Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Դեմոկրատական Ֆրանքլին Տ. Ռուզվելթ 1932-ին ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ` ապահովելով քուէներուն 57 առ հարիւրը: 1933-ին անոր երդման արարողութեան ժամանակ աշխատաւորներուն մէկ չորրորդը անգործ էր եւ երկրին արտադրութիւնը 1929-ի Տնտեսական մեծ ճգնաժամին պատճառով նուազած էր կէսի:
Ռուզվելթ ուզեց կացութիւնը դարմանել` առաջարկելով «Նիւ տիլ»-ը, սակայն 27 մայիս 1935-ին Գերագոյն դատարանը վճռեց, որ ատոր գլխաւոր կէտերէն մէկը` Ազգային ճարտարագիտութեան վերականգնման հրամանագիրը, զոր նախագահը ստորագրած էր 16 յունիս 1933-ին, հակասահմանադրական է եւ ընդգծեց. «Արտակարգ կացութիւններ կրնան արտակարգ դարմաններ պահանջել, սակայն® արտակարգ կացութիւնները սահմանադրական լիազօրութիւն չեն ստեղծեր կամ ընդլայներ»: Այլ խօսքով` կան կարմիր գիծեր, որոնք, առնուազն ժողովրդավարական պետութեան մը մէջ կարելի չէ շրջանցել:
Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, սակայն, ճիշդ ատիկա կը փորձեն ստեղծել` լուծելու համար քաղաքական խնդիր մը` սահմանադրական դատարանի իրենց հակակշիռէն դուրս ըլլալն ու իրենց համար անախորժ դատաւորներու գոյութիւնը:
Հեգնական է, որ հարցը հանրաքուէի դնելու որոշումը տրուեցաւ 6 փետրուարին` սահմանադրական դատարանի հիմնադրութեան 24-րդ տարեդարձի օրը: Այդ որոշումը տրուեցաւ խնդրոյ առարկայ 7 դատաւորներուն կողմէ իշխանութիւններուն վաղաժամկէտ թոշակի անցնելու եւ աշխատավարձի չափով հետագայ ամբողջ կեանքի ընթացքին կենսաթոշակ ստանալու կաշառք-առաջարկի մերժումէն ետք: Իշխանութիւնները այժմ հսկայական գումար կը ծախսեն եւ կը փորձեն սահմանադրական բարեփոխում կատարել այդ քանի մը դատաւորը գործէ արձակելու համար:
Գործող իշխանութիւնը ներկայիս ունի չափազանց մեծ իշխանութիւն եւ կը ձգտի այդ իշխանութեան ոլորտին մէջ եղող միակ «արատ»-ին` Սահմանադրական դատարանի «խնդրայարոյց» դատաւորներէն ամէն գնով ձերբազատիլ` այդպիսով իրողապէս ունենալով բացարձակ, անսահմանափակ, չհաւասարակշռուած, որեւէ բանով չկաշկանդուած իշխանութիւն: Այդ չարիքը կ՛իրագործուի նախկին իշխանութիւններու մնացորդացէն ձերբազատուելու բարեգործութեան կարգախօսին տակ:
Այս երեւոյթին վերաբերեալ գոյութիւն ունի այժմէական զգուշացում մը: Մարքի Ասթոլֆ տը Քուսթին 1839-ին հրատարակուած իր «Նամակներ Ռուսիայէն» գիրքին մէջ կը նշէ. «Մենատիրութիւնը յոռեգոյնն է, երբ իր պնդումով բարիք կը գործէ, որովհետեւ այդ պարագային իր մտադրութիւններով կ՛արդարացնէ ամէնէն մոլեգին արարքները, եւ դարման նկատուող չարիքը սահման չի ճանչնար»: Պէտք է ականջ տալ անոր զգուշացման կոչին:
aztagdaily.com
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ