որպէսզի իրե՛նց հացը թխեն ու անոնց համար իւղ-կարագ ապահովեն:
Արդէն կը խօսուի Ուքրանիոյ վերակառուցման ծրագիրներու մասին: Ըստ կարգ մը նախահաշիւներու, այս երկրին կառուցումը, այսօրուան պատկերով, պիտի կարօտի շուրջ 500 միլիառ տոլարի, իսկ իրականացումը պիտի կատարուի նոր տեսակի «Մարշըլ ծրագիր»ի մը հիմամբ: Նման նախահաշիւներ ընողներ կը պատկանին այն «ակումբ»ներուն, որոնք մինչեւ օրս լծուած են Ուքրանիոյ քանդումին եւ ժողովուրդին սպանդին: Հոս ալ «մանր մանրամասնութիւն» մը հպանցիկ ճաշակ մը պիտի պիտի տայ. Ուքրանիոյ պետական պիւտճէն նահանջի մէջ է 2014-էն ի վեր, տուրքերէ եկամուտը տարեկան շուրջ 41 միլիառ տոլար է, իսկ ընդհանուր բացը յաւելում կ’արձանագրէ առաւել կամ նուազ չափով (ըստ պաշտօնական տուեալներու):
Իսկ ո՞վ կ’ըսէ, թէ այս պատերազմին գինը միայն ուքրանացիները կը վճարեն: Աշխարհի մէջ սղութեան ալիքը կը բարձրանայ ամէնուեք, բոլոր երկիրներու մէջ տուրք վճարողներ մասնակից են զինարշաւին: Եւրոպական երկիրներու մէջ սղութեան ալիքին դէմ բարձրացող ձայները հազիւ թէ մանր ու փոքր պատուհաններ կը գտնեն եւ… կը խեղդուին:
Եւ այս բոլորը տեղի կ’ունենան վասն ազատութեան պահպանումին, վասն նախայարձակը պատժելու, ի խնդիր ժողովուրդներու բարօրութեան: Եթէ ուզենք փակագիծ մը բանալ եւ կանգ առնել գոնէ մէկ կէտի վրայ, կրնանք ոչ-բառացի մէջբերում մը ընել Միացեալ Նահանգներու նախագահին Չորեքշաբթիի յայտարարութենէն: Ան հաւաստեց, որ պիտի չարտօնուի որեւէ մէկուն, որ իր դրացի երկրէն հող խլէ եւ ահաւոր, անմարդկային յարձակումներ գործէ:
Անշուշտ խօսքը Արցախի ու Հայաստանի վրայ թրքօ-ազերիական յարձակումներուն չէր վերաբերեր: Թիրախը Ռուսիան էր:
Իր կարգին, Ռուսիոյ նախագահը ինքնարդարացումի կը դիմէ, յայտարարելով, որ Ուքրանիոյ զինումը կը վատթարացնէ կացութիւնը, Ռուսիա իրաւունք ունի իր ապահովութիւնը պահպանելու ընդդէմ ՆԱԹՕ-ին, որ բազում ետդարձներ ըրած է՝ ի հեճուկս Ռուսիոյ ու դաշնակիցներուն չընդարձակուելու իր վաղեմի խոստումէն:
***
Չորեքշաբթիի յայտարարութիւնները, այսինքն՝ Ուքրանիան յաւելեալ զէնքերով ողողելու խոստումները մտահոգիչ զանգեր հնչեցուցին աշխարհով մէկ (նորութիւն չէ, սակայն հնչիւնը աւելի ահագնացած է հիմա): Թէ՛ Արեւելքի եւ թէ Արեւմուտքի մէջ ահազանգուեցաւ, որ աշխարհը կ’ուղղուի դէպի Գ. Աշխարհամարտ, որ կրնայ նախընթաց երկուքէն շատ աւելի աղէտալի եւ մահասփիւռ ըլլալ, որովհետեւ Ռուսիա չէ ծածկած կորիզային իր զինանոցը գործի լծելու հաւանականութիւնը: Բ. Աշխարհամարտի վերջին օրերուն, ամերիկացիք այս ահաւոր զէնքը ունեցող միակ ուժն էին եւ չվարանեցան զայն գործածելու Ճափոնի դէմ: Հիմա շատեր ունին: (Իսկ թէ նման աղէտէ մը ետք աշխարհի ուժերու դասաւոիրումը ի՞նչ կրնայ ըլլալ՝ այդ մասին ալ նախահաշիւներ կ’ըլլան եւ հեռադիտակները ցոյց կու տան, թէ Չինաստանը կրնայ ըլլալ ընդհարումէն գլխաւոր օգտուողը, ինչպէս որ Միացեալ Նահանգները ըրին Բ. Աշխարհամարտին ճամբով, հաշուարկուած ուշացումով մտնելով ռազմադաշտ):
60-ականներուն, երբ «Պաղ պատերազմ»ը աշխարհը մօտեցուցած էր կորիզային հրթիռարձակումներու սեմին, շրջան կ’ընէր անեկդոտ մը. ամերիկացիք սպառնացեր են Խորհրդային Միութեան, թէ ունին աշխարհը տասն անգամ քանդելու բաւարար կորիզային զէնք, Խրուշչով պատասխաներ է. «Մենք ունինք մէկ անգամ քանդելու բաւարար զէնք, ատկէ աւելիին պէտք չի մնար…»:
«Պաղ պատերազմ»ին ստեղծած սպառնալիքներն ու հաւանական արհաւիրքները մոռցած են աշխարհի այսօրուան վարիչները:
Անոնք մանաւանդ մոռցած են որ 60-ականներու գերլարուածութիւնը դարմանուեցաւ համախոհութեամբ, առ-եւ-տուրի վերադառնալով ու մեղմացումով: Հիմա, բացայայտ է, որ աշխարհը միայն մէկ Հիթլէր կամ Մուսոլինի չի դիմագրաւեր, այլ այդ «տրամաբանութեամբ» գործողները հետեւած են «աճեցէ՛ք եւ բազմացարո՛ւք» պատգամին: Այսօր, որոշ հաշուարկներ եւ մեկնաբանութիւններ կ’ըսեն, որ պատերազմի կոչերն ու թմբկահարումները կը մնան «պատերազմը հակակշիռի տակ պահելու» եւ անկէ լաւագոյնս շահ ապահովելու տարողութեան մէջ: Իսկ եթէ վաղը պատահի, որ հաշիւները ծուռ դառնան եւ հրէշը դուրս ցատկէ շիշէն, ո՛չ մէկ զօրակայան պիտի փրկուի մի՛ւս պատգամէն, ըստ որուն՝ «Ինքզինք անմեղ նկատողը թող նետէ առաջին քարը»:
Շատ արագ չվազենք ու չտարուինք յոռեգոյնով: Կը կարծենք, որ Գ. Աշխարհամարտ նախատեսողները սխալ են: Ինչո՞ւ:
Որովհետեւ այդ աշխարհամարտը արդէն տեղի կ’ունենայ տասնամեակներէ ի վեր, իսկ Ուքրանիոյ պատերազմը անոր սաստկացման նորագոյն փուլն է: Փաստօրէն, երբ ՆԱԹՕ-ի եւ անոր յարած երկիրներու զինանոցները Ուքրանիա կը փութացուին, քիչ մը ծիծաղելի կը հնչէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին այն խօսքը, թէ այս բոլորը չեն կատարուիր Ռուսիան վտանգելու համար: Թող ո՛չ ոք պահուըտի մատին ետին: Ուքրանիոյ մէջ տեղի կ’ունենայ Արեւելք-Արեւմուտք ուղղակի ճակատում: Տակաւին՝ Գ. Աշխարհամարտը տեղի կ’ունենայ «մասնավճարներ»ով. նախապէս մուրհակներ վճարուեցան, ինչպէս նշեցինք, Միջին Արեւելքի մէջ (Լիբանան, Իրաք-Իրանպատերազմ, Իրաք, Սուրիա, «Արաբական Գարուն»…), Աֆղանիստան եւ այլուր: Վաղը կրնան նոր ճակատներ դասաւորուիլ Հնդկաստանի, Չինաստանի եւ Քորէական թերակղզիի շրջաններուն մէջ:
***
Եւ ինչպէս նշեցինք այս սիւնակի սկզբնաւորութեան՝ եղած են, կան ու պիտի ըլլան «Ծափ զարկ աշխարհ» երգողներ:Այսօրուան ռազմապաշտներու (եւ զինարշաւի մղուողներու) երգչախումբին դիմաց, գլխուն քանի՞ ծակ պէտք է ունենայ ան՝ որ խօսի խելագառութենէ ետ կանգնելու մասին:
…Այս բոլորէն որեւէ պատգամ կը հասնի՞ մեր հայրենիքին, որ ահաւասիկ 45 օրէ ի վեր բառացիօրէն կը տապկուի ի՛ր տագնապներով՝ Արցախի ամբողջական պաշարման հետեւանքով, մատնուած է հակամարտներուն միջեւ ճօճանակի կացութեան:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
25 Յունուար 2023