Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Սոչիի եռակողմ հանդիպումին վերեւ կը սաւառնէր Արցախեան հարցի ուրուականը։
Հանդիպումին օրակարգը, անոր քննարկումները եւ զայն քննողները կը խուսափէին ուրուականէն։ Աւարտին ուրուականը շրջանցած ըլլալու խաբուսիկ գոհունակութեամբ երեք կողմերը վերադարձան տուն։
Ռուսաստանը գոհացած էր ամերիկեան ծրագիրը ռուսականի վերածելու եւ ռուսական միջնորդութիւնը գերակայելու իր յաջողութեամբ։
Ատրպէյճանը բաւարարուած էր Հայաստանի եւ Արցախի դէմ իր ցարդ ձեռք բերած ապօրինի նուաճումներու «ստատուս քուոն» պահելով:
Իսկ Հայաստանը ձեռնածալ ու ապա ձեռնունայն շուարած էր, թէ ինչու իր «խաղաղութեան» բոլոր զիջումները կը շարունակէին իրենց ձախող տեղքայլը։
Անշուշտ, շուարելիք բան չկայ, պէտք չէ ըլլայ։ Ի վերջոյ ամէն բան զիջողը, ամէն ինչ յանձնողը Հայաստանի իշխանութիւնն է։ Բայց հիմա իշխանութիւնը ի՞նչ բացատրութիւն պիտի տայ մեր ժողովուրդին իր այդքան փայփայած «խաղաղութեան» անհասանելիութեան մասին։ Բնականաբար, բացատրութիւն պիտի չտայ, ինչպէս միշտ, ինչպէս իր միւս բոլոր ձախողութիւններու պարագային։
Փոխարէնը պիտի փորձէ կողմնակի ու անհետեւանք հարցերով ու մեղադրանքներով ուշադրութիւնը շեղել իր յայտարարած ծրագրային օրակարգերու վիժումներէն։
Նայինք ետ եւ հարց տանք. ինչպէ՞ս հասանք այսօրուան։
Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր խմբակցութիւնը իշխանութեան տիրացան «նախկինները» հեռացնելու, կաշառակերութիւնը վերացնելու, մարդկային իրաւունքները հաստատելու, ժողովրդավարութիւնն ամրապնդելու եւ ժողովուրդին վիճակը բարելաւելու օրակարգով։ Այս օրակարգի իւրաքանչիւր կէտ այսօր մոռցուած է եւ ձախողութեան մատնուած։ Եւ ընդհակառակը՝ օրակարգի իւրաքանչիւր կէտ՝ իր բոլոր բնագաւառներով, գլխիվայր շրջուած է։ «Նախկիններէն» հնազանդները մաս կը կազմեն իշխանութեան, մաֆիոզ օլիգարխները խորհրդարանի պատգամաւոր եւ կառավարութեան անդամ են։
Կաշառակերութիւնը պետականացուած է՝ ներառնելով ազգականական ու խնամիական բոլոր մակարդակները։ Հաստատուած է բռնատիրութիւն՝ մենատէրի մը գերիշխանութեամբ, որ իր կարգին կաշառած ու իրեն հլու դարձուցած է ուժային ծառայութիւնները եւ արդարադատական համակարգը։
Բայց ուրկէ՞ բուսաւ այս իշխանութեան «խաղաղութեան» օրակարգը։ Այդ մասին «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» ոչ մէկ խօսք ըրած էր։ Ի սկզբանէ չկար նման օրակարգ։
Իրապէ՞ս չկար։ Անշուշտ կար։ Այդ մէկը նիկոլական շարժումին իսկական ու միակ օրակարգն էր։ Մնացեալը շղարշ էր՝ ծածկելու իշխանափոխութեան նպատակը, որպէսզի հետապնդուէր «խաղաղութեան» օրակարգը։
Նիկոլական շարժումը ճիշդ այդ օրակարգին համար պատրաստուած էր արտաքին ուժերու (իմա՛ Արեւմուտք, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան) դաստիարակութեամբ, խորհրդատուութեամբ եւ յատկապէս քաղաքական ու նիւթական աջակցութեամբ։ Աւելի քան քսան տարուան պատրաստութեան պատմութիւն կայ այս բոլորի ետին, որուն շան գլուխը կը սկսի առաջին նախագահով։
«Խաղաղութեան» օրակարգը այլ բան չէր, եթէ ոչ ներսէն կազմաքանդել Հայաստանի բարոյական արժէքները, մշակութային ըմբռնումները եւ ընկերութեան միասնականութիւնը հիւսող թելերը, որպէսզի իրականացուին թրքական կողմի հակահայաստանեան ծրագիրները։ Արեւմուտքի շահն էր Հայաստանը տկարացնելով մէկ կողմէ հարուածել Ռուսաստանը, միւս կողմէ թրքական կողմը գոհացնել Հայաստանի հաշւոյն։
«Խաղաղութեան» օրակարգին առաջին յաղթանակը եղաւ 44-օրեայ պատերազմին Հայաստանի պարտութիւնը՝ քայքայելով Արցախի ամբողջականութիւնը եւ հարցականի տակ դնելով անոր ինքնիշխան գոյութիւնը։
Ուրեմն նոյեմբեր 10 2020-ին պատերազմի աւարտով նիկոլական «խաղաղութեան» օրակարգը մեկնարկեց իր ոդիսականը։ Թրքական կողմին համար այս ոդիսականը տուն պիտի հասնի իր պատկերացուցած հայկական բոլոր զիջումներու ձեռքբերումով։ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի համար ոդիսականը պիտի աւարտի այն ատեն, երբ Հայաստան իրենց հաշւոյն տալիք չունի այլեւս։
Իշխանութիւնը, սակայն, ոչ մէկ հակակշիռ ունի իր «խաղաղութեան» օրակարգին վրայ, որպէսզի կարենայ հետեւիլ այս ոդիսականին ու մասնաւորապէս պատկերացնել անոր աւարտին Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին վճարելիք գինը։
Սոչիի հանդիպումը տակաւին մէկ անվերջանալի արարն է այս ոդիսականին։ Սակայն որքան ալ երկարին արարները, բոլորին վերեւ պիտի յարատեւէ Արցախեան հարցի սաւառնումը։
Այնքան ատեն, քանի դեռ Արցախը գոյութիւն ունի, այս ոդիսականը տուն՝ Հայաստան, պիտի հասնի Արցախի ինքնիշխանութեան ճամբով։ Քանի որ չկայ Հայաստան առանց Արցախի, ինչպէս չկայ Արցախ առանց Հայաստանի։ Այս բանաձեւումին մէջ է հայութեան յաղթանակը։ Հետեւաբար մերժելի է այն երկընտրանքը, որ նիկոլական շարժումը մեր ժողովուրդին առջեւ դրած է ու կը շարունակէ պնդել՝ Հայաստա՞ն, թէ՞ Արցախ։
Նիկոլական շարժումը քաղաքական իմացականութենէ դատարկուած, գաղափարական լիցքաւորումէ անտեղեակ եւ հայրենասիրութեան ըմբռնումէ զուրկ ամբոխ մըն է։
Հայրենիքը ունի իր տրամաբանութիւնը, եւ հայրենասիրութիւնը ունի իր բանականութեան կշռոյթը, ուր անհամատեղելի է «Հայաստա՞ն, թէ՞ Արցախ» ընտրանքը։
Իբրեւ հայ չես կրնար Հայաստանի հետ ըլլալ եւ միաժամանակ ըլլալ Արցախի դէմ։ Չես կրնար Արցախի հետ ըլլալ եւ միաժամանակ ըլլալ Հայաստանի դէմ։ Եթէ հետն ես, հետն ես երկուքին։ Եթէ դէմն ես, դէմն ես երկուքին։
Սեդօ Պոյաճեան