կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-04-15 17:42
Հասարակություն

Այս վարչախումբը դիմակազերծուած է այլեւս. Մհեր Գարագաշեան

Այս վարչախումբը դիմակազերծուած է այլեւս. Մհեր Գարագաշեան

«Հայաստանի վարչախումբին կողմէ թշնամիին տածած քծնող եւ ազգադաւ ելոյթները լուրջ հարուած կը հասցնեն Հայ Դատին»

«Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը սակարկութեան նիւթ դարձնելը աններելի մեղք է»

Ապրիլ 14-ին, «ՀՈՐԻԶՈՆ»ի խմբագրակազմի անդամ Քրիստափոր Միքայէլեան հարցազրոյց ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանին հետ Հարցազրոյցի ընթացքին Մհեր Գարագաշեան անդրդարձաւ «CAMAM» բարեսիրական կեդրոնի Օթթաուայի շէնքի գնման ու յառաջիկայ ամիսներուն կայանալիք դրամահաւաքին մանրամասնութիւններուն, ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ջանքերով Թուրքիոյ տրամադրուած գանատական ռազմական սարքերու արտահանման արտօնագրերը կասեցնելու եւ Հայ Դատի գրասենեակի նոր մարտահրաւէրներուն մասին։

Ան անդրդարձաւ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան ղեկին կառչած վարչախումբին Թուրքիոյ հետ «տարածաշրջանային համագործակցութեան» «չթշնամանանք»ի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը նսեմացնելու յայտարարութիւններուն մասին, յայտնելով, որ վարչախումբը դիմակազերծուած է այլեւս։

Ան շեշտեց, որ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գլխաւոր նպատակակէտերուն մէջ ընդգրկուած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ամրագրումն ու անցումը դէպի հատուցման հանգրուան, Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման ու բարգաւաճման ուղղուած նախաձեռնութիւնները, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի հետապնդումը եւ գանատահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։ Իսկ Օթթաուայի մէջ նոր շէնքի մը սեփականութիւնը յաւելեալ խթան պիտի հանդիսանայ Գանատայի մայրաքաղաքէն ծաւալ ստանալիք յառաջիկայ աշխատանքներուն, ի խնդիր հայութեան ու Հայոց աշխարհի նոր մարտահրաւէրներուն։

2006-էն ի վեր, Հայ Դատի գրասենեակը կը շարունակէ պահանջատիրական, բանակցային-յարաբերական ու տեղեկատուական իր առաքելութիւնը։ Իսկ այսօր, երբ ականատեսը կ՛ըլլանք թուրք-ատրպէյճանական յարձակողապաշտութեան, երբ տակաւին կը սեղմուի հայրենիքի շրջափակման օղակը, երբ կը շարունակուին պետական մեր սահմանները ձեւազեղծելու ոտնձգութիւնները, առաւել քան երբեք հրամայական դարձած է յաւելեալ թափ տալու Հայ Դատի գործունէութեան ու Օթթաուայի մէջ անոր զգալի ներկայութեան:

Մհեր Գարագաշեան յայտնեց, որ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ջանքերով Թուրքիոյ տրամադրուած գանատական ռազմական սարքերու արտահանման արտօնագրերը կասեցուեցաւ Գանատայի արտաքին գործերու նախարարութեան կողմէ։ Հայ Դատի գրասենեակը յաջողեցաւ բողոքի ալիք բարձրացնել գանատական հասարակական եւ քաղաքական ընդդիմադիր շրջանակներուն մօտ եւ հասաւ իր նպատակին։ Սակայն Հայ դատի Գանատայի յանձնախումբը պիտի շարունակէ ջանքերը` արգիլելու համար գանատական ռազմական նշանակութեամբ որեւէ արտադրանքի վաճառք Թուրքիոյ։

Ան նաեւ հաստատեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ղեկին կառչած վարչախումբին՝ թշնամիին տածած քծնող եւ ազգադաւ ելոյթները լուրջ հարուած կը հասցնեն Հայ Դատի նուաճումներուն, սեպ կը խրեն Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ եւ լրջագոյն սպառնալիք կը հանդիսանան մեր հայրենիքի ազգային անվտանգութեան:

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով՝