Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Կանայք պէտք է ըլլան բոլոր այն դիրքերուն, ուր որոշումներ կը տրուին: … Այնպէս պէտք չէ կարծել, որ անոնք բացառութիւն կը կազմեն»
Ռութ Պէյտըր Կինզպըրկ
(1933-2020, Ա.Մ.Ն.-ի Գերագոյն Դատարանի անդամ)
Պարզ անուշադրութեան հետեւանք կամ երկրորդական սխալ մը չէր եղածը՝ «Սոֆակէյթ»-ը (Ուաթըրկէյթէն ներշնչուած), որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, Ապրիլ 6-ին, Թուրքիոյ նախագահական նստավայր Սպիտակ պալատին՝ Աք Սարային մէջ, Անգարա: Անոր պատճառով, արդարօրէն յուզում բարձրացաւ, ու դեռ շա՜տ փոթորիկներ կրնան ստեղծուիլ:
Դէպքը գրաւեց լրատու աղբիւրներուն անմիջական ուշադրութիւնը։ Երբ Եւրոպական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, կազմուած՝ Եւրոխորհուրդի նախագահ տիկին Ուրսուլա Ֆոն Տէր Լէյընէ (Գերմանիա) եւ Եւրոխորհրդարանի նախագահ Շարլ Միշէլէ (Պելճիքա), ժամանած էր Անգարա, յատուկ առաքելութեամբ մը խորհրդակցելու Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ, միայն երկու աթոռ կը սպասէին հակադիր զրուցակիցներուն: Եւրոպացի երկու պատուիրակները համազօր պաշտօն ունին, եւ ահա, Էրտողան գրաւեց աթոռներէն մէկը, իսկ երկրորդին հրաւիրեց Միշէլը՝ այր մը, ոտքի կանգնած ձգելով տիկին Լէյընը: Ի դէպ, Թուրքիա-Եւրոպա մերձեցման միտող բանակցութեանց օրակարգին վրայ էին բռնութեան կանխարգիլումը եւ… կանանց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:
Արդեօք կահ-կարասիի պակա՞ս կար աւելի քան 350 միլիոն տոլար արժած շքեղ համալիրին մէջ, որ կը տարածուի երկու հարիւր հազար քառակուսի մեթրի վրայ, կ’ընդգրկէ շուրջ հազար սենեակ եւ ենթաբաժանումներ, նաեւ համակարգչային արդիական սարքերով կատարելագործուած փապուղիի դրութիւն մը:
Իրա՛ւ որ «օսմանական ասպնջական ընդունելութիւն» մըն էր եղածը, սարքուած՝ ապարանքին սուլթանամէտ վարձակալին՝ Էրտողանի կողմէ. ան նստելու պատշաճ տեղ մը չէր վերապահած տիկին Ուրսուլա Ֆոն Տէր Լէյընի, որ պարզապէս «Հը՛մմ» (Եւրոպայի մամուլին մէջ հետզհետէ կրկնուող) բացագանչութիւնը արձակելով, ստիպուեցաւ տեղաւորուիլ բաւական հեռու զետեղուած լայն բազկաթոռին վրայ (սոֆա), եւ փորձեց հետեւիլ զրոյցին: Տիկին Ֆոն Տէր Լէյընի նստարանը հաւանաբար աւելի հանգստաւէտ էր, սակայն հեռաւորութեան պատճառով, յայտնապէս լսելու հարց մը ստեղծած էր եւ ան դժուարութեամբ կը հետեւէր զրոյցին: Աւելորդ չ’ըլլար կրկնել, թէ բանակցութեան նիւթերուն շարքին էին ընտանեկան բռնութեան եւ յատկապէս կանանց իրաւունքներուն հարցերը: Ընդգծելի է, որ սա ոլորտ մըն է, որուն զարգացումներուն այնքա՛ն մօտէն հետեւած ու պայքարած է եօթը զաւակներու մայր՝ իւրայատուկ գաղափարներու տէր տիկինը. ան իր հայրենիքին՝ Գերմանիոյ մէջ հետեւողականօրէն պայքարած է ընկերային իրաւունքներու ի խնդիր, բազմիցս ստանձնած է նախարարական պաշտօններ, որոնց կարգին՝ պաշտպանութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, ընտանեկան, կնոջական եւ երիտասարադական հարցերու նախարարութիւնները:
Դժբախտաբար, տիկին Ֆոն Տէր Լէյընի գործընկերը՝ Պելճիքայի նախկին վարչապետ Շարլ Միշէլ տեղւոյն վրայ հարց չստեղծեց, ո՛չ ալ գէթ իր աթոռը զիջեցաւ գործընկերոջ։ Ուրեմն, գրեթէ երեք ժամ տեւողութեամբ տեսակցութիւնը անցաւ երկու աթոռի եւ… հեռաւոր բազմոցի շուրջ:
«Հը՛մմ»… Օսմանական հին բարքերը «սուլթան Էրտողան»ի օրով ալ անխախտ կը մնան այս պալատին մէջ, թերեւս նաեւ վարակիչ են այր հիւրերու համար: Գէթ տիկին Ֆոն Տէր Լէյըն համտեսեց լեղի պատառը, գլխաւոր դերակատարը եղաւ «սոֆակէյթ»-ին, հանգստաւէտ բազմոցին բազմած:
…Իսկ Եւրոպան դեռ քանի՞ նման դառն ու լեղի դեղահատ պիտի հանդուրժէ եւ փորձէ սիրաշահիլ ոճիրներով ծանրաբեռնուած Էրտողան(ներ)ը:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական