Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Բոլոր երկիրներու մէջ կան եւ պիտի ըլլան քրէական գործով դատապարտեալ որոշ կալանաւորուածներ, որոնք սեփական նպաստաւորման ակնկալութեամբ, պատրաստ են սուտ վկայութիւն տալու։
Բոլոր երկիրներու մէջ կան եւ պիտի ըլլան դատախազական թէ քաղաքական մակարդակով մարդիկ, որոնք պատրաստ են իրենց յատուկ նպատակներուն համար քաջալերելու սուտ վկայութեան տրամադիր կալանաւորուածը։
Հայաստան, ինչպէս վերջին զարգացումները կը հաստատեն, նման գործընթացէ զերծ չէ։
Թերեւս հասկնալի է դատախազի մը շուտիկութիւնը՝ կորզելու համար կալանաւորուածին սուտ վկայութիւնը՝ այլ ամբաստանեալի մը դէմ։ Անշուշտ, ըստ օրէնքի եւ իրաւական էթիկայի սկզբունքներու, դատախազի կողմէ նման պատրաստակամութիւն սխալ է, հակաօրինական է, եւ ըստ այնմ դատարանին կողմէ պէտք է անընդունելի համարուի տուեալ կալանաւորուածի սուտ վկայակոչութիւնը։
Հարցը, սակայն, աւելի վտանգաւոր կը դառնայ, երբ սուտ վկայակոչութեան պատուէրը կը կատարուի քաղաքական յետին նպատակներով։ Նման պարագայի խնդրոյ առարկայ կը դառնան երկրին անվտանգութիւնը եւ պետութեան կայունութիւնը։
«Հոկտեմբեր 27»ի ոճրային արարքը տխուր եւ դատապարտելի էջ մըն է վերանկախացած Հայաստանի պատմութեան մէջ։ Էջ մը՝ որ պէտք չէ կրկնուի երբե՛ք։ Էջ մը՝ որ փակուած կը համարուէր։
Ցաւալիօրէն, այսօր, փակուած համարուող այդ էջէն քսան տարի ետք, որոշ մարդիկ, ին՜չ-ին՜չ հաշիւներով, ճամբայ ելած են վհուկարշաւի մը, որուն նպատակը ճշմարտութիւնը երեւան բերել չէ, իսկական ոճրագործը յայտնաբերել չէ, արդարութեան հետապնդում չէ։ Այլ՝ պարզապէս քաղաքական հաշիւ մաքրել է՝ իշխանական դիրքեր ապահովելու կամ ամրապնդելու համար։
Իրենց այս նոր վհուկարշաւին մէջ, այս որոշ մարդիկը դոյզն իսկ չեն մտահոգուած մեր երկրի կայունութեամբ եւ պետութեան ամրութեամբ։ Քսան տարի լուռ մնալէ ետք, այս մարդիկը քաղաքական արշաւի ելած են շինծու վարկածներ իբրեւ նորութիւն ներկայացնելով եւ անոնց փաստարկման համար դատապարտեալ ոճրագործի մը սուտ վկայութիւնը աղերսելով։
Հայրենիքն ու պետութիւնը վտանգած «Հոկտեմբեր 27»ի էջը շատոնց փակուած է։ Պէտք է յիշել եւ երբեք չմոռնալ այդ էջը՝ կառչելով մեր երկրի կայունութեան պահպանումի գործին ու պետութեան հզօրացման աշխատանքին։
Բնականաբար, ինչպէս օրէնքը կը տրամադրէ, աւարտուած դատ մը կարելի է վերաբանալ երբ յայտնաբերուած են հիմնաւորեալ նոր փաստական տուեալներ։ Այդպիսի աշխատանք իրաւական մարմիններու իրաւասութիւնն ու պարտականութիւնն է։ Սակայն, վարկածներն ու ենթադրութիւնները դատի մը վերաբացման համար ընդունելի հիմքեր չեն։
Իսկ երբ նման վարկածներ կը մեկնին վկայութիւն եւ խոստովանութիւն կատարած կալանաւորուածի մը նորովի վկայակոչութեան քաջալերանքով, արդարութեան վերականգնման եւ ճշմարտութեան բացայայտման յայտարարութիւնները կը դառնան իրաւականօրէն խոցելի եւ քաղաքականօրէն կասկածելի։ Նման մօտեցում, որ ինչպէս այսօր տեղի կունենայ, նոր վհուկարշաւի ազդը կը դառնայ՝ ի վնաս մեր հաւաքական ու պետական անվտանգութեան։
Վերանկախացած հայրենիքի մէջ կեղծ ու սուտ վկայակոչումներով վհուկներ որոնելու ոմանց մարմաջն ու քաղաքական ակնկալութիւնները ճիշդ ճանապարհը չեն, չեն եղած ու չեն կրնար ըլլալ։ Անոնք պարզապէս կը վտանգեն ժողովուրդը եւ կը հարուածեն պետական հիմերը։
Վհուկները պէտք է հանգիստ ձգել եւ կալանաւորուած ոճրագործը պէտք չէ խանգարել...։
Սեդօ Պոյաճեան