Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնեմ ՀՅԴ Բիւրոյի Տնտեսական Հետազօտութիւններու Գրասենեակի պատասխանատու՝ Ընկ. Սուրէն Պարսեանի վերլուծականը ՀՀ շուկայէն ներս ներկայիս ընթացող մենաշնորհային գործընթացներուն մասին (Փնտռել Suren Parsyan դիմատետրային էջին վրայ)։
Հաստատուած երևոյթ է, որ երբ երկիրը կը դիմագրաւէ ճգնաժամային մարտահրաւէրներ, ինչպէս այսօր, արագօրէն երևան կու գան մենաշնորհային համակարգի ագահ բնազդները։ Եւ ակնյայտօրէն այդ մէկն է, որ տեղի կ՚ունենայ այսօր կարագի շուկային վրայ, որ կը թուի հայթայթել դասական օրինակ մը գնագոյացման մենաշնորհային աղաւաղումի։ Պարզ խօսքով, ճգնաժամի ենթակայ ՀՀ սպառողը կրկին կը կեղեքուի շուկայական համակարգը կապտած օլիգարխիական ուժերու ամենէն նուրբ գործիքներով։
Եւ կը թուի, թէ ինքզինքին յեղափոխական լոզունգներ շռայլող իշխանական համակարգը, որ առաջին օրէն իսկ ընտրեց մենաշնորհային համակարգին հետ սերտօրէն գործակցելու ճանապարհը, այսօր չունի որևէ քաղաքական զէնք -- և հետևաբար՝ նախապատրաստութի՛ւն -- այս յանցաւոր գործընթացը անմիջապէս կասեցնելու և զայն արդիւնաւէտօրէն սրբագրելու։
Եւ սակայն դեռ ուշ չէ։ Իշխանութիւնը զուրկ չէ իրական պատեհութենէ նոր գործադաշտ ձևաւորելու շուկայի որակին նկատմամբ։ Դաշնակցութեան մասնագիտական թիմէն՝ Ընկ. Պարսեանի ախտորոշումը ահաւասիկ դրուած է քննարկման սեղանին։ Իշխանութիւնը պիտի կրնա՞յ խզել իր «պորտակապ»ը մենաշնորհային տնտեսութեան շահատէրերէն և յանուն սպառողի շահերուն — և յանուն հանրութեան -- տէր կանգնիլ շուկային։ Պիտի կրնա՞յ քաղաքական կամք ցուցաբերել այս հարցին մէջ։ Կրկնեմ այն ինչ, որ ըսած եմ բազմիցս անցնող բոլոր վարչախումբերուն, ներառեա՛լ՝ ներկայ իշխանութեան։ Ժողովրդավարութեան մէջ, շուկան չի պատկանիր շուկայական ուժերուն։ Ան չի պատկանիր նաև իշխանութեան։ Շուկան կը պատկանի ազգին։ Այսինքն՝ հանրութեա՛ն։ Եւ հանրութիւնն է, որ իր այդ անգին հարստութիւնը վստահած է պետութեան, որպէսզի վերջինս ապահովէ անոր անխաթար և մրցակցային գործունէութիւնը։ Այն իշխանութիւնը, որ չի յարգեր այս ոսկեայ սկզբունքը, արժանի չէ իր ժողովուրդին։ Խաթարել շուկան կը նշանակէ զրկել ժողովուրդը իր ամենէն էական ազատութենէն։ Թոյլ տալ, որ շուկան խաթարուի, կը նշանակէ չարաշահել հանրութեան վստահութիւնը։
Երբ շահատէրերը -- իշխանութեան ուղղակի կամ անուղղակի օգնութեամբ -- կը յաջողին առևանգել շուկան, սպառողը կը դադրի սպառող ըլլալէ։ Ան կը վերածուի տնտեսական ստրուկի, որ ստիպուած է ապրելու շահատէրերու կողմէ իրեն պարտադրուած ընտրութիւններով։ Եւ անշուշտ ՀՀ հանրութիւնը կանուխ կամ ուշ պիտի մերժէ այս անպատիւ կարգավիճակը։ Չի կրնար չմերժել։ Այդպիսի յարաբերութեան մէջ չի կրնար ապրիլ մեր ժողովուրդը։ Հետևաբար պայման է, որ ներկայ իշխանութիւնը ամենէն արագ ձևով ստանձնէ իր պատասխանատւութիւնները ՀՀ շուկայի մրցակցային որակին և ՀՀ ժողովրդավարութեան հանդէպ։ Հանրութիւնը այլ ընտրութիւն չի կրնար տալ կառավարութեան։ Հանրութիւնը չի կրնար զիջիլ այս հարցին մէջ և պիտի չբանակցի։ Այլընտրանքը համատարած քաոսն է։
Կարօ Արմենեան
Մարտ 18, 2020