կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-17 15:12
Սփյուռք

Բողոք՝ Ատրպէյճանի Հիւպատոսարանին Առջեւ

Բողոք՝ Ատրպէյճանի Հիւպատոսարանին Առջեւ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի նորագոյն յարձակումները դատապարտելու համար, Երեքշաբթի, 21 Յուլիսին, կ.ե. ժամը 2էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ տեղի պիտի ունենայ բողոքի ցոյց մը՝ կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան։

Կազմակերպիչները կը շեշտեն, թէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին տարծումը կանխարգիլելու նպատակով, ցոյցին մասնակցողները պէտք է դիմակներ կրեն եւ հետեւին հեռաւորութիւն պահպանելու տեղական մարմիններու ցուցմունքներուն։

«Չենք կրնար ձեռնածալ մնալ, երբ համաճարակը օգտագործելով՝ Ատրպէյճան իր բռնարարքներուն թիրախ կը դարձնէ Հայաստանի խաղաղ բնակչութիւնը», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Յակոբ Հաճիպեքեան։

ՀԵԴն նաեւ անընդունելի կը գտնէ այն իրողութիւնը, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը եւ Եւրոպական Միութիւնը չեն դատապարտած Ատրպէյճանի յարձակումները։

Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին հասցէն է՝ 11766 Wilshire Blvd., Los Angeles, CA 90025:

asbarez.com