Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ատրպէյճանի մէջ տեղի կ՛ունենային լայնածաւալ եւ յարձակողական բնոյթի ռազմափորձեր, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգնեու դեսպան Լին Թրէյսի 21 Մայիսին յայտատարեց, թէ Ուաշինկթըն Արցախի ականազերծման աջակցութիւնը պիտի կասեցնէ, անոր փոխարէն շեշտը դնելու համար ժողովուրդը խաղաղութեան պատրաստելու ջանքերուն վրայ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան վարիչ Էլիզապէթ Ջուլճեան յոյժ մտահոգիչ համարեց այս քայլը, որուն դէմ իրենց կեցուածքը յստակօրէն արտայայտած են առաւել քան 100 քոնկրեսականներ՝ ընդատաջելկուվ Հայ Դատի եւ ամերիկահայութեան հազարաւոր դիմումներուն։
Ան աւելցուց, որ Արցախին կը զլացուի 1.5 միլիոն տոլար գումարը, մինչ կառավարութիւնը վերջին երկու տարիներուն Ատրպէյճանի նման բռնատիրական երկրի մը աւելի քան 100 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութիւն տրամադրեց եւ ոչ մէկ քայլ առաւ այդ երկրին ժողովուդը խաղաղութեան նախապատարաստելու համար։
asbarez.com