կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-03-14 13:20
Քաղաքական

22 նորագիրներ կը միանան ՀՅԴ արեւմտեան Ամերիկայի շարքերուն

12 մարտ 2022-ին դաշնակցական արդարահատոյց Միսաք Թորլաքեանի շիրիմին շուրջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ արեւմտեան Ամերիկայի շարքերուն միանալու 22 նորագիրներու Երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը, ներկայութեամբ աւելի քան 150 հայրենակիցներու եւ ընկերներու: Առաջին անգամ ըլլալով, արարողութիւնը կենդանի կը սփռուէր ՀՅԴ արեւմտեան Ամերիկայի առցանց էջերուն մէջ եւ հրապարակային էր՝ հայ հասարակութեան համար:

Նախ՝  ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին յիշատակը Դաշնակցութեան անցեալի եւ նորօրեայ նահատակներուն:

Ապա՝ Մոնթեպելլոյի հոգեւոր հովիւ տէր Աշոտ քահանայ Գամպուրեան կատարեց տէրունական աղօթքով օրհնութիւն:

Ներկաներուն կողմէ Հ.Յ. Դաշնակցութեան քայլերգ «Մշակ, բանուոր»-ի երգեցողութենէն ետք Նորագիրներու դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ բացման խօսքը կատարեց ընկ. Սարգիս Տաղտէվիրեան, որ նաեւ ներկայացուց թեկնածուներուն ցանկը եւ յայտնեց, որ Արցախի ներկայ ճգնաժամային կացութիւնը նկատի առած, երդուողներու այս խումբը կը կոչուի «Արցախ»-ի սերունդ:

Երդման արարողութեան կնքահայրն էր ընկ. Պարոյր Յակոբեան, որ Իրաքի մէջ Դաշնակցութեան ճամբով, երկար տարիներ տարած էր ազգային ու հասարակական գործունէութիւն: Ընկ. Պարոյր խօսքը ուղելով երդումի թեկնածուներուն, ի միջի այլոց, ըսաւ. «Ծանօթանալէ ետք Դաշնակցութեան պատմութեան, Ծրագիրին եւ Կանոնագիրին այժմ դուք ծանր լուծի տակ կը մտնէք, որ ծանր ըլլալով հանդերձ քաղցր է ու հպարտացնող, որովհետեւ այդ հայ ժողովուրդին դատին անսակարկ նուիրումի ու ծառայութեան համար է»:

Երդումէն առաջ, ընկ. Պարոյր թեկնածուներուն յայտնեց, որ «եթէ իրենցմէ որեւէ մէկը կը կարծէ թէ պատրաստ չէ դաշնակցական դառնալու, ասիկա վերջին առիթն է հեռու կենալու»: Բոլոր թեկնածուներն ալ անփոփոխ պահեցին իրենց ՀՅԴ շարքերը անցնելու որոշումը:

Հետեւեցաւ Երդումը ընկ. Պարոյրին առաջնորդութեամբ.

«Կ’երդնում պատւոյս եւ հայրենիքիս վրայ՝ միշտ հաւատարիմ մնալ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Ծրագրին, Կանոնագրին ու որոշումներուն եւ բոլոր ուժերովս – իսկ եթէ հարկ ըլլայ՝ նաեւ կեանքիս գնով – ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին»:

Երդումին յաջորդեց Հայաստանէն Համբիկ Սասունեանին ձայնագրուած շնորհաւորանքը եւ պատգամը երդուեալներուն, ուր նաեւ շեշտեց. «Դաշնակցութիւնը խօսող չէ, այլ ծառայող է եւ օրինակով կ’առաջնորդէ իր անդամներն ու մեր ժողովուրդը: … Յուսամ մօտ ապագային ձեզ կը տեսնեմ Հայաստանի մէջ»:

ՀՅԴ արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը անգլերէնով յղեց ընկ. Քրիս Քէոսեան, որ իմաստաւորեց Միսաք Թորլաքեանի շիրիմին շուրջ Երդումը կատարելը եւ անոր անձին ազնուական նկարագրին ընդմէջէն զոհաբերութիւնը, նուիրումը եւ անշահախնդրութիւնը կարեւորեց Հ.Յ. Դաշնակցութեան շարունակական հեղինակութեան: Յիշեցուց, թէ որպէս ՀՅԴ-ի անդամներ միշտ պիտի առաջնորդուին Ծրագիրով եւ Կանոնագիրով: Աւելցուց նաեւ. «Ներկայի ճակատագրական օրերուն, երբ մեծ կորուստներ ունինք Արցախի մէջ եւ մեր պատմական թշնամիները վտանգած են հայրենիքի սահմանները, մեր ժողովուրդը ձեզի պէտք ունի ամէն ատենէ աւելի եւ ժամանակն է նոր զարթօնքի, որ կը սկսի ձեզմէ. իսկ բոլորս միասին, այստեղ հարկ է վերցնենք նուիրումի յանձնառութիւնը մեր ժողովուրդին ազնիւ դատին»:

«Վէրքերով լի» յեղափոխական երգով եւ օրուան կնքահայրին ու նոր երդուածներուն կողմէ Միսաք Թորլաքեանի շիրիմին վրայ ծաղիկներ զետեղելով աւարտեցաւ երդման արարողակարգը: