կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-02-06 16:57
Հասարակություն

Բայց մենք ժամանակ ունի՞նք կորսնցնելու

Բայց մենք ժամանակ ունի՞նք կորսնցնելու

Անցնող շաբաթավերջին դրուեցայ անպայման գեղարուեստական ժապաւէն մը դիտելու առաջարկի մը դէմ յանդիման: Այդպիսի ախորժակներ երկար ատենէ ի վեր մարած են շատերու մօտ. նոյնը ի զօրու է իմ պարագային: Սակայն առաջարկողին կարելի չէր մերժել, մանաւանդ որ ֆիլմին ընտրանքը ե՛ս պիտի կատարէի: Կ’երեւի Հայաստանի ներկայ քաղաքական-հասարակական անցուդարձերու ազդեցութեան տակ միտքս գնաց Կոստաս Կավրասի նախորդ դարու վաթսունական թուականներու (1969) «Z» գլուխ գործոցին, որուն «գիրերու բաժին»ի (այդպէս կը կոչէնք ժապաւէնը, զայն պատրաստողներն ու դերասանները ներկայացնող սկզբնական մասը) վերջաւորութեան կը կարդայինք, թէ «ամէն նմանութիւն իրական դէպքերու, մահացած կամ կենդանի դէմքերու հետ պատահականութեան արդիւնք չէ»:

Նիւթը աւելի քան թափանցիկ կերպով կը վերաբերի նոյն տասնամեակի սկիզբը Թեսաղոնիկէի (Սելանիկ) մէջ Յունաստանի խորհրդարանի միջազգային խաղաղապաշտ շարժումի համակիր երեսփոխան՝ Գրիգորիս Լամպրաքիսի դաւադրօրէն կազմակերպուած սպանութեան. մանաւանդ՝ ոճիրին յաջորդող հետաքննութեան: Երիտասարդ հետաքննիչը (դերասան՝ Jean-Louis Trintignan), հակառակ բարձրաստիճան պետական այրերու եւ պաշտօնեաներու կողմէ գործադրուած բոլոր ճնշումներուն, անշեղ կերպով անսալով միայն իր իրաւաբանական խիղճին, հետաքննութեան աւարտին երեսփոխանի սպանութեան համար կ’ամբաստանէ ոստիկանապետն ու պետական սպասարկութիւններու այլ պաշտօնեաներ: Կ’ամբաստանուի փաստօրէն պետութիւնը:

Իրական կեանքին մէջ, հետաքննիչ երիտասարդ դատաւորը Խրիստոս Սարծետակիսն էր, որ երէկ կնքեց իր մահկանացուն՝ 93 տարեկան հասակին: Լամպրաքիսի ոճիրը պատահած էր 1963ի մայիսին. երկիրը այդ պատճառով իրար անցաւ, զանգուածային ցոյցեր եղան, վարչապետ Կոնստանտին Քարանալիս թագաւորական պալատին հետ իր անհամաձայնութեան պատճառով հրաժարեցաւ՝ ինքզինք Փարիզ աքսորելով: Դատը տեղի ունեցաւ 1966ի վերջաւորութեան, վճիռները արձակուեցան, պատասխանատուները ստացան իրենց պատիժները: Չորս ամիս ետք, 1967ի ապրիլ 21ին, խումբ մը գնդապետներ կատարեցին յաջող պետական հարուած մը. Խրիստոս Սարծետակիս պաշտօնանկ եղաւ, ձերբակալուեցաւ, ամիսներով բանտարկուեցաւ եւ, երբ տակաւին եւրոպական կոչուած արժէքները դեռ գոնէ եւրոպացիներուն կողմէ կը յարգուէին, եւրոպական խմբաւորումներու եւ հեղինակութիւններու պահանջով ազատ արձակուեցաւ:

Եօթ տարիներ անցան, երբ օգտագործելով զինուորական իշխանութեան Կիպրոսի մէջ կատարած ձախաւեր միջամտութիւն մը, թրքական բանակը ներխուժեց կղզի: Յունաստանի բանակայինները ճարահատ՝ քաղաքական ժամանակաւոր իշխանութիւն կազմելու համար Աթէնք հրաւիրեցին ինքնաքսորեալ Կոնստանտին Քարամանլիսը, որ երկիրը արագօրէն դրաւ ժողովրդավարացման հունի մէջ. վերջինիս երբեմնի ընդդիմադիրները սրամիտ բարձրացայնեցին՝ «լաւ որ ինքզինք Փարիզ աքսորեց եւ ոչ՝ Մատրիտ»: Սարծետակիս վերադարձաւ իրաւաբանական իր ասպարէզին: Նոր սահմադրութեամբ երկիրը դարձաւ տիպար խորհրդարանական հանրապետութիւն: Արագ գործընթացով Յունստան 1 յունուար 1981ին ընդունուեցաւ Եւրոպական Միութենէն ներս (Ֆրանսայի նախագահ Ժիսգար տ’Էսդեն կատակեց՝ «կարելի չէ Պղատոնը սպասման սրահին մէջ պահել»):

Երբ, հետագային, Կ.Քարամանլիս 1985ին հրաժարեցաւ Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնէն, իր փոխարէն նախագահ ընտրուեցաւ բարձրաստիճան դատաւոր Խրիստոս Սարծետակիս: Իբրեւ երկրի նախագահ ան բծախնդիր կերպով յարգեց եւ ուրիշներու յարգել տուաւ երկրի գերագոյն օրէնքը՝ Սահմադրութիւնը. ինչպէս շուրջ քսանամեակ մը առաջ՝ քրէական օրէնքը:

Ներկայի Հանրապետութեան նախագահուհի՝ անցեալին նոյնպէս բարձրաստիճան դատաւոր Տիկին Էկատերինի Սաքելարոփուլու 4 փետրուարին հետեւեալ գնահատանը տուաւ հանգուցեալին մասին. «Արդարադատութեան անարատ գործիչ մը, որ երկրի եւ անոր ժողովրդավարութեան համար դժուար ժամանակներու մէջ, Գրիգորիս Լամպրաքիսի սպանութեան պարագան իբրեւ հետաքննիչ ստանձնելով, օրինակելի անկախութեամբ եւ արդարադատական բարոյականով գործեց, իր կեցուածքին համար ծանր գին վճարելով զինուորական բռնատիրութեան տարիներուն»։

Մեր օրերուն, եւ ոչ միայն մեր օրերուն, իրաւամբ կը քննադատուի իշխանաւորներու կամայականութեամբ եւ այլ՝ անարտօնելի պատրուակներով յատկապէս ընդդիմադիրներու ձերբակալութիւններով ու կալանաւորումով զբաղած ՀՀ Արդարադատութիւնը:

Սակայն միաժամանակ կան նաեւ քաջարի Սարծետակիսները, որոնք նուիրումով եւ իրենց ու իրենց հարազատներու կեանքը դժուարացնելով, իրենց ազնւութեան, արդարամտութեան, խղճամիտ գիտակցութեան եւ նոյնանման ստորոգելիներու բարձրագոյն աստիճանով կու տան իրենց արդար, հետեւաբար՝ յուսադրիչ վճիռները: Վստահ չեմ, որ այլուր, նոյն պայմաններու մէջ, այդպիսիներու համեմատութիւնը աւելի բարձր ըլլայ: Մեր երկրէն գլխաւոր բացական այդպիսի որակաւորներու հանդէպ քաջալերանքի բարձրաձայն աղաղակող հասարակութիւնն է, որ թիկունք հանդսանալով անոնց, անոնց յարատեւութիւնը ապահովէ:

Դատաւորներու այդ խաւը յոյս է: Բայց մենք ժամանակ ունի՞նք կորսնցնելու: Կը կասկածիմ:

Մկրտիչ Մկրտիչեան