Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ազատութեան հրապարակի վրայ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հանրահաւաքը ազգային հրամայականն էր ի դէմ երկիրը շրջապատող այն համայնապատկերին, ուր աստիճանաբար կը զարգանայ վտանգաւոր իրավիճակ՝ իր բոլոր տեսանելի եւ անկանխատեսելի ճգնաժամերով։ Ներկայ պայմաններու տակ, վստահաբար միայն Դաշնակցութիւնն էր, որ իր քաղաքական փորձառութեամբ եւ ազգային բծախնդրութեամբ, կարող էր ներկայացնել հարցերը իրենց ամբողջ մերկութեամբ՝ ի հեճուկս վարչապետի վայելած ժողովրդականութեան եւ Ազգային Ժողովի մէջ ամբարած ջախջախիչ մեծամասնութեան։
Երկրին համար պահը վտանգաւոր է՝ լի այլազան որոգայթներով։ Պահը լուրջ է, ուստի լրջանալու պահն է։ Զգաստանալու պահն է։ Երկիրը անդունդի եզրէն ետ բերելու պահն է։ Երկրին նաւը փոթորկած ջուրերէն խաղաղ ափեր առաջնորդելու պահն է։ Այս էր Դաշնակցութեան պատգամը համայն հայութեան՝ հայրենիքէն մինչեւ Սփիւռքի ամենէն հեռաւոր գաղթօճախները։
Տարբեր չէր կրնար ըլլալ այդ պատգամը։ Քանի որ խորապէս ցաւալի եւ միաժամանակ խստօրէն մտահոգիչ է ներկայ իշխանաւորներու երկիրը առաջնորդելու ղեկավարման ընթացքը։ Մօտ տասը ամիս իշխանութեան ղեկին, կառավարութեան ամբողջական ուժն ու հեղինակութիւնը սեփականացուցած, ներկայ իշխանաւորները ցարդ ոչ մէկ շօշափելի բարելաւում կատարեցին հայրենի ժողովուրդը յուզող գրեթէ բոլոր բնագաւառներէն ներս։ Ազգային Ժողովը իր ամբողջական հակակշիռին տակ պահող այս իշխանաւորները ցարդ ոչ մէկ հիմնական օրէնսդրութիւն կայացուցին յեղափոխելու կամ առնուազն բարեշրջելու համար հայրենիքի անկումային վայրէջքը։
Գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւնները անձնականացնելով հարուածեցին պետական կառոյցի հիմերը եւ ազգային արժէքները։ Հերթը հասաւ մինչեւ դատական իշխանութիւն։ Մինչեւ իսկ տապալեցին սահմանադրութիւնն ու անոր ամրագրած ժողովրդավարութիւնը՝ նսեմացնելով պետութեան երեք իշխանութիւններու անկախութիւնն ու տարանջատումը։
Եղածը պարզապէս պետական կառոյցները զաւթելու եւ անձնականացնելու քաղաքական վարքագիծ մըն է, որ համաճարակի նման կը տարածուի բոլոր այն սիւներուն, որոնց վրայ կառուցուած է մեր պետութիւնը։ Վարքագիծ մը, վերջապէս, որ բոլշեւիզմի նման կը փորձէ երկիրն ու ժողովուրդը խորթացնել իր պատմական ու մշակութային արժէքներէն, որոնք պատուանդանը եղած ու կը մնան մեր ազգային նկարագրին ու առաքելութեան։
Այս ազգայնօրէն յոռի ու հայրենականօրէն անյարիր վարքագիծը պէտք էր խնայուէր մեր երկրին ու ժողովուրդին։ Այդպէս չեղաւ, ցաւ ի սիրտ, այլ՝ պարտադրուեցաւ ներկայ իշխանաւորներու մտայնութիւնը, հոգեվիճակը եւ գործելաոճը։ Իբրեւ արդիւնք, անտեսուեցան ժողովուրդը, ժողովուրդի բարօրութիւնը, մշակութային հզօրանքը, ազգային դիմագիծն ու էութիւնը բնորոշող արժէքները։ Փորձուեցաւ ազգամիջեան սեպեր խրել։ Արցախը լուսանցքայնացնելու, սակարկելու եւ մինչեւ իսկ վտանգելու դրսեւորումներ կատարուեցան բարձրագոյն մակարդակներու վրայ։ Տակաւին չենք խօսիր մեր ժողովուրդի իրաւազրկման արդարահատուցումը մոռացութեան տալու եւ Սփիւռքեան գաղթօճախները տագնապեցնելու փորձերը։
Այս բոլոր թերացումներէն անդին եւ աւելին, ցաւալին ու մտահոգիչը այս իշխանաւորներու ապիկար վերաբերմունքն է երկիրի անկումային վայրէջքը կասեցնելու եւ բարելաւումներ բերելու յանդգնութիւնը ցուցաբերող ուժերուն դէմ։ Այդ ուժերէն է Դաշնակցութիւնը, թերեւս միակը, որ խիզախութիւնը ունի մատնացոյց ընելու սխալը ու միաժամանակ գործակցութեան ձեռք երկարելու իշխանութեան, որպէսզի կասեցուի երկրին սպառնացող մայրամուտը։
Դաշնակցութիւնը այս հանրահաւաքին ըսաւ իր խօսքը ամենայն հարազատութեամբ, խարազանեց իշխանութիւններուն թերութիւնները ամենայն անկեղծութեամբ, հիմնաւորեց իր նկատողութիւնները առանց լոզունգներով եւ քինախնդրութեամբ, ներկայացուց երկրի ու ժողովուրդի վերելքին միտող իր առաջադրութիւնները՝ համեստութեամբ ու պատասխանատուութեան գիտակից քաղաքական կուսակցութեան վայել ձեւով ու բովանդակութեամբ։
Դաշնակցութիւնը դաւաճաններ չփնտռեց մեր իշխանաւորներուն մէջ։ Թշնամիներ չտեսաւ հայրենի իշխանութիւններուն մօտ։ Ընդհակառակը, Դաշնակցութիւնը որոնեց գիտակիցն ու գործակիցը անոնց մէջ։ Այդ յանձնառութեամբ իր ամբողջական գործակցութեան ձեռքն ու նեցուկը երկարեց իշխանաւորներուն, որպէսզի միասնաբար փրկենք ու զարգացնենք երկիրն ու ժողովուրդը։
Իմաստուն եւ հեռանկարային առաջնորդը գիտէ տեսնել եւ ընդունիլ սխալը։ Ան ընդունակ է սրբագրելու իր ընթացքը եւ կառուցելու իր վարքագիծը ճիշդ ուղիին վրայ։ Երկիրը կը յառաջդիմէ միայն այդ ճանապարհով, ժողովուրդին կեանքը կը բարելաւուի միայն այդ ուղիով։
Դաշնակցութեան այս հանրահաւաքը լաւագոյն առիթն է վարչապետին ու իր գործակիցներուն համար, որպէսզի միասնաբար կառուցենք լաւը եւ միասնաբար նաւավարենք մեր նաւը դէպի լաւագոյն ապագայ։ Եթէ անոնք գործակցութեան տեղ չեն տեսներ Դաշնակցութեան հետ, Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ ըլլալ իրենց նեցուկ եւ աջակից՝ ի սպաս լաւ երկրի կերտման ու բարօր ժողովուրդի կայացման։
Ամէն պարագայի, Դաշնակցութիւնը տրաքած է երկրի ու ժողովուրդի վերելքի ճանապարհի ազդանշանը։ Դաշնակցութիւնը պարտաւոր է տարածելու այդ ազդանշանը համայն հայրենիքին ու համայն հայութեան՝ Երեւանէն մինչեւ Գիւմրի, Լորիէն մինչեւ Աշտարակ, Գորիսէն մինչեւ Շուշի, եւ մինչեւ Հայկական Սփիւռքի ամենէն հեռաւոր գաղութները։
Սա մեր հայրենիքն է, սա մեր ժողովուրդն է։ Եթէ մենք թերանանք ու սխալինք, այլեւս աններելի է։ Այս յանձնառութեամբ Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ կը մնայ մեր հողին ու մեր ժողովուրդին, որպէսզի կրկին անգամ չսխալինք եւ վերջնականապէս կասեցնենք այս երեսնամեայ մայրամուտը։
Սեդօ Պոյաճեան
Լոս Անճելըս