կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-03-05 09:55
Սփյուռք

Հայաստանի դռանցքը եւ ԱՄՆ-ի ռազմավարական կարճատեսութիւնը

Հայաստանի դռանցքը եւ ԱՄՆ-ի ռազմավարական կարճատեսութիւնը

   Մեծապետական դիտանկիւնէն ներկայ Հայաստանը իր փոքր հողատարածքով եւ փոքրաթիւ բնակչութեամբ քաղաքական թէ տնտեսական յատուկ շահեկանութիւն չի ներկայացներ Կովկասեան տարածաշրջանի մէջ գործելու յաւակնութիւն ցուցաբերող մեծ ուժերուն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն (ԱՄՆ), Ռուսաստանին, Եւրոպական միութեան, Չինաստանին, Թուրքիոյ կամ Իրանին։ Շահեկանութեան գծով նոյնանման վիճակ կը պարզեն նաեւ Հայաստանի հարեւան միւս երկու երկիրները՝ Վրաստան եւ Ատրպէյճան, եթէ պահ մը զանց առնենք վերջինին քարիւղի  պաշարները։

   Հաւաքաբար՝ Հարաւային Կովկասի երեք անկախ հանրապետութիւնները, շուրջ 18 միլիոն բնակչութեամբ եւ 71 հազար քառակուսի մղոն տարածութեամբ, չեն կրնար կարեւորութեան յաւակնութիւնը ունենալ։ Սակայն անոնց աշխարհագրական դիրքը կը գերակշռէ աշխարհաքաղաքական հասկացողութեամբ։ Այս շրջանը կը գտնուի միջցամաքային այն ուղիներուն վրայ, որոնք արտաքին ուժերուն համար կը հարթեն ճանապարհները՝ հիւսիսէն հարաւ, արեւմուտքէն արեւելք եւ հակադարձաբար։ Այս տարածաշրջանը ռազմավարական արժէք կը ներկայացնէ բոլոր այն ուժերուն, որոնք շրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ կը ձգտին պահպանելու եւ տարածելու իրենց ապահովական շահերը։

   Իր զինուորական ուժի տարողութեամբ, տնտեսական կարողութիւններով եւ արհեստագիտական կարողականութիւններով ԱՄՆ-ը Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ գործող գերտէրութիւնն է։ Հայաստան նոյն տարածաշրջանի մէջ միջցամաքային ուղիներու վրայ գտնուող փոքրագոյն երկիրն է։ Սակայն, հակառակ ուժանիւթային պաշարներու աղքատութեան եւ տնտեսական մեծ շուկայի մը բացակայութեան, Հայաստան ունի աշխարհաքաղաքական որոշ յաւելեալ տուեալներ, որոնք պէտք է շահագրգռութեան առանցքը դառնան ԱՄՆ-ի ռազմաքաղաքական հաշուարկներուն մէջ։ Հայաստան նաեւ ունի իր Ամերիկեան եւ Արեւմտեան Սփիւռքները, որոնք ունին որոշ լծակներ՝ ԱՄՆ-ի վարքագծային ուղղութիւններուն վրայ ճնշելու կարողականութեան իմաստով։

   Խորհրդային Միութեան փլուզումով աշխարհակարգի միաբեւեռ դրութեան պայմանները կարելի դարձուցին կովկասեան տարածաշրջանէն ներս ամերիկեան քաղաքական, տնտեսական ու ապահովական նպատակներու զարգացումը եւ այդ գծով ամերիկեան ազդեցութեան տարածումը: Սակայն պէտք է նկատել, թէ նախապէս ԱՄՆ քաղաքական թէ ռազմավարական շահագրգռութիւն չէր ցուցաբերած տարածաշրջանին նկատմամբ՝ խորհրդային բռնապետութեան առկայութեան հասկնալի պատճառներով։

   Հետեւաբար ԱՄՆ-ի ընդհանուր ռազմավարութեան մէջ այս տարածաշրջանի եւ յատկապէս Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներու` Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի ռազմավարական արժէքը աստիճանաբար զարգացաւ: Յաջորդող երեք տարիներուն, աշխարհաքաղաքական տուեալներու նոր անդրադարձներու լոյսին տակ, Հարաւային Կովկասը սկսաւ նկատուելու ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան առանցքային տարրերէն մէկը:

    ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐԸ

   Պատմականօրէն եւ յատկապէս խորհրդային շրջանին Հարաւային Կովկասը, ինչպէս նշուեցաւ, ամերիկեան ռազմավարական հաշուարկներուն մէջ յատկանշական տեղ չէր գրաւած: Այս անտեսումը սկսաւ փոփոխութեան ենթարկուիլ 1991-էն ետք, երբ Խորհրդային Միութեան փլուզումով տարածաշրջանի երկիրները հերթաբար վերածուեցան անկախ հանրապետութիւններու: Սկզբնական շրջանին ԱՄՆ-ի համար վարքագծային սկզբունք էր զօրակցիլ նորանկախ հանրապետութիւններու անկախութեան հաստատման, ժողովրդավարացման, ազատ շուկայական դրութեան ստեղծման եւ ԵւրոԱտլանտեան կառոյցներուն մէջ անոնց համարկման: Այլապէս, բացի նշեալ թիրախներէն, Ուաշինկթընի համար շրջանէն ներս ապահովական հիմնական այլ շահեր նկատառելի չէին: ԱՄՆ-ի այս մօտեցումը լիովին կ’ընդգրկէր նաեւ Հայաստանի պարագան, մէկ յաւելումով, որ, շնորհիւ ամերիկահայութեան ակնկալութիւններուն ու յատկապէս Հայ դատի յանձնախումբի ճիգերուն, ԱՄՆ-ի վարքագծին մէջ ներառնուեցան Հայաստանի համար տնտեսական եւ մարդասիրական օժանդակութեան նկատառումները։

   Ռազմավարական հասկացողութեան ամերիկեան պաշտօնական առաջին շահագրգռութիւնը ի յայտ եկաւ 1994-ին, երբ ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան քարտուղարութիւնը (նախարարութիւնը) առանձնացուց Հարաւային Կովկասը իբրեւ ռազմավարական արժէքով կարեւոր շրջան, որ կարողականութիւնը ունի վերածուելու Ռուսիոյ եւ Միջին Արեւելքի միջեւ հաստատուած անկախ ու արեւմտամէտ պետութիւններու գօտիի: Այսուհանդերձ, Պաշտպանութեան քարտուղարութեան նշեալ անդրադարձումը այդ օրերուն վարքագծային մակարդակի չհասաւ: Պէտք էր սպասել տարի մը եւս, երբ կասպեան քարիւղի պահեստներու փաստն ու անոնց արտաբերման կարելիութիւնները ԱՄՆ-ի ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին Հարաւային Կովկասի վրայ:

   ա. Կասպեան քարիւղը եւ Արցախը: Ուժանիւթի քաղաքականութիւնը գլխաւոր մղիչը հանդիսացաւ շրջանէն ներս ամերիկեան շահագրգռութեան: Ասով հանդերձ, շրջանին նկատմամբ ամերիկեան քաղաքականութեան մշակման մէջ ռազմավարական հարցերը տակաւին գլխաւոր նկատառումներ չէին: Ամէն պարագայի, շնորհիւ քարիւղի ընդարձակ պահեստներու փաստին եւ շրջանին մէջ արդէն իսկ կայք հաստատած ամերիկեան քարիւղի ընկերութիւններու զգալի ներկայութեան, ԱՄՆ սկսաւ նշանակալից նեցուկ տրամադրել կասպեան ուժանիւթի աղբիւրներու զարգացման:

   Հետաքրքրական այս նոր մօտեցումը գլխաւոր երեք մղումներ ունէր: Առաջին, ուժանիւթի արտադրութեան դերը շրջանի պետութիւններու գերիշխանութեան ամրապնդման մէջ: Երկրորդ, քարիւղի ամերիկեան ընկերութիւններու շահերուն ապահովումը: Եւ երրորդ, կասպեան քարիւղը իբրեւ արտամիջինարեւելեան ուժանիւթի կարեւոր աղբիւր: Այս երեք տուեալներու հիմամբ, Ամերիկան մշակեց «բազմապատիկ քարիւղատարներ» կառուցելու տեսութիւնը, որուն թիրախն էր զլանալ որեւէ շրջանային ուժի, յատկապէս՝ Ռուսաստանի, կասպեան քարիւղի՝ միջազգային շուկաներ փոխադրութեան մենաշնորհը: Յստակ էր, որ այս թիրախը միաժամանակ հետամուտ էր նսեմացնելու շրջանէն ներս Ռուսաստանի տարածած ազդեցութիւնը: Բազմապատիկ քարիւղատարներու քաղաքականութեան առաջին պսակումը հանդիսացաւ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղատարի կառուցումը:

   Շրջանէն ներս ամերիկեան նոր շահագրգռութիւնը հեզասահ ընթացք չունեցաւ: Առաջին, Հայաստանը եւս նպաստաւորելու նպատակադրեալ մերժումի քաղաքականութիւնը, որ փորձուեցաւ իրականացնել Հայաստանը շրջանցող ճանապարհներով, հանդիսացաւ աւելի ծախսալից եւ բարդ։ Երկրորդ, տարածաշրջանի անհակակշռելի նկարագիրը դժուարին խնդիրներ յարուցեց ԱՄՆ-ի ռազմավարութեան համար։ Երրորդ եւ հաւանաբար կարեւորագոյնը, Լեռնային Ղարաբաղի հարցն էր, որ մէկ կողմէ պատերազմական վիճակ առաջացուցած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, իսկ միւս կողմէ Հայաստանը ենթարկած էր Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ ամբողջական շրջափակման: Այս կացութեան հետեւանքով յառաջացած շրջանային անկայունութիւնը կը սպառնար կասպեան քարիւղի շահարկման ծրագիրներուն: Միաժամանակ այս կացութիւնը նաեւ կը խոչընդոտէր շրջանի երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու բնականոն զարգացումը:

   Արցախի հարցին հետեւանքով ամերիկեան քաղաքականութեան դիմակալած դժուարութիւնները հաւանաբար աւելի դիւրութեամբ հարթուէին, եթէ Ատրպէյճան յաղթական կողմը հանդիսանար: Այս իմաստով, հայկական կողմի յաղթանակը կենսական երաշխիք մըն էր Հայաստանի ազգային շահերու վնասազերծման տեսակէտէն: Այս երաշխիքին վրայ պէտք է աւելցնել 1992-ին ԱՄՆ Քոնկրէսի որդեգրած ազատութեան զօրակցութեան օրէնքի 907-րդ պարբերութիւնը, որ մինչեւ 2002 թուականը արգիլեց ԱՄՆ-ի կողմէ Ատրպէյճանին համար որեւէ ձեւի պաշտօնական օժանդակութիւն: Այս պարբերութեան արժէքը այն է, որ 1992-էն 2002 երկարող տագնապալի ժամանակաշրջանին ան խափանեց տարածաշրջանէն ներս ԱՄՆ-ի հաւանական ազերիանպաստ քայլերը: Այս առումով միշտ ուսանելի պէտք է ըլլայ 907-րդ պարբերութեան դասը, որ կ’ապացուցէ ԱՄՆ-ի քաղաքական վարքագծին վրայ ամերիկահայութեան ազդեցութեան կարողականութիւնը:

   բ. Անվտանգութեան գերակայութիւնը՝ Կեդրոնական Ասիա, Միջին Արեւելք, Չինաստան եւ Իրան: Ամերիկեան հողատարածքին վրայ կատարուած 2001-ի սեպտեմբեր 11-ի ահաբեկչական արարքները ռազմավարական նոր արժեւորումի ենթարկեցին ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքական վարքագիծը՝ գերակայելով ԱՄՆ-ի անվտանգութեան ապահովումը հակականխիչ (preemptive) եւ կանխարգելիչ (preventive) ռազմական գործողութիւններով:

   Միջազգային ահաբեկչութեան եւ յատկապէս Աֆղանիստանի դէմ շղթայազերծուելիք պատերազմի ամերիկեան ծրագրումներուն մէջ ռազմավարական հիմնական կարեւորութիւն ստացան նախկին Խորհրդային Միութեան հարաւային շրջանները:Ասիոյ սրտին մէջ կայանալիք պատերազմի յաջողութեան համար անփոխարինելի կռուաններ էին Կեդրոնական Ասիոյ հինգ երկիրները ու Հարաւային Կովկասի երեք հանրապետութիւնները:

   Երկրորդ, ռազմական գործողութիւններուն զուգահեռ, Հարաւային Կովկասի ռազմավարական արժէքը նաեւ քարիւղի փոխադրութեան քաղաքականութիւնն էր։ Կասպեան քարիւղի ու Կեդրոնական Ասիոյ բնական կազի դէպի Արեւմուտք եւ Իրան փոխադրութեան դիտանկիւնէն ԱՄՆ-ի համար կենսական արժէք կը ներկայացնէ Հարաւային Կովկասը:

   Երրորդ, Միջին Արեւելքի քաղաքական հեռանկարներու որոշման բնագաւառներուն մէջ նկատառելի էր Հարաւային Կովկասի ռազմավարական կարեւորութիւնը: Միջին Արեւելքի մէջ իր քաղաքական հեռանկարներու իրագործման կապակցութեամբ Ամերիկան սկսաւ նկատի առնել Հարաւային Կովկասի աշխարհագրական մերձակայութեան ընձեռած կարելիութիւնները:

   Չորրորդ, աստիճանաբար զարգացաւ նաեւ միջցամաքային ուղիներուն Չինաստանի հասանելիութեան կարելիութիւնը։

   ԱՄՆ-ի համար նման կարելիութեան մը հակակշռումը սեփական անվտանգութեան խնդիր է։ Այսպիսի հակակշռումի բանալին Հարաւային Կովկասի տարածքի աշխարհաքաղաքական դրուածքին մէջ է։

   Հինգերորդ, Իրանը իր հազարամեայ պատմութեամբ եւ կառոյցներով թիրախը դառձաւ ԱՄՆ-ի նոր պահպանողականութեան գաղափարախօսական վարքագծին։ Միջինարեւելեան ռազմադաշտէն անդին ԱՄՆ-ի վարքագիծի հեղինակները ակնկալութիւնը ունեցան Իրանը հարուածելու անոր հազարամեայ հարեւաններուն միջոցով, այս պարագային՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն ձեռքով։

   Այսուհանդերձ, հարցը այն է, թէ ԱՄՆ-ն որքանո՞վ կարողացաւ կամ կամեցաւ աշխարհաքաղաքական ռազմավարութիւն զարգացնել ու գործադրել՝ հիմնուելով տարածաշրջանի երեք երկիրներու ներկայացուցած աշխարհագրական կարեւորութեան վրայ։ Պատասխանը այն է, որ ԱՄՆ-ը աստիճանաբար հեռացաւ աշխարհաքաղաքական իրականութենէն։ Ան անտեսեց տարածաշրջանը՝ իբրեւ աշխարհաքաղաքական դերակատար, եւ երեք հանրապետութիւնները նկատեց քաղաքականօրէն շահագործելի ժամանակաւոր իրեր, ընդդէմ իր (ԱՄՆ-ի) ճշդած թիրախներուն։

   ԱՄՆ-ի նեցուկն ու աջակցութիւնը վայելող «գունաւոր յեղափոխութիւնները» լաւագոյն ապացոյցն են տարածաշրջանի նկատմամբ ԱՄՆ-ի աշխարհաքաղաքական հեռատեսութեան պակասին։ Ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան հաստատման ձեւականութեան շղարշի ետին, այս «յեղափոխութիւնները» ամերիկեան շահերուն սպասարկելու կոչուած պետական հարուածներ էին։ Շուտով փաստուեցաւ, որ իշխանութեան տիրացած «յեղափոխականները» աւելի բռնատիրական դարձան, յար եւ նման իրենց փոխարինած իշխանաւորներուն։

   Ատրպէյճանին խնայուեցաւ «գունաւոր յեղափոխութիւն» մը, որովհետեւ այս երկիրը ոգի ի բռին լծուած էր ԱՄՆ-ի քաղաքական կառքին։ Վրաստանի մէջ «գունաւոր յեղափոխութիւնը» իշխանութեան բերաւ իշխող դասակարգ մը, որ շուտով դրսեւորեց իր մենատիրական ձգտումները, սակայն պահելով իր ամերիկեան արեւելումը։ Ռուսաստան չհանդուրժեց իր մերձակայութեան մէջ կատարուող ամերիկեան ոտնձգութիւնը՝ ճզմելով անոր հեղինակները։ ԱՄՆ-ը նոյնիսկ իր ճկոյթ մատը չշարժեց օգնելու համար իր իսկ ջանքերով իշխանութեան հասած «յեղափոխականներուն»։

   Հայաստանի պարագային առնուազն երեք անգամ փորձը կատարուեցաւ «գունաւոր յեղափոխութեան», որ յաջողութիւն գտաւ 2018-ին ծայր առած ժողովրդական շարժումով։

   ԱՄՆ-ի համար տարածաշրջանի «գունաւոր յեղափոխութիւնները» աշխարհաքաղաքական ոչ մէկ նկատառում կը ներկայացնեն։ Անոնք պարզապէս շահագործելի իշխանափոխութիւններ են ընդդէմ ԱՄՆ-ի ճշդած թիրախին, որ այս պարագային գլխաւորաբար Ռուսաստանն է։

   Հայաստանի մէջ կատարուած իշխանափոխութիւնը ամէնէն վտանգաւորն է՝ հայութեան ազգային շահերու եւ ապագայի տեսանկիւնէն։ Հայաստանի իշխանաւորներու ձեռամբ ԱՄՆ հետամուտ է երեք նպատակներու.

   ա. Արցախեան հարցի ազերիանպաստ կարգաւորում,

   բ. Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վերջնական հաշտեցում՝ առանց հայկական կողմի հողային պահանջներու գոհացման,

   գ. Հայաստանի գործօն մասնակցութիւն՝ Իրանի դէմ ԱՄՆ-ի շղթայազերծած քաղաքական եւ տնտեսական պատերազմին։

   Փաստօրէն, իր ռազմավարական հաշուարկներուն մէջ ԱՄՆ անտեսումի կ’ենթարկէ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը եւ կը կեդրոնանայ այս երկրի շահագործման՝ ի գին հայութեան ազգային շահերուն։ Այս իմաստով, Հայաստան զոհն է Պետական քարտուղարութեան եւ ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութեան մասնագէտներուն մօտ կէս դարէ աւելի արմատացած «խմբային մտայնութեան» (group think), որուն մեջ Հայաստանը եւ հայութիւնը կը դիտուին Թուրքիոյ ռազմավարական ակնոցներով։

   Բայց Հայաստան Հարաւային Կովկասի կարեւոր դռանցքն է, որուն արժէքն ու կարեւորութիւնը պէտք է ներմուծել ԱՄՆ-ի անվտանգութեան մտածողութեան մէջ։

   Այս մասին յաջորդով։

   («Դ.».- Յօդուածագիրը իրաւաբան է։ 1989-92 տարիներուն վարած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի տնօրէնի պաշտօնը։ Այժմ կ’ապրի Լոս Անճելըս։)

ԴՐՕՇԱԿ, Փետրուար 2020

Սեդօ Պոյաճեան