կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-10-22 22:59
Սփյուռք

Սրտի խօսք՝ իշխանութեան ջատագովներուն

Սրտի խօսք՝ իշխանութեան ջատագովներուն

Եւ անկեղծօրէն՝ այս իշխանութեան ջատագովները (ներառեալ՝ նաև մեր պետութեան որակին նախանձախնդիր ընկերներ) սխալ կ՚ընեն մեր առարկութիւններուն դիմաց պարզելով սովետատիպ հակաճառութիւններ փոխանակ հարցերու էութեան անդրադառնալու։ Վերջ տուէք այս անմիտ և աննպատակ «պաշտպանողականներուն» և կեդրոնացէք իրական հարցերուն վրայ։ Վերջ տուէք մեզ նախկին վարչակարգին հաւասարեցնելու ծիծաղելու փորձերուն։ Ներկայ իշխանութիւնը այն չէ, ինչ կը կարծէիք։ Դուք գիտէք այդ մէկը։ Գիտէք նաև, որ ան կրնայ աւելի սայթաքիլ։ Պետական կեանքը (իր դաժան հրամայականներով) սկսած է այլասերել մարդոց մտայնութիւնը։ Յայտնի գործընթա՛ց մը՝ որ պէտք չէ զարմացնէ մեզ։ Պատահած է և պիտի պատահի նաև այս իշխանութեան։ Հապա ինչու՞ համար են ընդդիմադիր ուժերը։ Եւ ինչու՞ համար էք դուք։ Տևաբար ձեր օրհնութի՞ւնը տարածելու իշխանութեան թերիներուն վրայ։ Դադրեցէք մեքենական ջատագովներ ըլլալէ։ Գովեցէք այն, որ գովելի է։ Բայց երբ կոպիտ մեղանչումներ թոյլ կը տրուին իշխանութեան -- իսկ այս պարագային՝ նոյնինքն Պր. Վարչապետին -- կողմէ, քաջութիւնը ունեցէք դաժան բարեկամներ ըլլալու։ Դաժան սիրով (tough love) սիրեցէք զայն՝ իշխանութի՛ւնը։ Ինչպէս ըրած ենք և կ՚ընենք մենք։ Ի վերջոյ մեր հաւաքական խնդիրն է բարելաւել պետութիւնն ու մեր ժողովուրդին կեանքը։ Դեռ ձեզմէ ոչ ոք համարձակութիւնը ունեցաւ հրապարակաւ պնդելու, որ արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը մտնէ իշխանութեան նկատառման և հաղորդակցութեան դաշտ։ Որոշեցէք, թէ ինչպէ՞ս -- և իսկապէ՛ս -- օգտակար պիտի ըլլաք ձեր ջատագոված իշխանութեան։ Մեքենաբար ձեր պատասխանատու կնի՞քը դնելով անոր ամէն մէկ արարքին ու քաղաքականութեան վրայ։ Եւ պահ մը, իսկապէ՛ս, հարց տուէք դուք ձեզի, թէ ի՞նչ մտայնութեամբ կ՚ապրին այս մարդիկ։ Երբ երկրին մէջ կայ աղքատութեան անընդունելի մակարդակ, բարոյական ի՞նչ հասկացողութեամբ Վարչապետը կը դիմէ այս գաղտնի գործողութիւններուն։ Ինք չէ՞ր, որ Առաջին Հանրապետութեան փառաբանութեամբ կը տպաւորէր բազմութիւնները։ Կ՚անդրադառնա՞ր, թէ ինչպիսի խստապահանջութեամբ կը գործէին այդ մարդիկ, երբ հարցը կը վերաբերէր իրենց վարձատրութեան։ Վերջապէս բան մը պիտի սորվի՞նք մեր մեծերէն և ո՞վ պիտի յիշեցնէ այս ճշմարտութիւնները իրենց, եթէ ոչ մենք և դուք։ 

Կարօ Արմենեան