կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2020-12-05 12:49
Քաղաքական

Հայ Դատի ջանքերով ձախողվեց հակահայ առաջարկը

Հայ Դատի ջանքերով ձախողվեց հակահայ առաջարկը

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ շնորհիւ քոնկրեսականներուն յղուած առաւել քան 100,000 նամակներուն եւ ծերակուտական Ճեք Ռիտի եւ քոնկրեսականներ՝ Ֆրենք Փալոնի, Պրետ Շըրմընի եւ Ճեքի Սփիրի ջանքերուն, Միացեալ Նահանգներու ռազմական ամավարկին վրայ աւելցուած հակահայ առաջարկ մը կարելի եղաւ վերցնել բանաձեւէն։

Ատրպէյճանցի գաղթականներուն իրաւանց վերաբերող եւ հայ գաղթականներուն կարիքները անտեսող առաջակին հեղինակներն էին Անգարայի եւ Պաքուի մօտիկ գործակից քոնկրեսականներ՝ Սթիւ Շապոթ եւ Սթեֆըն Քոհըն։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս կենսական միջամտութիւնը, որուն շնորիւ կարելի եղաւ ձախողութեան մատնել միակողմանի այդ քայլը։

asbarez.com