կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-04-25 14:40
Քաղաքական

Պետության տեղն ու դերը

Պետության տեղն ու դերը

Քորոնաժահրի համաճարակը սանձարձակ կը շարունակէ իր յառաջխաղացքը: Հետազօտողներ ու գիտնականներ գիշեր ու ցերեկ կ’աշխատին ճար մը գտնելու համար: Զուգահեռաբար քաղաքական պատասխանատուութիւն կրողներն ու քաղաքագէտները կը քննեն ու կը վերլուծեն համաճարակին հետեւանքները, մասնաւորապէս` տնտեսական ու ընկերային ոլորտներուն մէջ` մտածելով «Յաջորդ օրուան» (The Day After) մասին:

Յաջորդ օրուան մասին մտածելը ինքնաբերաբար մեզ կը մղէ հայեացք մը նետելու, թէ համայն մարդկութիւնը ինչպէս պիտի դիմագրաւէ առաջին համաշխարհային (կլոպալ) ճգնաժամը, ինչ տեսակի ազդու եւ կանխարգելիչ միջոցներու պիտի դիմէ։ Փաստ է, որ չկան ղեկավարներ, որ իրենց գործով ու հեղինակութեամբ առաջնորդի դեր խաղան։ Փաստ է նաեւ, որ վերջին ժամանակներուն հրապարակ ելած են պոպուլիստ ու արկածախնդիր ղեկավարներ, որոնք իրենց գործունէութեամբ աւելի անորոշութեան կը մատնեն աշխարհի ներկայ փուլը:

Ճգնաժամի այս ծանր օրերուն այժմէականութիւն կը ստանայ երբեք չաւարտած բանավէճը պետութեան տեղին ու դերին մասին:

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն անմիջապէս յետոյ տարածում գտաւ այն գաղափարը, որ լոզունգի ձեւով արագ մը հասաւ ժողովուրդի լայն խաւերուն, թէ «պատմութիւնը վերջացած է», թէ այսուհետեւ միայն մէկ գաղափարախօսութիւն կը տիրէ`ազատական (լիպերալ), որ այժմ նորազատականութեան (նէօլիպերալիզմ) է վերածուած: Այս մտածողութիւնը իրեն դաշնակից ունեցաւ լիպերալ մետիան ու հարիւրաւոր հետազօտական կեդրոններ (think tank). մեծամասնութիւնը` ֆինանսաւորուած ելեւմտական կեդրոններու կողմէ, որոնք իրենց քարոզչութեան հիմնական թիրախ ընտրեցին պետութիւնը` զայն պատասխանատու համարելով ամէն տեսակի աղէտներու ու չարիքներու:

Իննսունական տարիներուն Ուաշինկթընի համախոհութենէն (Washington Consensus) բխող գաղափարները եւ անկէ վերջ արագ ընթացող համաշխարհայնացումը (globalization) վերատեսութեան ենթարկեցին ազգ-պետութիւն սահմանումը եւ պատմական հասկացութիւնը: Ազգ-պետութիւնը խարսխուած է երկու հիմնական հասկացութիւններու վրայ՝ ինքնիշխանութիւն եւ քաղաքացիութիւն, որոնք եւս փոփոխութիւններ կրեցին:

Պետութիւնները ինքնիշխանութենէն զիջեցան, երբ կամաւոր կերպով վերազգային հաստատութիւններ ստեղծեցին: Նաեւ զիջեցան ստորադաս կառոյցներուն, ինչպէս տեղական ինքնակառավարման իշխանութիւններ, որոնց իրաւասութիւններ փոխանցեցին`նպաստելով քաղաքացիութեան աւելի ազդու եւ գործօն մասնակցութեան: Այս բոլորը եկան փաստելու, որ իր իրաւունքներուն գիտակից քաղաքացին կը նպաստէ ժողովրդավարութեան հզօրացման, ինչպէս նաեւ իրաւունքներու ընդլայնման ու գործադրման:

Նէօլիպերալ գաղափարախօսութիւնը չի ձգտիր պետութեան վերացման, այլ կը ձգտի անոր դերը նուազագոյնի իջեցնելու`անոր վերագրելով անարդիւնաւէտութիւն եւ փտածութիւն:

Նէօլիպերալիզմը կը փառաբանէ շուկան ու զայն կը վերածէ այն կեդրոնական առանցքը, որուն շուրջ պէտք է ընթանայ կեանքը: Ասոր համար շուկայի ապակարգաւորումը պէտք է ապահովել, քանի որ շուկան իր օրէնքներով ինքն իրեն կը հակակշռուի: Սակայն փորձը ցոյց տուաւ, թէ այդպէս չէ: Շատ արագ ձեւաւորուեցան մենաշնորհներ ու օլիկոփոլներ, եւ ելեւմտական մարզի գերակայութիւնը տնտեսութեան վրայ աւելի զգալի դարձաւ: Ֆինանսական կեդրոնները (դրամատուներ եւ այլն) կը ձգտին հասարակութիւնը ձեւաւորելու իրենց շահերուն համապատասխան եւ կը միտին իրենց ազդեցութիւնը տարածելու միջազգային հաստատութիւններէն ներս ու այս ձեւով ազդելու երկիրներու քաղաքական կեանքին վրայ:

Նոյն ժամանակի ընթացքին պետութիւնը նահանջեց իր անզիջելի եւ անօտարելի պարտաւորութիւններէն, յատկապէս` հանրային առողջապահութեան, կրթութեան եւ ընկերային ծառայութիւններու պարագային:

Բայց «պատմութիւնը չէ վերջացած». գոյութիւն ունի կենսունակ մտածողութիւն մը, որ կ’արժեւորէ պետութեան տեղն ու դերը` անոր վերապահելով հիմնական դերակատարութիւն արդար ու արդիական աշխարհի մը ձեւաւորման մէջ, ուր շուկան պիտի գոյութիւն ունենայ, բայց ոչ ինքնիշխան ու սանձարձակ:

Այս մտածողութեան կը հետեւին ընկերվարական եւ սոցիալ-դեմոկրատ կուսակցութիւնները, որոնք հեռու են տոկմաներէ եւ ամէն տեսակի ամբողջատիրութենէ:

Գաղափարախօսութիւն, որ խարիսխուած է ազատութեան, հաւասարութեան, ընկերային արդարութեան եւ համերաշխութեան համամարդկային արժէքներուն վրայ:

Քորոնաժահրի ժամանակ պետութեան տեղի ու դերի բանավէճը հրատապ այժմէականութիւն կը ստանայ: Երբ համաճարակին վերաբերող վիճակագրութիւնները կը դիտենք, ի յայտ կու գայ, թէ ինչպէս զարգացած երկիրներ այսօր անզօր են կասեցնելու վարակումը, թէ ինչպէս հանրային առողջապահական համակարգը թուլցած է ժամանակի ընթացքին եւ անզօրութեան մատնուած:
Այս ուղղութեամբ կ’արժէ կանգ առնել Իտալիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պարագաներուն վրայ. երկուքն ալ` հզօր ու Մեծ եօթնեակի (G7) անդամ պետութիւններ:

Իտալիան տարիներով ազատական ու պոպուլիստ կառավարութիւններ ունեցած է, որոնք իրենց վարած քաղաքականութեամբ փորձած են պետութեան դերը նուազագոյնի իջեցնել: Վերջին տասը տարիներու ընթացքին Իտալիոյ պետական հանրային առողջապահութեան համակարգը (SSN) 37 միլիառ եւրօ նուազ գումար ստացած է պետական ամավարկէն (պիւտճէ): Նոյն ժամանակահատուածին 42800 բժիշկներ ու մասնագէտներ դուրս մղուած են առողջապահական պետական համակարգէն: Մաhճակալներուն թիւը նուազած է 5,7էն 5ի՝ իւրաքանչիւր հազար հոգիի համար: Զարկ տրուած է մասնաւորի մասնակցութեան, որ պէտք էր լրացուցիչ ըլլար եւ ոչ թէ փոխարինէր հանրային առողջապահական համակարգը:

Նաեւ կ’արժէ դիտել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պարագան։ Թէեւ Ամերիկան առողջապահութեան ամէնէն բարձր տոկոս տրամադրող երկիրն է` իր տեղական համախառն արտադրութեան (ՏՀԱ, GDP) 17% ը, այսուհանդերձ, պետութեան մասնակցութիւնը այդ ընդհանուրին մէջ միայն 40%ի կը հասնի, ինչ որ կը թանկացնէ առողջապահութիւնը, ու իր բնակչութեան տասնեակ միլիոններ կը զրկուին որակեալ առողջապահական սպասարկութենէ:

Ներկայիս աշխարհի մէջ քորոնաժահրով վարակուածները ամէնէն շատ են Ամերիկայի մէջ, է եւ ապագայի նախատեսումները ահաւոր կ’երեւին: Պոպուլիստ Տոնալտ Թրամփի նախագահութեան օրով մեծ ճիգ կը թափուի հանրային առողջապահութեան յատկացուած պիւտճէն ու միջոցները կրճատելու համար:

Թրամփ երեք տարուան ընթացքին ճիգ թափած է իր ժառանգած առողջապահական համակարգը «զինաթափ» ընելու։ 2018ին ան գործէ արձակեց Ամերիկայի հանրային առողջապահութեան սպասարկութեան (US Public Health Service) բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Թրամփ գլխապտոյտ պատճառող իր պոպուլիզմով Քոնկրէսին յղած զանազան օրինագիծերով փորձեց 40 տոկոսով կրճատել առողջապահութեան պետական պիւտճէն։ Այս քայլը ցարդ եղած է ապարդիւն:

Թրամփի՝ «Obamacare»-ը («Դ». – Այսպէս կը կոչուէր նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ որդեգրուած առողջապահական յայտնի բարեկարգումներու թղթածրարը) վերացնելու ճիգը ոչ միայն կը մեկնի զուտ քաղաքական հաշիւներէ, այլ նաեւ իր վարչակազմի խոր համոզումէն, որ պետութիւնը գործ չունի առողջապահութեան հետ։ Այլ խօսքով`Թրամփի համար առողջապահութիւնը պիզնես է եւ… «Business as usual», ինչպէս միւս բոլոր պիզնեսները:

Մինչեւ «Obamacare»-ի իրականացումը` 2010ին, Ամերիկայի տարածքին 48,6 միլիոն անձ առողջապահական համակարգէ դուրս էին, սակայն 2016 թուականին այդ թիւը իջած էր 27,3 միլիոնի:

Վերի դիտարկումներուն լոյսին տակ կ’արժէ արագ նայուածք մը նետել Հայաստանի իրավիճակին վրայ:
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն վերջ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական ռազմավարական ուղղութիւնը առողջապահական ոլորտին մէջ կրնանք ըսել գրեթէ նոյնը եղած է:

Վերջին տարիներուն ընթացքին առողջապահական հիմնարկներուն մասնաւորեցումը կամ սեփականաշնորհումը կատարուեցաւ` նպատակ ունենալով ծառայութիւններու որակին բարելաւումը, ինչ որ միւս կողմէն նպաստեց առողջապահական ծառայութիւններու գիներու աճին:

Այս եղածին նկատմամբ պետութիւնը անտարբեր չէ եղած ու հակազդած է որոշ ծառայութիւններու նպաստաւորումով (սուպսիտաւորում): Իրարայաջորդ կառավարութիւնները այս խնդիրի նկատմամբ որդեգրած են քաղաքական ու ընկերա-տնտեսական տարբեր մարտավարութիւններ:

Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Խորհրդային Միութենէն ժառանգած առողջապահական համակարգը, իր թերութիւններով հանդերձ, կարելի էր որակել իբրեւ բաւական ամուր: 1990 թուականին Խորհրդային Հայաստանի առողջապահութեան յատկացուած պիւտճէն կը կազմեր ընդհանուր պիւտճէին 10 տոկոսը: 1000 բնակիչի համար բժիշկներու թիւը 4 էր, իսկ հիւանդանոցային մահճակալներու թիւը՝ 8,6: Հիւանդանոցներու եւ առողջապահական հիմնարկներուն ընդհանուր թիւը կը հասնէր 180ի: Սակայն 2019 թուականին առողջապահութեան տրամադրուած ընդհանուր պիւտճէն 6,9% է, 1000 բնակիչի համար ունինք 5,5 բժիշկ ու 4 մահճակալ:

Հիւանդանոցներու ու բժշկական հիմնարկներու ընդհանուր թիւը այսօր 124 է (88 պետական + 36 մասնաւոր):
Եթէ Հայաստան շարունակէ իր որդեգրած այս ուղիով, առողջապահական վիճակը, թէեւ այսօր բարւօք, այսուհանդերձ անխուսափելիօրէն կրնայ հասնիլ Իտալիոյ ու Ամերիկայի ներկայ վիճակին: Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին քորոնաժահրի վարակումներու ներկայ պատկերը այդքան ալ լաւ չէ:

Ապրիլ 9ի տուեալներով` ամէն 1 միլիոն բնակիչից 311ը վարակուած էին: Այս բոլորը նկատի ունենալով` կրնանք եզրակացնել, թէ առողջապահական համակարգին մէջ պետութեան դերի նսեմացումը որոշ արդիւնաւէտութիւն կ’ապահովէ… «խաղաղ պայմաններու» մէջ, սակայն լուրջ ճգնաժամի ժամանակ շուտով երեւան կու գան անոր խոցելի կողմերը:
Այն տարածաշրջանը, ուր կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կը յատկանշուի մեր անվտանգութեան ուղղուած մարտահրաւէրներով, ինչպէս նաեւ երկրակեղեւի անկայուն (երկրաշարժային) նկարագրով, կլիմայական փոփոխութիւններով ու այս բոլորի անկանխատեսելի հետեւանքներով։ Այս ազդակները Հայաստանին չեն ապահովեր մնայուն «խաղաղ պայմաններ»:

Այս պատճառով ալ անհրաժեշտ է, որ պետութիւնը իր դերը վերցնէ` նախ պաշտպանելով ու զօրացնելով երկրի ընկերային հիւսուածքը եւ ապահովելով ընդհանուր պիւտճէին մէջ հանրային առողջապահութեան տրամադրուելիք մասնաբաժինը, որպէսզի ան ոչ միայն բաւարարէ համակարգը պահելուն, այլ նաեւ նպաստէ հետազօտութեան ու արդիական արհեստագիտութեան ձեռքբերման, ինչպէս նաեւ առողջապահական համակարգի բոլոր աշխատաւորներուն անխտիր արժանապատիւ եկամուտ ապահովէ:

Ասոր կողքին անհրաժեշտ է, որ պետութիւնը նախաձեռնէ ապահովագրական այնպիսի համակարգի մը ստեղծման, որ թիրախ ունենայ բնակչութեան յատկապես անապահով ու կարիքաւոր շերտերը:

Թէեւ պետութեան տեղի ու դերի բանավէճը պիտի շարունակուի ժամանակի ընթացքին, սուր ճգնաժամի այս օրերը ցոյց կու տան, որ պետութեան տեղը անփոխարինելի է արդի աշխարհին մէջ, որ մասնաւորի մասնակցութիւնը կրնայ նպաստել նաեւ համայն մարդկութեան զարգացման:

Սակայն պետք է չէ մոռնալ, որ մասնաւորին մղիչ ուժը շահն է: Իսկ պետութեան գոյութեան իմաստն է հասարակական ընդհանուր շահի պաշտպանութիւնը:

Մարիօ Նալպանդեան
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախկին անդամ, Սոցինտերնի փոխնախագահ

«Դրօշակ», թիվ 4 (1638), ապրիլ, 2020 թ.