կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-05-31 11:52
Աշխարհ

82 Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ-ի Շարքերուն

82 Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ-ի Շարքերուն

Հինգշաբթի, 28 մայիսի երեկոյեան 82 նորագիրներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան ՀՅԴ-ի Լիբանանի կազմակերպութեան շարքերուն` ՀՅԴ ԶՈՄ-էն, ԼԵՄ-էն եւ շրջաններէն:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանելէ ետք Մելիք Գարագաւորեան ներկայացուց նորագիրները, ապա հրաւիրեց երդման արարողութեան: Օրուան կնքահայրն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան դիտել տուաւ, որ այսօր արտասովոր պայմաններ կը տիրեն աշխարհին մէջ, փոխուած են արժէքները, իսկ հայկական իրականութեան մէջ կը քանդուի արժէքային համակարգը:

«Աշխարհով մէկ ու նաեւ հայ կեանքին մէջ արդիականութեան եւ այսպէս ասած համամարդկային մտածողութիւն ձեւաւորելու պատրուակով ծրագրուած կերպով պայքար կը շղթայազերծուի մեր ազգային արժէքներուն, գաղափարական արժէքներուն, կազմակերպական արժէքներուն ու Հայ դատի պայքարը ուժական եւ ապրող պահելու մեր կամքին դէմ: Տնտեսական-ելեւմտական տագնապը իր ճնշող բնոյթով դիմափոխած է հպարտութիւնը հայ մարդուն, որ երբեմն կը տարուի հայ անհատին արժանապատուութիւնը ոտնակոխելու` պատրաստ ըլլալով հաւաքական մեր կամքն իսկ հարուածելու», ըսաւ Յ. Բագրատունի` շեշտելով, որ այս տխուր իրականութիւնը մերժող, առինքնող, բայց միաժամանակ պոռթկումի համահաւասար եղելութիւն մըն է այն, որ, հակառակ այս բոլորին, 82 երիտասարդուհիներ եւ երիտասարդներ եկած են երդում տալու եւ միանալու ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն: Ան դիտել տուաւ, որ նորագիրները իրենց համոզումով ու հաւատքով կու գան նոր ուժ տալու պայքարի Դաշնակցութեան զինամթերքին, ու միաժամանակ նոր աւիւն ու կենդանարար աւիշ ներմուծելու 130-ամեայ Դաշնակցութեան:

Օրուան կնքահայրը լուսարձակի տակ առաւ այն, որ կուսակցութեան շարքերուն միանալ ուզողը պէտք է ինքնիրեն հարցումներ ուղղէ եւ լաւապէս գիտնայ, որ դաշնակցական ըլլալով ոչ մէկ ակնկալութիւն պէտք է ունենայ Դաշնակցութենէն, ոչ մէկ շահադիտական մօտեցում կամ անձնական շահ ապահովելու ցանկութիւն, այլ ամբողջական պատրաստակամութիւն ծառայելու ազգին ու հայրենիքին. «Դաշնակցութենէն ոչինչ ունիք առնելիք, այլ պարտաւոր էք միայն տալ, անսակարկ ու նուիրումով, լուռ եւ առանց տրտունջքի: Ոչ մէկ առաւելութիւն ունիք մեր ժողովուրդի ամէնէն համեստ հայրենակիցին իսկ բաղդատաբար: Ձեր առաւելութիւնն ու արժէքը, դաշնակցական ըլլալու արժէքը ձեր անվերապահ զոհողութեան մէջ է, անվերապահ ծառայութեան մէջ է: Գիտցէ՛ք նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը խոնարհներու, ազնիւ մարդոց, աշխատանքի նուիրեալներու, համեստ անհատներու, Հայաստանով եւ հայութեամբ այրող հոգիներու կազմակերպութիւնն է», շեշտեց Յակոբ Բագրատունի: Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութեան միանալու որոշում տուողին երդումը երդում է հայութեան եւ Հայաստանի համար, երդում է արժեցնելու եւ ապրեցնելու մեր նահատակ ընկերներուն կտակը, երդում է, որ, ի գին ամէն բանի եւ եթէ հարկ ըլլայ կեանքի գնով, պաշտպանելու Հայաստանն ու հայութիւնը:

28 մայիս 2020-ին երդում տուող փաղանգը կոչուեցաւ «Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի փաղանգ»:


Ապա նորագիրներուն իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն մէջ երիցագոյն դաշնակցական Երուանդ Փամպուքեան, որ ողջունեց նորագիրները Դաշնակցութեան սեմէն ներս: Ան շեշտեց, որ Հայաստանի նորագոյն անկախացումը, Արցախի ազատագրութիւնը շատ շատ կարեւոր փուլեր են մեր Դատի վախճանական լուծման տեսակէտով: «Դաշնակցութեան Ծրագիրը եւ Ընդհանուր ժողովներուն որոշումները այնպիսին են, որ ՀՅԴ-ն պիտի աշխատի եւ պայքարի, մինչեւ որ իրականանայ ոչ թէ իր, այլ համայն հայութեան վախճանական նպատակը` կերտումը ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի: Այսօր ազատ է Հայաստանը, անկախ է, բայց միացեալ չէ», ըսաւ Փամպուքեան` նշելով, որ ասիկա կրնայ բաւարարութիւն տալ շատ շատերու, որոնք ամէն անգամ Հայաստան այցելելով իրենց սեփական աչքերով կը տեսնեն երազային Արարատը, որ սակայն Հայաստանի սահմաններէն դուրս է` աւելցնելով, որ ասիկա Դաշնակցութեան նպատակին մէկ մասն է միայն: Երուանդ Փամպուքեան յայտնեց, որ ազատ ու անկախ Հայաստանը այսօր կը կարօտի շատ մեծ բարեկարգումներու` առնուազն ապահովելու մեր ժողովուրդին բարօրութիւնը, այնտեղ ապրող հայութեան արժանապատիւ կեանքը, որ, ցաւ ի սիրտ, հեռու է իրականութիւն ըլլալէ: Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութեան պայքարին մաս կը կազմէ նաեւ այն, որ իսկապէս ժողովրդավար եւ ընկերվարական կարգեր հաստատուին Հայաստանի մէջ, որպէսզի հոն ապրող եւ չապրող հայը հպարտ զգայ Հայաստանով:

«Բայց եւ այնպէս ասով չ՛աւարտիր մեր տեսլականը, մեր ուխտին մաս կը կազմէ միացեալ Հայաստանը: Փոքր փուլ մը յաղթահարած ենք` Արցախի միացումը Հայաստանին, սակայն կան տակաւին պապենական հողեր, յափշտակուած, որոնք պէտք է դառնան եւ միանան Հայաստանին», շեշտեց Փամպուքեան` աւելցնելով, որ ասիկա երեւակայածին չէ, այլ կարելի է վճռակամութեամբ նուաճել` աւելցնելով, թէ տասնեակ տարիներ առաջ երազային կը թուէր նաեւ անկախ ու ազատ Հայաստան ունենալը, բայց այսօր ատիկա արդէն իրականութիւն է, ուրեմն շարունակուող եւ յարատեւ պայքարով` միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստան ունենալը եւս կարելի է իրականացնել:

aztagdaily.com