կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-05-27 14:10
Հասարակություն

Արցախի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Կը Շարունակէ Լիբանան Այցելութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Կը Շարունակէ Լիբանան Այցելութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան, արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան 25 եւ 26 մայիսին շարունակեցին իրենց տեսակցութիւնները տարբեր անձնաւորութիւններու եւ կառոյցներու պատասխանատուներու հետ: Անոնց ընկերակցեցան Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Նարպէյ Տէր Մկրտչեանը եւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի խորհրդական Կարէն Վանեանը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Լատոյեանն ու տոքթ. Էլի Թաշճեանը:

Հանդիպում` Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ

Հինգշաբթի, 26 մայիսին, Անթիլիասի մայրավանքի գրասենեակին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը` իր կողքին ունենալով Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:

Հանդիպման ընթացքին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահն ու պատուիրակութիւնը Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայացուցին Արցախի պարզած ներկայ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց պահանջները:

Վեհափառ հայրապետը` ողջունելով ներկաները, յիշեցուց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ եղած է Արցախի ժողովուրդի կողքին եւ զօրակից անոր կամքը արտայայտող ինքնիշխանութեան` զայն նկատելով ժողովուրդի իրաւունքը, թէ՛ պատմական եւ թէ՛ իրաւական առումով: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն եւ ժողովուրդին ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին:

Տեսակցութիւն` ՀՅԴ Լիբանանի

Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ

Լիբանան գտնուող Արցախի պատուիրակութիւնը 26 մայիսին հանդիպեցաւ «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ տեսակցեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ողջունեց Արցախի պատուիրակութիւնը եւ շեշտեց 44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախի ուղղութեամբ ՀՅԴ-ի Լիբանանի կառոյցներուն աշխատանքները շարունակելու հրամայականը:

Իր կարգին, պատուիրակութեան անունով Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին` ջերմ ընդունելութեան համար, եւ պատուիրակութեան անունով արժեւորեց լիբանանահայ համայնքին եւ յատկապէս Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցներուն տարիներու վրայ երկարող անսակարկ աշխատանքները` Արցախի Հանրապետութեան կայացման առումով:

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

25 մայիս 2022-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան` իրեն հետ ունենալով Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանը եւ փոխատենապետ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը, ընդունեց Արցախի պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին արծարծուեցան Արցախի ներկայ զարգացումները: Լիբանանի գաղութի հոգեւոր, կրթական, ընկերային եւ միութենական կեանքին մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւններու ներկայացումէն ետք, հիւրերը առիթ ունեցան հիմնական տեղեկութիւններ տալու Արցախի մէջ տիրող ներկայ կեանքի պայմաններուն մասին: Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ քննելու Հայաստան-Արցախ-լիբանանահայութիւն գործակցութեան կարելիութիւնները, որոնք առաւել եւս պէտք է զարգանան` ի խնդիր մեր ժողովուրդի վերելքին եւ ինքնութեան պահպանումին, հակառակ համընդհանուր տագնապներուն: Ներկաները նաեւ շեշտեցին, որ անցեալին Արցախ-Լիբանան փոխադարձ զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնները կու գան անգամ մը եւս ապացուցելու, որ աշխարհագրական սահմաններէն անդին ազգովի միակամ ենք:

Աւետարանական Համայնք

Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան վարչութեան հետ` ներկայութեան վարչութեան անդամ վերապատուելիներ Հրայր Չոլաքեանի, Նշան Պագալեանի, Սելիմ Սապունճիի, պատուելիներ Ժիրայր Ղազարեանի, Սեպուհ Թերզեանի, Տաթեւ Պասմաճեանի, դոկտ. Արտա Էքմեքճիի եւ Կարպիս Տեկիրմենճեանի:

Լիբանանի Մէջ

Հայաստանի Դեսպանատուն

25 մայիսին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի եւ դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմին հետ:

Հանդիպման ընթացքին ծաւալած ջերմ ու բարեկամական զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան հայութիւնը յուզող օրակարգային հարցեր, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները:

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Արցախի բարձրաստիճան հիւրերը այցելեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր ընդունուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի կողմէ, որ ծանօթացուց շրջանը եւ անոր բարօրութեան ու զարգացման նպատակով ի գործ դրուած աշխատանքները: Քաղաքապետը դիտել տուաւ, որ, թէեւ նախորդ տարիներուն դժուար պայմաններէ անցաւ երկիրը, նաեւ` Պուրճ Համուտը, սակայն մնայուն փորձ կը կատարուի հայութեան այս ամրոցը կանգուն պահելու:

Արցախի հիւրերը իրենց կարգին անդրադարձան արցախեան վերջին զարգացումներուն:

ԼՕԽ

Լիբանան գտնուող արցախեան պատուիրակութիւնը հիւրընկալուեցաւ նաեւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ` ներկայութեան ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեանի, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեանի, վարչութեան անդամներուն եւ կեդրոնի տնօրէն Նազելի Աւագեանի:

Արցախի պատուիրակութեան անդամներուն ներկայացուեցան լիբանանահայ համայնքին մէջ ԼՕԽ-ի ծաւալած բարեսիրական աշխատանքները եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի մարդասիրական գործունէութիւնը:

Արցախի պատուիրակութեան անդամները բարձր գնահատեցին գաղութին մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու ազգանուէր ծառայութիւնը եւ Հայաստանին ու Արցախին մատուցած օժանդակութիւնը:

Վերջիններս անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք անքակտելի կապին ու համագործակցութեան, որուն կարիքը ունի այսօր Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդը:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետը հաստատեց, որ պիտի շարունակեն սատարել Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին, որպէսի շրջանցեն առկայ տագնապալի իրավիճակը եւ թեւակոխեն նոր ու խաղաղ ժամանակաշրջան:

Պատուիրակութեան անդամները ծանօթացան կեդրոնին մէջ իրականացուող աշխատանքներուն:

Հայկական Վարժարաններ

25 մայիս 2022-ին, Ազգային միացեալ վարժարան այցելեցին Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անդամները, որոնք վարժարանի տնօրէնութեան հետ զրուցեցին Արցախի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին մասին, ինչպէս նաեւ կրթական ոլորտին մէջ փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւններու մասին: Ապա` հիւրերը առիթը ունեցան շրջագայելու վարժարանին մէջ եւ ծանօթանալու վարժարանին զանազան բաժանմունքներուն:

26 մայիս 2022-ին, պատուիրակութիւնը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան այցելեց եւ` վարչական պատասխանատու Դաւիթ Գազանճեանի ընկերակցութեամբ, շրջեցաւ Ճեմարանի զանազան բաժինները եւ հանդիպում ունեցաւ երկրորդական բաժինի Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտութեան հետ:

aztagdaily.com