Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Նիկոլ Փաշինեան կոչ կ՛ուղղէ 2021 թուականին կազմակերպելու խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ եւ կը հրաւիրէ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական գլխաւոր ուժերը` խորհրդակցութեան: Իր հրաժարականի պահանջը ժողովուրդին կողմէ բաւարար ընդունելութիւն գտած չըլլալով, կ՛ըսէ գործող վարչապետը, անհրաժեշտ է այդ պահանջին ժողովրդականութեան աստիճանը ճշդել, ժողովրդավարական կարգեր ունեցող երկրի մը մէջ միակ միջոցով. նոր ընտրութեամբ:
Առաջարկը իրականութենէն խուսանաւելու միջոց է: Նիկոլ Փաշինեան կ՛ընդունի, առանց ըսելու, որ իր իշխանութեան օրինականութիւնը խախտուած է: Նորացուած օրինականութեան մը փնտռտուքը այլեւս անշրջանցելի է, քանի որ կարելի չէ այս պայմաններուն մէջ իշխանութեան փշրանքներով կառավարել:
Ամբոխավարական ու ցուցադրական միջոցները, սեւն ու սպիտակը, նախկիններն ու յեղափոխականները վկայակոչելով այլեւս կարելի չէ խաբել խորապէս ցնցուած, յուսախաբ ու դժբախտաբար նաեւ պատրանաթափ ժողովուրդը:
Նիկոլ Փաշինեան տակաւին չ՛ընդունիր, որ գործուած աւերը, երեսնամեայ պայքարի արդիւնքներուն կորուստը իր իսկ ստեղծած կացութաձեւին, իր վարած քաղաքականութեան արդիւնքն են:
Անհրաժեշտ է ուրեմն, ամէն բանէ առաջ, վերականգնել ազգային միասնականութիւնը: Ազգային միասնականութիւնը չ՛ենթադրեր բոլորին կողմէ աշխատանքային մէկ ձեւի որդեգրումը, որ յատուկ է բռնատիրական վարչաձեւերուն: Ազգն ու հայրենիքը պէտք է ունենան ընդհանրական նպատակներ, որոնք ճշդուած են անկախութեան հռչակագիրին մէջ: Ազգն ու հայրենիքը միաժամանակ այդ նպատակները կենսագործելու համար կը ճշդեն ռազմավարական ուղենիշներ, ընդունելի բոլորին կողմէ ու պարբերաբար վերանայելի` ըստ համաշխարհային պայմաններու, ազգային հնարաւորութիւններու ու կազմակերպական հզօրանքի: Կուսակցութիւններն ու քաղաքական տարբեր կազմաւորումները կրնան իրարմէ տարբերիլ ազգային ռազմավարութեան գործադրութեան եղանակներուն շուրջ, այսինքն զուտ մարտավարական մակարդակի վրայ: Ժողովուրդը կ՛որոշէ առաջարկուած մարտավարութիւններէն մէկը կամ մի քանին, ընտրութիւններու առիթով կամ հանրաքուէով:
Ի՞նչ է այսօր մեր ազգային նպատակը, ո՞րն է մեր ազգային ռազմավարութիւնը: Նիկոլ Փաշինեանը իր շինծու յեղափոխութեամբ բաժանարար գիծեր ստեղծեց, շփոթ յառաջացուց ու անկախութեան հռչակագիրի սկզբունքները կասկածանքի ենթարկեց:
Ամէն բանէ առաջ, որեւէ ընտրութենէ առաջ, պէտք է վերադառնալ ազգային նպատակներուն ու վերամիաւորել ժողովուրդը ազգային ռազմավարութեան մը շուրջ: Այս է ժամանակաւոր կառավարութեան մը գլխաւոր առաջադրանքը. ազգային միասնականութեան վերստեղծումը ազգն ու հայրենիքը պահպանող գաղափարներու ու մեր պատմութենէն թելադրուած սկզբունքներու շուրջ:
Նիկոլ Փաշինեան չի կրնար միասնականութիւն ստեղծել որեւէ գաղափարի ու սկզբունքի շուրջ: Ինք էութեամբ բաժանարար է, քանդող է ու աւերող: Ուրիշ մը, տարբեր իշխանութիւն մը կարճաժամկէտ կառավարումով պէտք է վերստեղծէ ազգային միասնականութիւնը եւ դնէ արդար եւ իրա՛ւ ընտրութեան մը հիմքերը:
Սկսուած պայքարը պէտք է շարունակուի: Այդ պայքարը արդար է ու ճշմարիտին առաջնորդող է: Պէտք չէ ընկրկիլ ու վստահ պէտք է ըլլալ, որ յաղթանակը անխուսափելի է:
Ով կը յարատեւէ, ի վերջոյ կը յաղթէ:
Ասիկա ճակատագիրն է բոլոր արդար պայքարներուն:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com
© 2024 Yerkir.am Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են։