Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայաստանի ու Արցախի շուրջ ծաւալուող իրադարձութիւնները շփոթեցնող են: Ամիսէ մը աւելի է, որ Բերձորի ճանապարհը, որ Արցախը Հայաստանի միջոցով աշխարհին կապող միակ ուղին է, փակ է: Պատահածի մասին բոլորը կը խօսին, յայտարարութիւններ կ՛ընեն, երեւոյթին անընդունելի ըլլալը կը շեշտեն, նոյնիսկ կը բողոքեն, սակայն սայլը տեղէն չի շարժիր, ու Լաչինի միջանցքը կը մնայ անանցանելի: Գործնապէս ոչինչ կը կատարուի, բացի ոչ մէկ նորութիւն բերող մամուլի ասուլիսներէն, փակ դռներու ետեւ կայացող բանակցութիւններէն ու կացութեան անելանելիութիւնն ու վտանգաւորութիւնը շեփորող ելոյթներէն:
Ինչի՞ հետեւանք է այս գետնի վրայ դոփիւնը: Երբ հինգ տարի առաջ Հայաստանի մէջ ծայր կ՛առնէր թիւրիմացաբար յեղափոխութիւն յորջորջուած շարժումը, գտնուեցան մարդիկ, որոնք հարց տուին, թէ ինչի՞ պիտի յանգի նախապատրաստուող փոփոխութիւնը: Հիմնուած իրերայաջորդ իշխանութիւններու թերութիւններուն, անոնց զանցումներուն չափազանցման, ամբոխահաճոյ լոզունգներու ներգործութեան վրայ, խումբ մը բախտախնդիրներ տիրացան իշխանութեան: Նոր իշխանաւորները ունէի՞ն արդեօք Հայաստանի ու հայութեան համար ազգային ռազմավարութիւն: Հետագայ դէպքերը ցոյց տուին, որ եթէ կար չբացայայտուած ազգային ռազմավարութիւն, անիկա կը կայանար հայ ազգի գոյատեւումն ու պահանջատիրական պայքարը պայմանաւորող գաղափարական բոլոր կռուաններուն քայքայումին եւ Հայաստանի վերածումին` ապազգային համաշխարհայնացուած ապրելավայրի մը: Նման նպատակի մը իրականացման համար հարկ էր վերացնել բոլոր խոչընդոտները` սկսելով Արցախէն մինչեւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիա:
Ազգային գաղափարախօսութեան ի սպառ բացակայութիւնը, հեռանկարի պակասը ստեղծած են եւ կը շարունակեն ստեղծել քաղաքական մտածողութեան դատարկութիւն եւ կ՛առաջնորդեն արդէն հինգ տարիներէ ի վեր կրկնուող շաղակրատութեան մը, որ Հայաստանի պետական աւագանիին համար դարձած է քաղաքական ծրագիր ու հեռանկար փոխարինող ծամոցի:
Հանրային քննարկումներու գլխաւոր նիւթը Հայաստանի աշխարհաքաղաքական կողմնորոշման հարցն է: Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսիան չի տրամադրեր անհրաժեշտ ու գործնական պաշտպանութիւնը Հայաստանին ու Արցախի մէջ իր ստանձնած դիտորդական առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ կրաւորական եղանակով: Որդեգրած ըլլալով «անշահախնդիր» միջնորդի առաքելութիւնը, Ռուսիա նոյնիսկ բերնի ծայրով չի դատապարտեր Ազրպէյճանի բացայայտ գրգռութիւնները եւ յարձակողական ռազմապաշտ նախաձեռնութիւնները: Խաղաղութեան դարաշրջան հռչակած Հայաստանի իշխանութիւնը, հաւատարիմ իր ստանձնած միակողմանի ու անպատասխան մարտավարութեան, չի կրնար կամ չ՛ուզեր Ազրպէյճանի արարքներուն համապատասխան եղանակով պատասխանել: Ինք չ՛ուզեր, ուրեմն կ՛ակնկալէ, որ անհրաժեշտ կոշտ պատասխանի հեղինակ դառնայ ռազմավարական դաշնակից Ռուսիան, որուն դերը ոչ թէ Հայաստանի փոխարէն ճակատիլն է, այլ ճակատումի պարագային` օժանդակելը: Ռուսիա օժանդակութիւն ալ չի տրամադրեր, այլ միջնորդական իր առաքելութիւնը կը նկատէ օժանդակութիւն Հայաստանին:
Քանի որ Ռուսիա իր ռազմավարական դաշնակիցի պարտաւորութիւններուն մէջ կը թերանայ, Հայաստանի իշխանութիւններու դրդումով Ռուսիան ուրիշներով փոխարինելու գաղափարը դարձած է հանրային կարծիքին կողմէ ամենաշատ շրջանառուող նիւթը: Արեւմտեան ուժերու համար Հայաստանի մէջ, նաե՛ւ Ազրպէյճանի մէջ տեղակայումը Ռուսիան ու Իրանը շրջափակելու լաւ առիթ է: Ոչ ոք մինչեւ հիմա չէ յուշած, թէ պատրաստ է Ռուսիան փոխարինելու, այսինքն` Հայաստանը պաշտպանելու արեւմուտքէն Թուրքիոյ եւ արեւելքէն Ազրպէյճանի դէմ: Երկուքն ալ արեւմտեան աշխարհի սերտ գործակիցներ: Ուրեմն Ռուսիոյ չէզոքացումը Հարաւային Կովկասէն պիտի յանգի Հայաստանի ներառման հակառուսական եւ հակաիրանեան ճամբարին մէջ, ճամբար, որ այս տարածաշրջանին մէջ ղեկավարուի… Թուրքիոյ կողմէ:
Անելանելի այս վիճակին մատնած են հանրապետութիւնը Հայաստանի իշխանութիւնները: Այս չէ՞ր արդեօք ըմբոստութեան շարժումին նախնական նպատակը: Բանիմաց ոեւէ մարդու համար, ո՛չ միայն Արցախի, այլ նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան կորուստի նախադրեալներ ունեցող վիճակ է ստեղծուած թնճուկը: Ռուսասէր ըլլալու կարիք չկայ հասկնալու համար, որ Ռուսիոյ հեռացումը Հայաստանէն ու Արցախէն պիտի առաջնորդէ երկիրը հրամցնելու մշտնջենական թշնամիին համայնակուլ երախին:
Գոյութենական պայքարի փուլ մը թեւակոխած ենք ազգովին: Չեմ ուզեր հաւատալ, որ Հայաստանի այժմու իշխանաւորներուն մէջ չեն գտնուիր մարդիկ, որոնք կը գիտակցին կացութեան ծանրակշիռ վտանգաւորութեան: Ու կը հասկնան, որ իշխանութեան, ընդդիմութեան, հանրային սպասարկման լծուած բոլոր կառոյցներուն, մէկ խօսքով` հայութեան բոլոր կենդանի ուժերուն միասնական դիրքորոշմամբ միայն կարելի է դիմակալել ահագնացող վտանգը: Ինչպէս յաջողեցան ընել Արցախի մէջ շրջափակուած 120.000 հայերը: Գնդակը իշխանութեան բերդին կողմն է. ինք պարտաւոր է միաւորել ազգը, ինքնապաշտպանութեան նշանաբանով: Միաւորել կամ մեկնիլ, թոյլ տալով, որ ուրիշը իրագործէ, ազգային ռազմավարութեան մը հովանիին տակ, ազգային բոլոր ուժերուն զինուորագրումը հայրենիքի փրկութեան պայքարին:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ