կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-06-13 21:40
Քաղաքական

Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ ընդունեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած պատուիրակութեանը

Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ ընդունեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած պատուիրակութեանը

Այս առաւօտ, Նախագահական Պալատին մէջ, Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիկոս Անաստասիատիս ընդունեց ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ կը բաղկանար Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանէ, ՀՅԴ Կիպրոս Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեանէ եւ Կոմիտէի անդամներ՝ Վահան Այնէճեանէ եւ Րաֆֆի Մահտեսեանէ։ Ներկայ էր նաեւ Կառավարական Բանբեր Պրոտրոմոս Պրոտրոմու։Նախագահ Անաստասիատիս, ողջունելով ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչի ներկայութիւնը Կիպրոս, վստահեցուց, որ կիպրական կառավարութիւնը զօրավիգ կը կանգնի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին, Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին, եւ վստահեցուց որ միջազգային հաստատութիւններու մէջ, ըլլայ ան ՄԱԿ-ի կամ՝ Եւրոպական Միութեան, Կիպրոս մեծ ջանք կը թափէ օգտակար հանդիսանալու Հայաստանի Հանրապետութեան շահերուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի դատին։ Հանրապետութեան նախագահը վստահեցուց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին, որ Կիպրոս Եւրոպական Միութեան մէջ արդէն իսկ յառաջ կը քշէ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ առնչուող հարցեր։ Նախագահ Անաստասիատիս յիշեցուց, որ իր յարաբերութիւնները Պետական Ներկայացուցիչին հետ եղած են միշտ սահուն եւ ան միշտ դրական կերպով անդրադարձած է Պետական Ներկայացուցիչի խնդրանքներուն։

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նախ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց կիպրական կառավարութեան, կիպրահայ համայնքին հանդէպ՝ իր ցուցաբերած հոգատար վերաբերմունքին համար եւ վստահեցուց նախագահ Անաստասիատիսին, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր աշխարհասփիւռ կազմակերպական կառոյցով Կիպրոսի կառավարութեան տրամադրութեան տակ կը գտնուի, յառաջ քշելու կիպրական դատը եւ օգտակար հանդիսանալու կիպրական հարցի լուծման ջանքերուն։ Ան աւելցուց, որ Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանին միջոցաւ, վերջին տարիներուն տարուած է հսկայական աշխատանք եւ ամրապնդուած է կիպրական կառավարութեան եւ կիպրահայ համայնքի միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը եւ արտայայտեց այն համոզումը, որ ապագային ալ այդ յարաբերութիւնները պիտի մնան հաստատ եւ պիտի խորանան։

Տէր Խաչատուրեան յիշեցուց նախագահ Անաստասիատիսին, որ սփիւռքի զանազան երկիրներու մէջ, ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերը բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ ունին Կիպրոսի Հանրապետութեան դեսպանատուներուն եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն հետ, պայքարելով ի նպաստ կիպրական եւ հայկական դատին։

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեան յայտնեց նախագահ Անաստասիատիսին, որ ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը, իր այցելութեան ընթացքին, հանդիպումներու շարք մը ունեցաւ նաեւ Կիպրոսի նորընտիր եւրոերեսփոխաններուն հետ, վստահեցնելով որ այդ կապը պիտի շարունակուի այս հանդիպումներէն ետք եւ թէ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենակը Պրիւքսելի մէջ, ցարդ գործակցած է Կիպրոսի եւրոերեսփոխաններու հետ եւ պիտի գործակցի նաեւ նորընտիր եւրոերեսփոխաններուն հետ, միասին յառաջ քշելու կիպրացի եւ հայ ժողովուրդներու շահերը։ Հանդիպումը տեւեց կէս ժամ եւ անոր աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։