Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մի քանի ժամէն կը հասնի Լոս Անճելըս, ուր համախմբուած են հայահոծ եւ քաղաքականօրէն գործօն գաղթօճախներ։
Ճիշդ չէ ի սկզբանէ գնահատանք կատարել վարչապետի այցելութեան մասին։ Բայց իր այցելութեան նախօրէին նոյնինքն վարչապետին եւ իր թմբկահարներուն յայտարարութիւնները արդէն իսկ սահմանած են այս այցելութեան առաքելութիւնը։
Ըստ վարչապետին, Լոս Անճելըսի մէջ «Մենք յոյս ունենք, որ կը քննարկենք այն օրակարգը, որի մասին խօսել ենք Ստեփանակերտի հաւաքի ժամանակ, յոյս ունեմ՝ այս օրը լաւ ու ջերմ, հզօր հայկական հաւաք կազմակերպել Լոս Անջելեսում, որը ոմանք արդարացիօրէն անուանում են Սփիւռքի մայրաքաղաք:»
Այլ խօսքով, վարչապետը կու գայ իր Հայաստանեան օրակարգին քարոզչութիւնը կատարելու Սփիւռքահայերուն, որոնք ունին իրենց սեփական օրակարգը, ուր գերիշխող կը հանդիսանան համրանքի պահպանումը, կառոյցներու յաւելեալ ամրացումը, քաղաքական պահանջատիրութիւնը եւ Հայ Դատը։ Օգոստոս 5-ին Ստեփանակերտի մէջ վարչապետին խօսած օրակարգը առանց գործնական ծրագիրներու փուչիկներու հաւաքածոյ մըն էր՝ զուրկ սփիւռքեան օրակարգի հիմնական առաջադրանքներէ։ (Տակաւին չենք խօսիր իր ելոյթին քաղաքական յետին նպատակներուն մասին։)
Եթէ Լոս Անճելըսի մէջ վարչապետը պիտի խօսի իր Ստեփանակերտեան օրակարգին մասին միեւնոյն բովանդակութեամբ եւ ոճով, իր պատգամը պիտի ըլլայ պարզապէս կրկնութիւնը միեւնոյն յեղյեղուկ եւ ուռուցիկ խօսքերու։ Փաստօրէն, նման խօսքեր սեփական իշխանութիւնը քարոզելու անհիմն լոզունգներ են, որոնք պէտք է խնայուին Սփիւռքին ։
Անշուշտ Լոս Անճելըսի մէջ կան իրենք իրենց գաղութի ղեկավարը ըլլալու յաւակնոտներու այն խմբակները, ուր վարչապետին խօսքերը պիտի ընկալուին ցնծութեամբ։ Այս շրջանակի մարդիկը արդէն իսկ կը փորձեն նոյնանալ վարչապետի խօսքերուն հետ։ Եւ պատճառ ունին նոյնանալու, որովհետեւ վարչապետը ի՛նքը այդ յաւակնոտութիւնը կը ներշնչէ այսպիսի մարդոց, երբ նախ քան այցելութիւնը կը յայտարարէ, թէ «Լոս Անջելեսը ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութեան աջակցութեան ամենակարեւոր կենտրոններից մէկն էր:»
Վարչապետը Լոս Անճելըսի ճամբով քաղաքական դրամագլուխ կորզելու առաքելութեան լծուած է, ճիշդ այնպէս ինչպէս կ՚ակնկալէր իր Ստեփանակերտ այցելութենէն։
Նոյն քաղաքական դրամագլուխին ակնկալութիւնը ունին նաեւ վարչապետին Լոս Անճելըսեան թմբկահարները, յուսալով որ վարչապետին փէշերէն կախուելով կը շրջանցեն սփիւռքեան օրակարգը, կառոյցներն ու մտահոգութիւնները, եւ կը հաստատեն իրենք իրենց իբրեւ գաղութի նոր ղեկավարներ։
Արդարացնելու համար կատարուողը եւ կատարուելիքը, վարչապետի այցելութիւնը պատեհութիւն համարող որոշ մարդիկ կը փորձեն պահուըտիլ ազգային եւ համահայկական օրակարգերու շղարշի ետին։ Օրակարգեր՝ որոնց ըմբռնումը, սահմանումը եւ գործադրումը կը խուսափի այսպիսի մարդոցմէ, ինչպէս եւ հայրենի պետական այրերէն։ Այս հիմնական օրակարգերու լոզունգային շահագործումը արուեստի վերածած նոյն շրջանակներու առաջին ու վերջին մտահոգութիւնը ապահովել է քաղաքական եւ ինչու չէ նաեւ նիւթական դրամագլուխ։
Ցաւալին, այս բոլորի մէջ այն է, որ հայրենի ղեկավարութիւնը կը վերադառնայ Սփիւռքը պառակտելու եւ պառակտուած գաղթօճախներուն տիրելու պոլշեւիկեան եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանական օրերու տրամաբանութեան ու գործելակերպին։ Եւ ինչպէս անցեալին, նաեւ ներկայիս, սփիւռքեան հարթակի վրայ կը ցցուին մարդիկ, որոնք ոգի ի բռին լծուած են այդ յոռի գործընթացին։
Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ փոխադարձ վստահութեան առաջադրութիւնը կենսական է, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել մեր թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին միասնութիւնը։
Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ փոխադարձ վստահութեան ազգային սկզբունքը ներքին հայրենական թէ ներքին սփիւռքեան խնդիրներու առնչութեամբ տարբեր, տարակարծիք կամ ուղղակի հակադրուող կեցուածներով կարելի չէ սահմանել, ինչպէս եւ կարելի չէ սահմանուիլ անոնցմով։
Ցանկալի է որ վարչապետի այցելութիւնը այդ փոխադարձ վստահութեան սկզբունքէն մեկնի։ Ցաւալի է որ ցարդ տեսանելի է միայն այդ սկզբունքէն շեղումը։
Ակնյայտօրէն, լոզունգներու տեղատարափին տակ վարչապետն ու իր համախոհները կը նուագեն Սփիւռքի մէջ կարծեցեալ «յեղափոխութեան» մը մեղեդին, որ նոյնքան կեղծ ու երեւակայածին է Սփիւռքի համար, որքան որ էր Հայաստանի պարագային։
Սփիւռքը շատոնց յեղափոխականացած եւ քաղաքականացած է։ Այդ գործընթացը կը շարունակուի առաւել կամ նուազ չափով։ Այս առումով, Սփիւռքը կարիքը չունի օտար շրջանակներէ սրսկուած արուեստական յեղափոխութիւններու, որոնց միակ նպատակադրումը մեր գաղթօճախներու ինքնութեան պահպանման եւ քաղաքական պահանջատիրութեան տարտղնումն է։
Ափսոս, որ վարչապետի Լոս Անճելըս այցելութիւնը կրնայ վերածուիլ որակական ձախողութեան։
Սեդօ Պոյաճեան
Լոս Անճելըս