Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 390.14 |
EUR | ⚊ | € 409.14 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.75 |
GBP | ⚊ | £ 490.8 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.52 |
Հանրապետութեան շրջանի իրադարձութիւններու մէջ յատուկ նշանակութիւն ունի Վանայ Լիճի Աղթամար Կղզիի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ պետութեան միջոցներով վերանորոգումը։ Այս նորոգութիւնը իմաստալից է յատկապէս այն առումով, թէ նոյն Թուրքիոյ հանրապետութիւնը անցեալին փորձած էր տաճարը ի հիմանէ քանդել ու ոչնչացնել։ Այդ թուականին վիպագիր Եաշար Քեմալի ահազանգ հնչեցնելուն շնորհիւ վերջին պահուն կանխուած էր փլուզման գործընթացը։ Վերանորոգութենէ ետք պատմական տաճարը մեծ հանդիսութիւններով վերաբացուած եւ 95 տարիներու ընդմիջումէն ետք հնչող զանգակներու ղօղանջով հիւրընկալած էր բազմահազար ուխտաւորներ։ Այդ նոյն պատկերը կրկնուած էր յաջորդող տարիներուն եւս եւ երկրի զանազան վայրերէն փութացող զանգուածներ հետեւած էին արարողութեան։ Ապա վրայ հասած էր տարածաշրջանի մէջ տիրող պատերազմը, որմէ ետք ընդհատուած էին Սուրբ Խաչի տաղաւարին առթիւ տարին մէկ անգամ մատուցուած Սուրբ Պատարագի արարողութիւնները։ Այս տարի Պատրիարքարանը կը հաղորդէ թէ պիտի կայանայ Սուրբ Պատարագը դռնփակ կերպով։
6 Սեպտեմբեր 2020 կիրակի օր, Թուրքիոյ Հայոց Սահակ Բ. Պատրիարք իր հետ ունենալով հոգեւորականաց դասը Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Այս առթիւ շփումներ կայացած են Վանի շրջանային իշխանութիւններու հետ եւ ապահովուած է դէպի կղզի ուխտաւորներ փոխադրող նաւերու երթեւեկութեան արգիլումը։ Արդարեւ նաւերը այդ օր պիտի չգործեն 11,00- 14,00 ժամերու միջեւ։
Հոգեւորականները իրենց քարոզներուն մէջ կը սիրեն յաճախ նշել թէ եկեղեցին ժողովուրդ է։ Սակայն դռնփակ պատարագները ամբողջովին կը հակասեն այս հաստատումին, երբ նոյնիսկ կանխամիջոցներու առկայութեան պահուն կը նախընտրուի դռնփակ պատարագ մանաւանդ ալ Աղթամար կղզիի նման տարին միայն մէկ անգամ պաշտամունքի արտօնութիւն տրուած տաճարի մը մէջ։
http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/24483/jvoghvovurtazurg-badarak-vani-mech