Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Տնտեսական ու ելեւմտական ծանր պայմաններէն ու «Քորոնա» ժահրի հետզհետէ ահագնացող համաճարակէն ետք, 4 օգոստոսին Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը ստացաւ երրորդ ծանր հարուածը: Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պահ դրուած 2750 թոն ամոնիոմ նայթրէյթի պայթումը քանդեց Մայրիներու երկրի մայրաքաղաքին շուրջ 40 առ հարիւրը եւ մեծ վնասներ պատճառեց անոր արուարձաններուն, ներառեալ` հայկական թաղամասերը: Իրերայաջորդ երրորդ հարուածը սակայն չի կրնար տապալել լիբանանահայ փիւնիկեան համայնքը, որ թէ՛ իբրեւ հայ եւ թէ՛ իբրեւ լիբանանցի ունի վերապրելու աւելի քան 100-ամեայ փաստուած երկաթեայ կամք, փորձ ու պատմութիւն:
«Ժողովուրդին լոյս տուէք եւ ան պիտի գտնէ իր ճամբան», կ՛ըսէ ամերիկացի մարդկային իրաւանց գործիչ Էլլա Պէյքըր: Այժմ ճիշդ այդ պահն է: Այժմ խաւարը անիծելու պահը չէ, այլ մոմ մը վառելունը, որովհետեւ խաւարը անիծելով նախ եւ առաջ մենք մեզ, ապա մեր շուրջինները կը դնենք անոր տիրապետութեան տակ ու բոլորս մուտք կը գործենք խաւարի դարաշրջան: Այժմ ժողովուրդին վէրքերը ամոքելու, դժուարութիւնները թեթեւցնելու եւ յոյս ներշնչելու պահն է, մոմ մը վառելով անոր լոյս ու յոյս տալու պահն է:
Իսկ ի՞նչ ըսել խաւարի զաւակներուն մասին, որոնք չարախօսութեամբ ու մասամբ նորին, իրենց լուսատեաց ու խաւարասէր բնոյթին մասին վկայելով կը փորձեն մոմավառութեան աշխատանքին վնասել, այդ մոմը, այդ լոյսը, այդ յոյսի նշոյլը մարել: Պէտք է նաեւ միշտ յիշել, թէ իւրաքանչիւր մարդ իր սրտին լեզուն է, որ կը խօսի, իր սրտին մէջ եղածն է, որ կու տայ, լոյսի զաւակը` լոյս ու յոյս, իսկ ուրիշներ` խաւար եւ ժխտականութեան զինանոցին մէջ եղող ամէն բան:
Կարիքները մեծ են եւ աշխատանքի առիթը բաց է բոլորին համար: Ինչպէս անցնող օրերը ցոյց տուին, բոլորը կրնան անարգել իրենց լուման ներդրել: Սակայն բնականաբար, այս աշխատանքը դրական տրամադրութիւններու տէր մարդոց համար է, լոյսով ու յոյսով տոգորուածներուն համար է:
Հաւատքն է, որ լեռը իր տեղէն կը շարժէ եւ ոչ թէ անհաւատութիւնը: Ուստի հաւատանք, յուսանք, լոյսին ձգտինք ու գործենք:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ