Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայաստանի հետ ամբողջ հայութիւնը անգամ մը եւս խոր ցնցում եւ յուզում ապրեցաւ, իմանալով, որ 19 Յունուարի կանուխ ժամերուն, Գեղարքունիքի մարզի սահմանամերձ Ազատ գիւղի զինուորական մէկ կացարանին մէջ, աղէտալի հրդեհ մը պատահած է եւ խլած՝ 15 մատղաշ զինուորներու կեանքը:
Ահաւոր ողբերգութիւնը ստեղծեց տարբեր արձագանգներ, դուռ բացաւ հազար ու մէկ քննադատութիւններու, քննարկումներու, մեկնաբանութեան: Այդ բոլորէն անդին, դաժան իրականութիւնը այն է, որ 15 զինուորներ անիմաստ կերպով զոհ գացած են բնակեցման անընդունելի պայմաններու:
Շատ բան ըսուեցաւ ողբերգութեան պատճառներուն մասին, պաշտօնական աղբիւրներ եւ իշխանութեան ներկայացուցիչներ հրապարակ եկան հակասական եւ քիչ համոզիչ բացատրութիւններով: Չենք ուզեր մտնել այդ լաբիրինթոսին մէջ, այլ կը սպասենք, որ պաշտօնական քննութիւնները արդիւնքի հասնին եւ մանրամասնութիւններ յստականան, իսկական յանցաւորները գտնեն արժանի պատիժը (եթէ անշուշտ այս քննութիւններն ալ պիտի չմատնուին բազմաթիւ նախընթացներու ճակատագիրին եւ պիտի չդրուին բարձի տակ):
Դէպքէն ետք, արդէն անցած է 5 օր, իսկ Երեւանի իշխանութիւնները ո՛չ հրապարակած են զոհերուն անունները (ընդդիմադիրներ պարտականութիւնը ըրին), ո՛չ ալ զոհերուն համար սուգի նշան ցոյց կու տան: Աւելին, լուրեր կը տարածուին, թէ նոր ներքին գործոց նախարարի նշանակումը առիթ եղած է, որ իշխանաւորներ դէպքին յաջորդ ժամերուն խնճոյք սարքեն (կամ առնուազն զուարճանան), կարծէք թէ ողբերգութիւնը պատահած է հեռաւոր եւ հայութեան հետ հաղորդ չեղող երկրի մը մէջ (հա՜, չմոռնանք, որ նոյն իշխանաւորները վայրկեան չեն կորսնցներ ցաւակցելու՝, երբ Թուրքիոյ մէջ աղէտներ կը պատահին):
Եւ իրաւունք չունի՞ն ընդդիմադիրները, երբ անգամ մը եւս քննադատութիւններու թնդանօթները լարած են երկրի ողբերգութեանց անհաղորդ իշխանաւորներուն դէմ (չբանանք Արցախի հանդէպ կրաւորական եւ հազիւ թէ ձեւական շարժում ցուցաբերելու անոնց կեցուածքներուն էջը): Չէ՞ որ բազմաթիւ նախընթացներ կան, չէ՞ որ պատերազմական գերիները կը մնան անտէր (անոնց թիւն իսկ անորոշ է աւելի քան երկու տարի ետք), չէ՞ որ վերջին ճակատումներուն, թշնամիին դէմ արիաբար կուրծք տուած եւ նահատակուած զինուորներուն դիակները կը մնան ազերիներու սարքած սակարկութեանց առարկայ, չէ՞ որ… չէ՞ որ…
***
Լոս Անճելըսի մօտակայ Մոնթերէյ Փարք աւանին մէջ, 21էն 22 Յունուարի լուսցող գիշերուան կիսուն, ահաւոր ոճիր մը տեղի ունեցաւ: Մարդ մը կրակ բացաւ տօնակատարութեան մը մասնակիցներու վրայ, խլեց 10 զոհ, պատճառեց 10 վիրաւոր: Միացեալ Նահանգներու հետ, այլ երկիրներ ալ ցնցուեցան արիւնալի դէպքին պատճառով: Լրատու աղբիւրները անկէ ի վեր իրենց հաղորդումներուն մէջ լայն տեղ կու տան դէպքին մասին նորութիւններուն: Առանձնացնենք գոնէ մէկ նորութիւն. հանրապետութեան նախագահը՝ Ճօ Պայտըն, դէպքէն հազիւ 24 ժամ ետք, ազգային սուգ յայտարարեց երկրի տարածքին. պետական հաստատութեանց վերեւ դրօշակները մինչեւ Հինգշաբթի պիտի պարզուին կիսովին: (Հոս քննարկման նիւթ չեն այս կամ այլ նախագահներու ձախաւերութիւնները):
Մարդկային բան չէ զոհերուն միջեւ բաղդատութիւն դնելը. Հայաստանի մէջ՝ ենթադրեալ արկածի զոհեր, Լոս Անճելըսի մօտ՝ ոճիրի զոհեր: Մարդկային կեանքերու կորուստը հաւասարապէս ցաւալի է՝ ուր որ ալ ըլլայ (չմոռնանք Ուքրանիան եւ Միջերկրականի մէջ ծովամուն եղողները, ու… ողբերգութեանց շարքը երկար է): Անմարդկայինն ու անտրամաբանականը՝ Երեւանի իշխանաւորներուն կրաւորական անտարբերութիւնն է: (Հաղորդուեցաւ, որ վարչապետը խուսափեր է զոհի մը յուղարկաւորութեան ներկայ ըլլալէ, որովհետեւ… վախցեր է որ զինք ծեծեն):
Ու երբ բարձրաստիճան պաշտօնակատարի մը հարց կը տրուի, թր ինչո՞ւ պաշտօնական սուգ չի յայտարարուիր (եւ սա անտարբերութեամբ դիմաւորուող առաջին դժբախտ դէպքը չէ), ան կը պատասխանէ, թէ չեն ուզեր ժողովուրդը ողբերգութիւնը յիշեցնող մթնոլորտի մէջ պահել (ուրեմն չզարմանանք, որ այս տարի կրնան նաեւ Ապրիլ 24-ը չյիշատակել), կամ ալ այն՝ որ խորհրդարանը տակաւին այդ հարցը չէ քննարկած:
Իսկ այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ կառավարութիւնը դէպքէն միայն քանի մը ժամ ետք, ու միայն նախնական տեղեկութիւններու հիմամբ, դանդաղում չունեցաւ պաշտօնանկ ընելու զօրամասի մը հրամանատարական ամբողջ կազմը (չմտնենք մտահոգութիւն յայտնող մեկնաբանութիւններուն ոլորապտոյտին մէջ), աւելի՛ն, այդ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ մեր ժողովուրդը կը շարունակէ հանդուրժել այս կործանարար անբաններուն պաշտօնավարութեան շարունակումը…
…Երկուքուկէս տարի առաջ, մուրճ ճօճելով ընտրապայքար մղողը՝ «ժողովուրդին քուէով ընտրեալ»ը կը խոստանար. «Ապագայ կա՛յ…»: Ապագան հասած է արդէն, ու բոլորս, ներառեալ վարչապետի մենաշնորհեալներուն քուէ տուողներ կը տեսնեն (անշուշտ տեսնել մերժողներ ալ կան), թէ ինչպիսի՜ ապագայ մըն է անիկա, կամ՝ «խաղաղութիւն պիտի բերենք»ը օր-աւուր ինչպիսի՜ կորուստներու կը տանի հայրենիքը:
Իշխանաւորներուն անտարբերութիւնը յայտնապէս վարակած է ժողովուրդը, որ կը նախընտրէ լսել «Քուն եղի՛ր, բալա՛ս»ը, արհամարհել «Զարթի՛ր, լաօ՛»ն:
Կարելի չէ՛ երկար մնալ անվերջանալի թուացող ոլորապտոյտ չէ. ա՛զգը պիտի վճռէ անհաղորդներուն եւ հայրենիքին ճակատագիրը:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
23 Յունուար 2023