կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-02-18 23:45
Հասարակություն

Արցախի շարժման մոլուցքով

Արցախի շարժման մոլուցքով

34 տարի առաջ էր, այս օրերուն, Ստեփանակերտի մէջ, Արցախի հայութիւնը քայլարշաւներով եւ հաւաքներով պոռթկաց, պահանջելով դուրս գալ Ատրպէյճանի կազմէն եւ միանալ Մայր Հայաստանին։

Անարդարօրէն Հայաստանէն խլուած եւ Ատրպէյճանին յանձնուած այս սուրբ հողն ու անոր քաջարի բնակիչները ոտքի ելած էին միակամ եւ վճռական։ Ազգային նոր զարթօնքի պահը հնչած էր։

1988-ի փետրուարեան այդ ցուրտ օրերուն, երբ արցախեան իւրայատուկ ձիւնն ու սառնամանիքը բնութեան ցասումն ալ կ’ընկերացնէ ժողովուրդի պոռթկումին, 1918-ի մայիսեան զանգերու ղօղանջէն տարբեր պատկեր մը ստեղծած էին, սակայն սուրբ նպատակն ու խրոխտ կամքը միեւնոյնն էին, այսինքն՝ Արցախը տասնամեակներ ետք նոյն ոգիով կ’արձագանգէր Սարդարապատին, նաեւ Էրզրումէն հնչած ձայնին…։

Աւելի քան 30 տարի ետք, դժբախտ իրականութիւն է, որ 44-օրեայ պատերազմին արձանագրուած պարտութենէն ետք, հայրենի այժմու ղեկավարութիւնը այլանդակ շրջադարձ մը կատարած է 1988-ին բացուած ուղիէն եւ կիրարկած անողնայար, անհեռատես եւ թափթփած քաղաքականութեամբ մրցումի ելած է ինք իրեն հետ՝ փոշիացնելու սուղ իրագործումները:

1988-ին վերընձիւղուած Արցախեան ազգային-ազատագրական շարժումը լոկ անջատողական շարժում չէր, ծաւալապաշտ ձգտումներով տոգորուած տարածքի համար կռիւ չէր, այլ արդար պայքար՝ ազատութեան եւ անկախութեան համար, նորագոյն քայլ մը՝ հայկական հողերու հաւաքին:

Ընդհակառակը, դարաւոր թշնամին էր, որ մութ բայց աղաղակող հաշիւներով կը փորձէր հայկական հողեր գրաւել եւ սեղմել օղակը, ի վերջոյ կերտելու համար Պոլիսէն մինչեւ կեդրունական Ասիա երկարող «համաթուրանական մայրուղի»-ն։ Յստակ էր, թէ այդ ծրագիրը իրականացնելու համար, աշխատանք կը տարուէր նմանապէս հայութէնէ արմատախիլ եղած եւ «մարսուած» Նախիջեւանի մօտակայ շրջաններէն (Սիսիան, Կապան, Վայք) ներս, որպէսզի թուրքեր եւ ազերիներ բնակութիւն հաստատեն եւ ի վերջոյ դառնան այդ տարածաշրջանին տէրն ու տիրականը։ Ազերիական «բջիջներ» սկսած էին կազմուիլ եւ անհանգստացնել շրջանի բնակչութիւնը։

Արցախեան Շարժումը յաջողութեամբ գլուխ հանեց բուռն պայքարը՝ ընդդէմ «համաթուրանական մայրուղի»-ի կործանարար ծրագրին. կրկնակիօրէն դժուարին առաքելութիւն, որովհետեւ հայրենիքը դեռ Խորհրդային Միութեան տիրապետութեան տակ կը գտնուէր։ Այսօր, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, դժբախտաբար միեւնոյն արհաւիրքը կը շարունակուի վերանորոգ ձեւով, այս անգամ Սոթքի, Սեւ Լիճի եւ այլ շրջաններու իւրացմամբ։

Արցախցիին ու ողջ հայութեան արդար եւ օրինական քայլերուն դէմ հետեւողականօրէն գործեց Ատրպէյճանը, սկսելով Պաքուի եւ Սումկայիթին մէջ բնակութիւն հաստատած հայերու կոտորածէն, մինչեւ ծանր հրետանիով եւ օդուժով՝ Ստեփանակերտի անմեղ բնակչութեան վրայ կոյր ռմբակոծումները, սակայն հայութիւնը շուրջ 30 տարի դիմադրեց, եւ կարելի եղաւ կացութիւն շրջել եւ դուրս գալ այդ պարտուողի եւ լուծի տակ մնացողի բարդոյթէն։

Մօտաւորապէս մէկ ու կէս տարի առաջ, պատահեցաւ անսպասելին եւ անըմբռնելին. փոխան գերակայութեան բարդոյթին, անվստահութիւնը, սեփական վախն ու անկարգութիւնն են, որ կը տիրապետեն։ Ո՛չ միայն նսեմացած է կարողականութիւնը, այլ արձակուրդի ղրկուած է վճռակամութիւնը՝ որոշում տալու ունակութիւնը (decision making)։

Նոր էջ մը բանալու եւ խաղաղութեան չհիմնաւորուած երազներու քողին ետին պահուըտելով, Երեւանի ղեկը գրաւողները առանց նախապայմանի սեղան նստած են Թուրքիոյ հետ, որ սակայն յստակ նախապայմաններով ներկայացած է նոյն սեղանին՝ կարճ ու կտրուկ՝ «Ո՛չ Ցեղասպանութիւն, Ո՛չ Արցախ» յանկերգներով։

Դժբախտաբար, անցեալ 34 տարիներուն, առաւել կամ նուազ չափով թերացանք լիարժէք տէր կանգնելու Արցախեան Շարժումով ստեղծուած հզօրութեան, իսկ 44-օրեայ պատերազմին՝ հող, զէնք, զինամթերք եւ կեանքեր ու… կամք կորսնցուցինք։ Վարդանանց հերոսամարտի տօնի նախօրեակին, Թուր Կէծակին ոչ միայն պատեանին մէջ պահած ենք, այլ դիտմամբ կորսնցուցած ենք։

Կարելի՞ է այս դրութենէն դուրս գալ։

Անկասկա՛ծ։ Կարելի է վերստին զարթնուլ եւ ճակատաբաց, ամենայն արժանապատուութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ վերակերտել, շարունակե՛լ 34 տարի առաջ սկիզբ առած Արցախեան Շարժումը, որպէսզի անկէ անդին՝ սեւեռինք մեր դատի բոլոր հորիզոններուն:

«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

hairenikweekly.com