կարևոր
2401 դիտում, 9 ամիս առաջ - 2024-01-24 10:15
Հասարակություն

Յարատեւ կռուի պատգամը առաւել քան այժմէական է այսօր

Յարատեւ կռուի պատգամը առաւել քան այժմէական է այսօր

Ստորեւ կը ներկայացնենք 20 Յունուար 2024-ին, Թորոնթոյի մէջ կազմակերպուած ՀՅԴ 133-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին, Ֆրանսայէն յատկապէս այս առթիւ ժամանած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանի պատգամը.

Սիրելի՛ հարենակիցներ, սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ.

Բոլորեցինք պարտութեան աղետալի տարի մը. Արցախի յանձնումը, արցախահայութեան ծրագրուած շրջափակումը, շղթայազերծուած պատերազմը եւ բռնի տեղահանութիւնը, Հայոց ցեղասպանութենէն ետք մեծագոյն հարուածն էր համայն հայութեան:

Արտաքին գետնի վրայ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը յայտնուած է աշխարհաքաղաքական բարդ իրադրութեան մը մէջ, եւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային եւ մեծապետական ուժերու միջեւ մրցակցութեան եւ հակադրութեան կիզակէտին է:

Հայրենիքի ապագան եւ անկախ պետականութեան պահպանման հարցը դրուած է այսօր սակարկութիւններու սեղանին: Ռուսական պետութիւնը, Ուքրանիոյ պատերազմին եւ իր մեծապետական համաշխարհային շահերուն պատճառաւ իր յարաբերութիւնները սերտօրէն կը համադրէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ: Միւս կողմէ ՀՀ իշխանութիւնները կը սպասարկեն արեմտեան շահերուն: Այս պատճառները վիհ մը կը ստեղծեն Հայ-ռուսական եւ հայ-իրանական յարաբերութիւններուն մէջ:

Այս կացութեան մեղքի մեծագոյն բաժինը ունի Հայաստանը ղեկավարող քաղաքական ուժը:

Թշնամիին առջեւ ծունկի եկած իշխանութիւնը ոչ միայն արցախահայերու ցեղասպանութեան պահուն հրաժարեցաւ ժողովուրդը պաշտպանելէն, այլեւ ամէն ջանք գործադրեց որ ո՛չ հայկական կողմը, ո՛չ ալ արտաքին ուժերը բողոքի ձայն բարձրացնեն:

Թշնամիներէն սարսափած, ոստիկանական պատնէշներու ետին եւ իր ժողովրդին առջեւ գոռոզացող ղեկավարը 2020 թուականի պատերազմէն ետք իշխանութիւնը պահելու հարցը դարձուց գերնպատակ, եւ անոր քաղաքականութեան մէջ գերակայ դարձաւ հետեւալ մարտավարութիւնը՝ գոհացնել արտաքին շահագրգիռ բոլոր ուժերը, որպէսզի ի՛նք կարենայ մնալ իշխանութեան գլխուն:

Ներկայիս այս իշխանութիւնները հերթական դաւադրութին է, որ կը սարքեն հայ ազգին նկատմամբ։

«Հայրենիքը պետութիւնն է» թեզը նոր մեթոտ է, որով անոնք կը փորձեն ժողովուրդը համոզել, թէ մեր հայրենիքը այն տարածքն է, որ կը համապատասխանէ մեր պետութեան սահմաններուն։ Այսինքն, ո՛չ Արցախը հայրենիք է, ո՛չ Նախիջեւանը, ո՛չ ալ Արեւմտեան Հայաստանը։ Անոնք կը փորձեն հայ ազգին մէջ սպաննել ազգային տեսլականն ու նպատակները։

Իսկ մեր ժողովուրդը, բացառեալ փոքրամասնութիւն մը, դարձած է վախկոտ, անտարբեր ու ենթարկուող: Հայ ժողովուրդը մոլորած է քարոզչական հմուտ միջոցներով, սուտերով եւ ամբոխավարութեամբ:

Սփիւռքի մէջ հայ մարդը տեղայնական խնդիրներու կողքին, յուսախաբ Հայաստանի իշխանութենէն եւ Հայաստանի ժողովուրդին անտարբերութենէն, ինկած է յուսալքութեան գիրկը:

Նկատի ունենալով որ այս վիճակէն դուրս գալու ամենակարճ ճանապարհը իշխանափոխութիւնն է, Հայաստանի ընդդիմութինը ՀՅԴ-ի առաջնորդութեամբ, կազմակերպեց բողոքի ժողովրդային շարժումներ՝ իշխանափոխութեան օրակարգով, բայց այդ փորձերը սպասուած լուծումին չյանգեցան։

Ձախողութեան հիմնական պատճառները եղան՝

Ա.- Արտաքին ուժերու անվերապահ աջակցութիւնը գործող իշխանութիւններուն: Ներկայ իշխանութիւնը ձեռնտու է ե՛ւ թուրք-ատրպէյճանական տանդեմին, ե՛ւ արեւելքին, ե՛ւ արեւմուտքին:

Բ.- Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի մէջ ազգային արժէքները ենթակայ են ցեխարձակումի, եւ այդ ուղղութեամբ լրջօրէն կազմակերպուած աշխատանք կ’իրականացուի: Իշխանութիւնը յաջողած է ժողովրդին մօտ իր ապազգային, պարտուողական թէզերը ընկալելի դարձնել: Իշխանութիւնները կը տարածեն այն քարոզչութիւնը՝ թէ իրենք խաղաղութիւն կ’ուզեն, իսկ ընդդիմութիւնը՝ պատերազմ: Այո, իշխանութիւնները կը յայտարարեն, թէ խաղաղութիւն կ’ուզեն, բայց իրենց ուզածին իսկական անունը անձնատուութիւն է, իսկ մենք կ’ուզենք մեր ինքնապաշտպանութեան արդիւնքով ստեղծուած արժանապատիւ խաղաղութիւն մը:

Սիրելի՛ ներկաներ.

Վերջին շրջանին յաճախ կը խօսուի, թէ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնութեան մը ստորագրութիւնը մօտալուտ է. տրամաբանական է մտածել, թէ նման հայ-թրքական համաձայնութեան մը կնքումը անխուսափելիօրէն պիտի հետեւի նախորդին՝ կանխատեսելի բովանդակութեամբ: Այդպիսի համաձայնութիւններու յանգման պարագային, դժուար չէ նախատեսել, թէ Հայաստանը պիտի վերածուի թրքական վիլայէթի:

Առկայ փաստաթուղթը խաղաղութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունի։ Այս համաձայնագիրը Ատրպէյճանի պայմաններով, Ատրպէյճանի ուժի սպառնալիքի տակ պատրաստուած փաստաթուղթի նախագիծ մըն է, որ առիթ կու տայ թշնամիին իր զանազան յարձակումներուն հետեւանքով ձեռք բերածը ամրագրելու:

Առաջին՝ համաձայնագիրին մէջ որեւէ բառ չկայ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի՝ 29.800 քառակուսի քիլոմեթր տարածքը ճանչնալու մասին։ Չի նշուիր Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ սահմանը, ոչ իսկ սահմանազտման ու սահմանագծման համար տրամադրելի քարտէսները. հետեւաբար՝ Ատրպէյճանը որեւէ պահու կրնայ խախտել սահմանը՝ պնդելով որ սահման չկայ, հետեւաբար չկայ նաեւ սահմանի խախտում։

Երկորդ՝ Ոչ մէկ խօսք Արցախի մասին։ Ալիեւ եւ Փաշինեան որոշած են փակել Արցախի հարցը: Հայաստանի իշխանութիւնները Ալիեւին կը խոստանան Հայաստանի մէջ արգիլել Արցախի նկատմամբ որեւէ պահանջատիրական գործունէութիւն:

Երրորդ՝ ոչ մէկ խօսք գերիներու վերադարձի մասին:

Չորրորդ՝ Ատրպէյճանը կը մերժէ 2020 թ. Նոյեմբերէն ետք Հայաստանի գրաւուած հողերուն վրայ գտնուող «զօրքերու հայելային ետքաշումը»:

Հինգերորդ՝ Ատրպէյճան կը պնդէ, որ համաձայնագիրը ստորագրուի առանց միջնորդներու, որպէսզի կարենայ որեւէ պահու եւ առանց աւելորդ գլխացաւի խախտել զայն։

Հայաստանի իշխանութիւնները կը խօսին խաղաղութեան մասին, իսկ Ատրպէյճանը որեւէ նպատակ չունի Հայաստանի հետ խաղաղ գոյակցութեան։

«Խաղաղութեան պայմանագիրը» պարզ ձեռնածում մըն է (manipulation) հայ ժողովուրդի դիմադրութիւնը կտրելու եւ Հայաստանի իշխանութիւններէն յաւելեալ զիջումներ ձոեքբերելու համար։

Վկայ՝ Ալիեւի պահանջած Սիւնիքի տարածքով միջանցքը, զէնքով զայն վերցնելու յոխորտանքները. վկայ՝ անկլաւներու եւ ազերի գաղթականներու վերադարձի հարցը. վկայ՝ Ջերմուկի, Երեւանի եւ այլ քաղաքներու Ատրպէյճանի պատկանելիութեան հարցի բարձրացումը։

Սիրելի՛ ներկաներ.

Ի տես այս կացութեան, կը թուի, թէ յուսահատութենէն զատ այլ տարբերակ չկայ։ Բայց այս պահուն յուսահատութիւնը հեշտ փախուստ մըն է. նաեւ աներկբայ է, որ ատիկա կ’առաջնորդէ դէպի անդարձ կորուստներ ու շարունակական աղէտներու նոր փուլեր։ Յուսահատութիւնը նոյնքան վտանգաւոր է որքան մեր թշնամին:

Արձանագրենք, որ կանգնած ենք խնդիրներու առջեւ, որոնց զգալի մասը լուծելի է՝ առաւելապէս պետական եւ ռազմական միջոցներու, պաշտօնական դիւանագիտութեան, նիւթական մեծաքանակ կարելիութիւններու շնորհիւ:

Հրաշք լուծումներ չկան. հետեւողական եւ ծրագրուած աշխատանքով, հզօր պետութեան կերտումն է այս տարածաշրջանին մէջ գոյատեւելու եւ ապա զարգանալու միակ գրաւականը: Հզօր պետութիւն, որ հիմնուած ըլլայ ընկերային արդարութեան, բարգաւաճ տնտեսութեան եւ ռազմական կարողութիւններու վրայ: Այդ հզօր պետութիւնն է, որ մեզի թոյլ պիտի տայ ազատագրելու Արցախը թշնամական բռնագրաւումէն։

Հզօր պետութեան մեր պատկերացումը ունի հետեւեալ կարեւորագոյն բաղադրիչները.

Ա.- Արտաքին քաղաքականութիւն. կը հաւատանք, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան միակ արեւելումը պէտք է ըլլայ Հայկական։

Հայատանը կը գտնուի տարածաշրջանի մը մէջ, ուր հետեւեալ երեք պետութիւնները երկարաժամկէտ առումով ունին որոշիչ դերակատարութիւն՝ Ռուսիան, Պարսկաստանը եւ Թուրքիան. վերջինիս նպատակն է բնաջնջել հայոց պետականութիւնը: Հետեւաբար ճշգրիտ արտաքին քաղաքականութեան մը հրամայականն է փնտռել այն եզրերը, որոնց շնորհիւ մեր սեփական շահերը պիտի համընկնին Ռուսական եւ Պարսկական շահերուն, առանց անպայման վտանգելու այն յարաբերութիւնները, զորս ունինք Արեւմուտքի հետ:

Աշխոյժ քաղաքական աշխատանք պէտք է տարուի հիւսիս-հարաւ ուղղութիւններով:

Ռուսիա պէտք է գիտակցի, որ Ուքրանիոյ պատերազմին հետեւանքով Ռուսական արտաքին քաղաքականութիւնը այսօր Հարաւային Կովկասի մէջ կը կորսնցնէ եւ պիտի շարունակէ կորսնցնել իր ազդեցութիւնը. աս իրողութունը առիթը կ՚ընծայէ, որ թուրքիա առաւել եւս ներթափանցէ տարածաշրջանէն ներս. նոյն ատեն Հայաստանի ժողովուրդին մէջ հակառուսական տրամադրութիւնները հասած են իրենց գագաթնակէտին, յատկապէս Արցախի հայաթափումին ընթացքին Ռուսիոյ ցուցաբերած անտարբերութեան լոյսին տակ. արեւմտամէտ ուժերու ջանքերով Ռուսական ուժերու ներկայութիւնը ուշ կամ կանուխ պիտի վտանգուի Հարաւային Կովկասի մէջ, հետեւաբար Ռուսիա պէտք է վերանայի իր արտաքին քաղաքականութեան, իր իսկ շահերէն մեկնած։

Գալով Պարսկատանին, պէտք է կարենալ ճշգրտօրէն գնահատել անոր դրական դերը Սիւնիքի դէմ ազերիական յարձակումներու սանձումին ուղղութեամբ: Արցախի հայութեան վերադարձը կը ծառայէ Իրանի անվտանգութեան բարձրացման, քանի որ այսօրուան դրութեամբ, Արցախէն ետք Ատրպէյճանի նկրտումները կրնան հասնիլ հիւսիսային Իրանի շրջաններ։ Արցախի հայաթափումը առաւել եւս պիտի նպաստէ, որ այդ գրաւեալ տարածքներէն Իրանի վրայ Իսրայէլի ճնշումը աճի: Ոչ ոք թող բացառէ Իսրայէլի կողմէ ատրպէյճանական հողերէն ռազմական գործողութիւններու հաւանականութիւնը Իրանի հանրապետութեան դէմ:

Ատրպէյճանի նկատմամբ Արեւմուտքի բարեացակամութինը միամտութիւն է, եւ այդ քաղաքականութիւնը արդէն իսկ ձախողած է։ Ատրպէյճան իր տարածաշրջանային շահերը նկատի ունենալով վերջին շրջանին կը մերժէ արեւմուտքի միջնորդութիւնը:

Բ.- Ներքին առումով՝ պէտք է շարունակել քարոզչական աշխատանքը, սթափեցնելու մեր ժողովուրդը, վանելու անտարբերութիւնը, յուսալքութիւնը եւ յարմարողականութիւնը: Ժողովուրդը պէտք է անդրադառնայ, որ մեծ խաբէութեան մը թիրախը դարձած է վերջին տարիներուն: Իսկական փրկութիւնը պիտի չգայ օտար պետութիւններէն, այլ մեր ժողուրդէն: Պէտք է կարենանք այդ վտանգի գիտակցութիւնը մեր ժողովրդի մեծամասնութեան փոխանցել, քարոզչական ազդու միջոցներով։

Ներկայիս դժբախտաբար հայութեան թշնամիները կրցած են լրջօրէն պառակտել հայութիւնը: Հայ քաղաքական, եկեղեցական, միութենական, հաւաքական կամ անհատ ուժերը, մէկդի ձգելով հատուածական շահերը եւ վնասակար զգուշաւորութիւնը, պէտք է միանան եւ համարձակութեամբ գործեն, յանուն ազգային եւ ուժեղ իշխանութեան մը կազմաւորման:

Գ.- Պէտք է առաջնահերթ նպատակ դարձնել բանակի վերականգումն ու հզօրացումը, ռազմարդիւնաբերութեան զարգացումը եւ ազգ-բանակ գաղափարի իրագործումը:

Գալով Արցախի եւ արցահայութեան ներկայի մարտահրաւէրներուն.

Ա.- Այօրուան դրութեամբ կը կարեւորենք բոլոր գերիներու եւ պատանդներու անյապաղ ազատ արձակումը։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանի գերեվարուած ըլլալը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի բոլորիս համար: Հարցը ազգային արժանապատուութեան հարց է: Պաքուի բռնապետական ռեժիմի խամաճիկ դատական համակարգին կողմէ արդարացի լուծում սպասելը ցնորք է։ Այս ուղղութեամբ ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցը կը մնայ Ատրպէյճանի վրայ միջազգային քաղաքական ճնշումը։ Միջազգային ճնշումը, Ալիեւի իշխանութեան վարկանիշի անկումը, Ատրպէյճանի ու անոր ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրառումը կրնայ հնարաւորութիւն տալ հասնելու այս նպատակին։ Հայկական բոլոր ուժերը պէտք է լծուին անխոնջ աշխատանքի, ներառեալ Հայաստանի պետութիւնը, որպէսզի հասնինք շուտափոյթ լուծումներու։

Բ.- Մարդասիրական աշխատանքներ.

Արցախահայերուն տրամադրուող մարդասիրական բազմաբնոյթ օժանդակութեան տրամադրումը, անոնց արժանապատիւ կեցութեան ապահովումը եւս առաջնահերթութիւն է։ Այս առումով ողջունելի են մեր ուղեկից միութիւններու, ՀՕՄ-ի եւ այլ կազմակերպութիւններու աշխատանքները. համայն հայութիւնը մասնաւորապէս Հայաստանի Պետութիւնը պէտք է լծուին Հայաստան հաստատուած արցախահայերու կենսակերպի եւ ընդհանրապէս կեանքի պայմաններու բարելաւումի աշխատանքներուն։ Կարելի բոլոր միջոցներով պէտք է կանխել արցախցիներու արտագաղթը Հայաստանէն։

Գ.- Արցախի պետական օղակներու գործունէութիւն.

Արցախի Հանրապետութեան պետականութեան հիմքերն ու արցախահայութեան իրաւունքները պէտք է պաշտպանուին, իսկ պետական մարմինները շարունակեն իրենց գործունէութիւնը։ Արցախի հարցը այժմէական պահելու առաջին նախադրեալը՝ այդ կառոյցներու պահպանումն է։

Դ.- Վերադարձ դէպի Արցախ.

Արցախ վերադարձի իրաւունքը պէտք է մշտապէս վառ պահել եւ համապատասխան աշխատանքներ տանիլ այդ ուղղութեամբ. միջազգային յստակ երաշխիքներու կիրարկումով պէտք է վերականգնել ազատ, ինքնիշխան ու ապահով կեանք մը ապրելու հնարաւորութիւնը Արցախի մէջ։ Մեր ջանքերուն շնորհիւ, արտաքին գետնի վրայ այս հարցը բազմիցս կը բարձրացուի, վկայ անցեալ շաբթուան Ֆրանսական ծեռակոյտի որդեգրած բանաձեւը: Վերադարձի համար առանցքային նշանակութիւն ունի Արցախի միջանկեալ կարգավիճակի տրամադրումն ու Հայաստանի հետ անխափան ցամաքային կապի ապահովումը։

Սիրելի՛ ներկաներ.

Այս բոլորը իրագործելու համար հայութեան առջեւ կը ծառանան բազմաթիւ հարցեր: Որպէս ժողովուրդի ծոցէն ծնած կուսակցութիւն, մենք ալ դէմ յանդիման կը գտնուինք զանազան մարտահրաւէրներու, որոնք պէտք է անյապաղ դառնան մեր աշխատանքներու ողնասիւնը։

Ա.- Որպէս հայ ժողովուրդի ազգային գաղափարախօսութիւնը դաւանող հիմնական քաղաքական ուժ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դէմ կը տարուի մոլեգին պայքար Հայաստանի իշխանութիւններու եւ այլեւայլ ուժերու կողմէ: Նպատակը մէկ է՝ տկարացնել կառոյցը, թերահաւատութիւն եւ կասկածամտութիւն սերմանել Դաշնակցութեան նկատմամբ, հեռացնել համակիրները կուսակցութենէն, խախտել մեր ինքնավստահութիւնը: Կը յայտարարենք, որ ինչպէս հեռու կամ մօտիկ անցեալին, շնորհիւ այս կուսակցութեան ներուժին եւ միասնականութեան, այս փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան:

Բ.- Ներկայի Հայատանի Հանրապետութեան մէջ ներքաղաքական մեր նպատակներուն հասնելու համար ՀՅԴ մարտավարութիւնը պիտի ըլլայ կազմակերպուած եւ հետեւողական, ինչպէս նաեւ միտի երկարաշունչ դիմադրական լայն կառոյց մը ձեւաւորելու։

Գ.- Կուսակցութեան տեսակէտները տարածելու եւ ժողովրդականութիւն շահելու համար յստակ քայլերու մշակումը անհրաժեշտութիւն է: Միաժամանակ հաստատենք, թէ իշխանութիւններուն հակաքարոզչութիւնը, Դաշնակցութեան ոչ ամփոխավար այլ պատասխանատու մօտեցումները եւ քարոզչական սահմանափակ միջոցները կը դժուարացնեն այս աշխատանքը:

Դ.- Ստեղծելու համար ներհայկական միասնականութիւն, պիտի շարունակենք մեր ջանքերը, համահայկական մակարդակով համախմբում յառաջացնող նախաձեռնութիւններ իրականացնելու համար:

Ե.- Կուսակցութեան կարեւոր մարտահրաւէրներէն է քայլ պահել սփիւռքին հետ, որպէս ապրող եւ յարափոփոխ մարմին։ Պիտի շարունակենք կազմակերպել սփիւռքը, պայքարիլ ներքին ախտերուն, լճացումին, ճակատագրապաշտութեան դէմ։ Ժամանակը կ՚անցնի, խնդիրները կը բարդանան, կը բազմանան եւ կը դառնան այլազան, մղելով մեզ որ մենք եւս մեր ուղեկից միութիւններուն հետ յանձն առնենք սփիւռքը յուզող խնդիրները, ինչպէս՝ լեզուն, կրթութիւնը, ընկերային հարցերը եւ այլն։ Արձանագրենք, որ յաջող ծրագիրները բազմաթիւ են: Այս ծիրէն ներս, Հայաստանի իշխանութիւնները ոչ միայն չեն օժանդակեր յաղթահարելու այս բարդ կացութիւնը, այլ կը փորձեն քանդել այն ինչ կառուցուած է տասնամեակներէ ի վեր: Շնորհիւ մեր դիմադրութեան անոնք մինչ օրս ձախողեցան եւ պիտի շարունակեն ձախողիլ:

Փակագիծ մը բանանք հոս. նախորդող օրերուն, Գանատայի մէջ զանազան հանդիպումներս եւ այցելութիւններս առիթ հանդիսացան արժեւորելու այս գաղութին մէջ տասնամեակներու ընթացքին կատարուած հսկայական աշխատանքը Հայ Դատի, համայնքային, կրթական, տնտեսական ոլորտներուն մէջ։ Սփիւռքի կազմակերպական վերաթարմացումը, երիտասարդութեան ներգրաւումը, կառոյցներու աշխուժացումը, ղեկավարութեան երիտասարդացումը, որոնք կարեւոր նպատակներ են մեզի համար։ Ասոր առընթեր, կը վերահաստատենք, որ սփիւռքը ինքնանպատակ մարմին մը չէ, եւ սփիւռքը Հայաստանէն կամ Հայաստանը սփիւռքէն կտրելու բոլոր ջանքերը անընդունելի են։

Զ.- Քաղաքական առումով՝ հակառակ Հայաստանի իշխանութիւններուն ստեղծած խոչընդոտներուն, սփիւռքի մէջ պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը Հայ Դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու ճամբով եւ արհեստավարժ մօտեցումով:

Է.- Ներկազմակերպական առումով՝ մեր աշխատելաոճին մէջ, յաւելեալ թափ պիտի տանք արդիականացման, պիտի աշխատինք հզօրացնելու մեր կազմակերպական ցանցը սփիւռքի, բայց մանաւանդ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին: Իսկ երիտատարդական մակարդակի վրայ պիտի պատրաստենք մարտունակ երիտասարդութիւն եւ նորարարական ծրագիրներով պիտի համախմբենք հայ երիտասարդութիւնը մեր նպատակներուն շուրջ:

Սիրելի՛ ներկաներ.

Հասած ենք այնպիսի օրհասական պահու, որ ելքեր գտնելու եւ վերոնշեալ ծրագիրները իրագործելու համար անհրաժեշտ է հաւատք եւ հետեւողական աշխատանք։

Ծրագրուած գործ` անխտիր բոլոր ոլորտներուն մէջ, որպէսզի ունենանք հզօր պետութիւն, մարտունակ բանակ, գիտակից հայութիւն, ամուր սահմաններ, միջազգային նեցուկ մեր պահանջներուն եւ կազմակերպուած սփիւռք:

Երկարաժամկէտ առումով, հայ ժողովուրդի պայքարելու կամքն ու վճռականութիւնն են, որոնք պիտի ստեղծեն քաղաքական, տնտեսական ու ռազմական հնարաւորութիւններ, որպէսզի ժամանակաւոր պարտութիւնները վերածենք մշտական յաղթանակներու:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը 133-ամեայ իր փորձառութեամբ, յանձնառու է իր առաւելագոյնը ի սպաս դնելու համահայկական վերելքի նախապայմաններու ստեղծումին եւ իրագործման։

Յարատեւ կռուի պատգամը առաւել քան այժմէական է այսօր։

 

Աղբյուրը՝ horizonweekly.ca