Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
2008 թուականին Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի հիւանդանալէն ետք հայ համայնքը իշխանութիւններուն ուղղեալ դիմումներ կատարած էր պատրիարքի ընտրութեան թոյլտուութիւն պահանջելով։ Իսթանպուլի կուսակալութիւնը մերժած էր այդ դիմումները, պնդելով թէ պատրիարքներ անժամկէտ կը պաշտօնակոչուին եւ հետեւաբար իրենց կենդանութեան օրօք կարելի չէ նոր պատրիարքի ընտրութիւն ընել։
Դարձեալ կուսակալութեան թելադրանքով Կրօնական ժողովը փոխանորդ նշանակեց Արամ Արք. Աթէշեանը։ Պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը առարկած էր այս աննախադէպ գործադրութեան դիմաց եւ դիմած էր դատարան, ընտրութեան իրաւունքը պաշտպանելու համար։ Երբ դատարանը մերժած էր այս պահանջը խնդիրը փոխադրուեցաւ Սահմանադրական ատեան։
Սահմանադրական ատեանը 22 Մայիս չորեքշաբթի օրուայ իր նիստով յայտնեց, թէ պատրիարքի ընտրութեան խափանումը խաղտում մըն է կրօնքի եւ խիղճը ազատութեան։ Անշուշտ պարտինք նշել, թէ այս հանգրուանին լուրջ նշանակութիւն մը չի ներկայացներ Սահմանադրական ատեանի այս վճիռը, քանի որ արդէն իսկ մեկնարկման հանգրուանին մէջ է պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը։
Ակօս