կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-05-17 12:42
Առանց Կատեգորիա

Շուշին մեր ռազմավարության գրավականն է

Շուշին մեր ռազմավարության գրավականն է

Մայիսի 12-ին, Բեյրութում  ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտեության նախաձեռնությամբ նշվեց Շուշիի ազատագրության 27-րդ տարեդարձը։ Միջոցառման հիմնական բանախոսն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական Կոմիտեի, «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» կազմկոմիտեի անդամ  Մելիք Գարագավորյանը։ Ելույթն ամբողջապես ներկայացնում ենք ստորև.

«Հաւաքուած ենք այսօր միասնաբար նշելու հայոց պատմութեան նորագոյն էջերը իմաստաւորող, ազգային արժանապատուութիւնը վերականգնող, Արցախի ազգային ազատագրական պայքարի խորհրդանիշը հանդիսացող Շուշիի ազատագրման 27-ամեակին նուիրուած այս օրուան ձեռնարկին:

Աւելի՛ն. հայոց պատմութեան ամբողջ ընթացքին կարելի է անվարան պնդել, որ 1918-ի մայիս 28-ի յաղթանակները եւ հայոց պետականութեան վերականգնումը եւ Շուշիի ազատագրութիւնը հայ ժողովուրդի մեծագոյն նուաճումները, յաղթանակները եւ արժէքները կը հանդիսանան անտարակոյս:

Հաւաքուած ենք նաեւ յարգանքի տուրք մատուցելու, յիշելու եւ յիշատակելու բոլոր անոնք, որոնք իրենց թանկագինը նուիրաբերեցին, իրենց նահատակութեամբ պարգեւեցին համայն հայութեան փառահեղ Շուշիի ազատագրութիւնը, յանձին Վիգէնի, Պետոյի, Շահէնի, Թաթուլի եւ միւսներուն, որոնց յիշատակին առջեւ պարտաւոր ենք ազգովին խոնարհելու, որովհետեւ չկայ աւելի վսեմ, աւելի վեհ, աւելի գաղափարական ու սրբազան բան, քան` ազգի, հայրենիքի եւ արդար դատի համար նահատակուիլը, ինչպէս որ պիտի ըսէր մեր վաստակաւոր մեծ ընկեր Սարգիս Զէյթլեան:

Ահաւասիկ` այսօրուան հաւաքին խորհուրդը:

Այո՛, այսօր կը նշենք Շուշիի ազատագրութեան 27-ամեակը:

Շուշին մեր յաղթանակի լուսապսակն է:

Շուշիի ազատագրումով մենք ազգովին առաջին քայլը կատարեցինք պատմական արդարութեան վերականգնման ճանապարհին: Շուշիի սրբազան ազատագրութիւնը, մշակութային, կրթական, ռազմավարական տարածք եւ կարեւորութիւն ունենալու հանգամանքէն անկախ, Շուշին ազատագրեց մեր հոգիները, վերադարձուց համայն հայութեան իր արժանապատուութիւնը, հպարտութիւնը, վերակենդանացուց մեր մէջ Արամներու եւ Քրիստափորներու պայքարի ոգին, լարեց համայն հայութիւնը յանուն Արցախի ամբողջական ազատագրութեան:

Բնաւ տարօրինակ չէ, որ Շուշիի ազատագրումը միշտ աւելի մեծ շուքով եւ հանդիսաւորութեամբ կը նշուի, պարզ այն պատճառով, որ իրականութեան մէջ Արցախի անկախացումը զանազան ռազմաքաղաքական պատճառներու բերումով պայմանաւորուած էր Շուշիի ազատագրումով:

Շուշիի ազատագրումը հայկական ուժերու առաջին նշանակալի յաղթանակն էր:

Շուշիի ազատագրումը պատմաքաղաքական անհրաժեշտութիւն էր, որովհետեւ ինչպէս ռազմագէտ Դրօ պիտի ըսէր` «Ով տիրում է Շուշիին, նա տիրում է Արցախին»:

Շուշիի ազատագրումով արցախեան կռիւները թեւակոխեցին որակական նոր փուլ, Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը դարձաւ աւելի քան իրական:

Շուշիի ազատագրումը նաեւ տնտեսական անհրաժեշտութիւն էր ցամաքային եւ օդային ճանապարհներու շրջափակման վերացման առումով, ինչպէս նաեւ` կազի եւ ելեկտրականութեան, ըմպելի ջուրի ապահովման համար:

Շուշիի ազատագրումով վերջնականապէս ապահովուեցաւ Արցախի ու Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող կենսական միջանցքի անվտանգութիւնը` զինուորական, քաղաքական, տնտեսական մարդկային, պատմական եւ ռազմավարական, այո՛, անգնահատելի նշանակութիւն ունէր Շուշիի ազատագրումը:

Այդ իսկ պատճառով հայ ժողովուրդի գիտակցութեան, հոգիին, սրտին ու պատմութեան մէջ, ինչպէս որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատմաքաղաքական իրողութիւնը եւ զայն կերտող սերունդը իւրայատուկ տեղ ունի յանձին Դրոներու, Արամներու, Ռուբէններու, Նժդեհներու, նոյնպէս ալ Շուշին եւ արցախեան պայքարին ամբողջ տեւողութեան մասնակցած, ռազմաճակատներու վրայ նահատակուած Վիգէններու, Վարդաններու, Կարօտներու, Թաթուլներու, Պետոներու, Մհերներու եւ բոլորին սխրագործութիւնները` յանուն Արցախի ու մեծ հայրենիքի, նոյնպէս իւրայատուկ տեղ ունին: Անոնք պիտի փոխանցուին սերունդէ սերունդ, անոնց խիզախ նկարագիրը, ազնիւ բնաւորութիւնը, համեստութիւնը, քաջութիւնը, անհատականութիւնը պիտի դաստիարակեն ու կերտեն նոր հայու տիպարը:

Տիպար սերունդ մը, որ համահայկական արժէքներով օժտուած ըլլայ, գերադասէ հայրենիքը, ընտանիքը, եկեղեցին, բանակը, ծառայութիւնը` յանուն հայրենիքի անկախութեան եւ տարածքային անվտանգութեան:

Տիպար սերունդ մը` կարգապահ եւ կազմակերպուած, ռազմաքաղաքական արդի գիտելիքներով զինուած եւ օժտուած, գաղափարական յստակ տեսութեամբ տոգորուած:

Այո՛, տիպար սերունդ մը, որ չուշացաւ ինքզինք արժանապատիւ կերպով դրսեւորելու Արցախի վերջին` 2016-ի կայծակնային քառօրեայ պատերազմի ընթացքին աննկուն կամքով, մինչեւ իրենց վերջին շունչը, վերջին փամփուշտը պայքարող եւ դիրքերը իրենց կեանքի գնով պաշտպանող հայ ազգի նորօրեայ հերոսները, որոնք նոյնպէս նահատակուեցան յանուն Արցախի անկախութեան եւ անվտանգութեան:

Փա՛ռք ու պատի՛ւ Շուշիի ազատագրութեան մասնակցած եւ նահատակուած բոլոր ազատամարտիկներուն:

Փա՛ռք ու պատի՛ւ քառօրեայ պատերազմի ընթացքին անմահացած մեր բոլոր տղաներուն:

Փա՛ռք ու պատի՛ւ բոլոր անոնց, որոնք այսօր ռազմատենչ Ազրպէյճանի արձակած կրակներուն դիմաց խիզախութեամբ կը պահեն մեր գիւղերը, սահմանները եւ հայրենիքը:

Այսօր այս ամպիոնէն անվարան կը յայտարարենք, որ Շուշիի ազատագրութեան 27-ամեակի տօնակատարութեան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին տարողութիւնը, նպատակը, իմաստը սովորական ձեռնարկներու սահմաններէն դուրս պէտք է տեղափոխենք եւ վերածենք զայն նոր մարտավարութեան, որովհետեւ համայն հայութիւնը այսօր պարտաւոր է, մանաւանդ` արցախեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, ապակառուցողական եւ ռազմատենչ Ազրպէյճանի քաղաքականութեան առկայութեան, երբ դարձեալ թէժ կրակի վրայ կը թուի ըլլալ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական կարգավիճակը կամ բանակցային գործընթացը, բազմատեսակ ճնշումները, շրջանային թէ միջազգային ուժերու աշխարհաքաղաքական նկրտումները, այս բոլորը մեզ կը մղեն ազգովին` Հայաստան, Արցախ, սփիւռք, եկեղեցի, քաղաքական կուսակցութիւններ եւ Հայաստանի իշխանութիւններ եւ յատկապէս ՀՅ Դաշնակցութեան մարտունակ երիտասարդութեան, որ այս տեսակի ձեռնարկները վերածուին տեսակ մը մեր ուխտը վերանորոգելու, մեր վճռակամութիւնը վերահաստատելու, որ մենք ոչ մէկ բանակցային տարբերակի ճնշումներուն տակ կրնանք Շահէններու եւ նորօրեայ հերոսներու արդար արիւնով ազատագրուած տարածքները, հողերը, շրջանները զիջիլ:

Սակայն յանկարծ սխալ մեկնաբանութիւններ չտրուին արտասանուած կեցուածքներուն: Անզիջող քաղաքական մարտավարութեամբ հանդէս գալը չի նշանակեր հրաժարիլ բանակցային գործընթացէն, չի նշանակեր կողմ չըլլալ խաղաղութեան գաղափարին, այլ կը նշանակէ մերժել խաղաղութեանց յայտարարութիւններուն քողին տակ ներազգային դիմադրողականութիւնը հարուածող քարոզչութիւնը, կը նշանակէ ամրապնդել ներազգային ճակատը, ոչ թէ` շերտաւորել հասարակութիւնը, արժեզրկել ազգային բանակին մէջ ծառայութեան գաղափարը, պառակտել ազգային արժէքային համակարգը, այլ պէտք է ամրապնդել ներազգային ճակատը, ամրապնդել եւ արդիականացնել ռազմավարական դիրքերը, արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին ռազմաճակատներու վրայ արձանագրուած նուաճումները ամրագրել դիւանագիտական մակարդակներու եւ բանակցութեանց ընթացքին. վերջապէս մենք պէտք է զարգանանք առանց զիջելու, որպէսզի անվերադարձ կորուստներ չարձանագրուին, ու ապա` որպէսզի կանխենք պատերազմական սպառնալիքները, եւ աւելի հաստատ հիմերու վրայ դրուի ենթադրեալ խաղաղութեան գործընթացը: Այլապէս, անիմաստ մարզանք է, երբ մէկ կողմէ` հակառակորդը կը շարունակէ յարձակողապաշտ եւ պատերազմական իր մարտավարութիւնը, իսկ միւս կողմէ` հայկական կողմը խաղաղութեան վարդագոյն գաղափարներով հանդէս կու գայ:

Այդ իսկ պատճառով բացառուած պէտք է ըլլայ, առհասարակ, ամբոխավարական քաղաքականութեան ելակէտէն մեկնած, ներքաղաքական շահարկումներ կատարել ժողովուրդի հաշուոյն` իբրեւ հայ ժողովուրդի արցախեան հարցի կարգաւորման յստակ քաղաքական կամարտայայտութեան պատկերացումի չգոյութեան պատճառով խուսափողական դիրքերէ արտայայտուիլը եւ բանակցիլը, մանաւանդ որ հայ ժողովուրդը իր երեսնամեայ պայքարով, իր հանրաքուէով արդէն իսկ պատասխան տուած է եւ յստակօրէն ձեւակերպած է իր քաղաքական ճակատագիրը: Հայ ժողովուրդը կտրականապէս կը մերժէ որեւէ զիջում, կը մերժէ բոլոր այն քաղաքական եւ բանակցային տարբերակները, ըլլան անոնք Մատրիտեան, Քազանեան սկզբունքներ կամ Լաւրովեան փլան, որոնք Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան կարգավիճակի կարգաւորումը, անքակտելիօրէն չեն պայմանաւորած Արցախի անվտանգութեան երաշխիքներու ամրագրումով, կը մնան անընդունելի եւ անհեթեթ` հայկական կողմին համար, որովհետեւ մենք գործ ունինք այնպիսի երկրի մը ահաբեկչական քաղաքական ղեկավարութեան հետ, որ իր անձնական ու ընտանեկան նեղ հաշիւներուն եւ ներքին ընտրական ու քաղաքական սպառումներուն համար կրնայ որեւէ ատեն, անկանխատեսելի քաղաքական եւ պատերազմական արարքներով խնդրոյ առարկայ դարձնել արցախահայութեան անվտանգութիւնը, Հայաստանի անդորրութիւնը եւ ապակայունացնել տարածաշրջանը:

Ի դէպ, արցախահայութեան անվտանգութեան երաշխիքներու շեշտադրումը կը կատարենք եւ կը գերադասենք, որովհետեւ վերջին  20-ամեակին մէկ կողմէ Ազրպէյճանի ցուցաբերած ռազմատենչ եւ պատերազմական քաղաքականութիւնը, իսկ միւս կողմէ` համաշխարհային աշխարհաքաղաքական եւ ռազմաքաղաքական փորձը ցոյց կու տան, որ երբեմն նոյնիսկ որոշ երկիրներ, որոնք օժտուած են միջազգային ճանաչումով եւ քաղաքական կարգավիճակով, զանազան մեծապետական հաշիւներու բերումով կրնան խորտակուիլ ու կորսնցնել երկրին կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը:

Այնպէս որ, հակառակ ոմանց կարծիքին, հայ ժողովուրդը յստակ պատկերացում եւ մօտեցում ունի արցախեան քաղաքական կարգավիճակի եւ անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովման տեսանկիւնէն, մանաւանդ` քառօրեայ պատերազմէն ետք, երբ մենք դարձեալ ճաշակեցինք մեր հակառակորդին տեսակը, սակայն երբ մենք նաեւ ապացուցեցինք, որ երբ ազգը միաւորուած է, երբ Հայաստան, սփիւռք եւ Արցախ միաւորուած են, մենք միշտ ի վիճակի ենք կասեցնելու որեւէ սադրանք, որեւէ անհաւասար կռիւ, որեւէ լայնածաւալ յարձակում, ի՛նչ տեսակ գերարդիական եւ միջազգայնօրէն արգիլուած զէնքեր ալ գործածելու ըլլան մեր թշնամիները:

Ի դէպ, պէտք է ըսեմ, որ հայ ժողովուրդը, Հայաստանի պետականութիւնը, քաղաքական կուսակցութիւնները, հասարակական շարժումները մի՛շտ կողմնակից եղած են խաղաղութեան գործընթացին, մի՛շտ կողմնակից եղած են շրջանի անդորրութեան, կայունութեան եւ հարեւաններուն հետ առանց նախապայմաններու բնականոն յարաբերութիւններու կայացման առումով: Սակայն այդ բոլորը` ոչ թէ անժամանցելի իրաւունքներու, Արցախի անկախութեան եւ անվտանգութեան հաշուոյն:

Ամբողջ աշխարհը ականատես է Ազրպէյճանի ապակառուցողական, ռազմատենչ եւ պատերազմական քաղաքականութեան, յատկապէս` ԵԱՀԿ-ի, Մինսքի եւ ԱՊՀ շրջանակները: Ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ Ազրպէյճան ի՛նք նախայարձակ եղած է բազմաթիւ անգամներ, ի՛նք պատերազմական ոճիրներ գործած է, ի՛նք կորսնցուցած է իր շղթայազերծած լայնածաւալ պատերազմը 2016-ին եւ խնդրած` զինադադարի կնքումը, ինչպէս նաեւ նոյն ձեւով ի՛նք խնդրած էր 1994-ի 12 մայիսի եռակողմ զինադադարի համաձայնութիւնը, որուն տակ ստորագրած են հակամարտող բոլոր կողմերը` Ազրպէյճան, Արցախ, Հայաստան:

Միջազգային հանրութիւնը լաւ գիտէ, որ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները,  հակամարտութեան եռակողմ զինադադարի ստորագրութենէն անմիջապէս ետք, միշտ կողմնակից եղած են խաղաղութեան եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանակներէն ներս տարատեսակ առաջարկութիւններուն բանակցութեանց եւ խաղաղ միջոցներով հակամարտութիւնը լուծելու, եւ տեւական հայկական զոյգ հանրապետութիւնները հանդէս եկած են կառուցողական դիրքերէ: Իսկ Ազրպէյճան ի՛նքն է, որ խաղաղութեան հետ փաստօրէն խնդիր ունի, որովհետեւ ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ ընթացաւ, ծաւալապաշտ քաղաքականութիւն որդեգրեց` յաճախ անտեսելով եւ տրորելով բանակցային գործընթացի հոլովոյթը, մնայուն կերպով խախտեց իր իսկ խնդրով 94-ի զինադադարը` խլելով բազմաթիւ զոհեր, ապակայունացնելով ամբողջ տարածաշրջանը, դիմեց աննախընթաց զինատեսակի մրցավազքի, բանակցութեան ձեւաչափի փոփոխութեան` Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը ապահովելու համար եւ, վերջապէս, ձեռնարկեց լայնածաւալ քառօրեայ պատերազմին, որուն ընթացքին թէեւ աննման հերոսներու եւ ազատամարտիկ զինծառայողներու նահատակութեան շնորհիւ պարտութիւն մը եւս կրեց եւ դարձեալ ի՛նք խնդրեց զինադադարի կնքումը Մոսկուայի մէջ:

Այսուհանդերձ, հայկական կողմը, միջազգային բոլոր հարթակներու վրայ, պէտք է անվարան շարունակէ իր աշխուժ մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացին եւ ձգտի խաղաղ միջոցներով հակամարտութիւնը լուծելու եւ հետամուտ ըլլայ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն: Հայկական կողմը հնարաւոր բոլոր միջոցներով պէտք է ձգտի բանակցային գործընթացի ձեւաչափի փոփոխութեան եւ Արցախի Հանրապետութիւնը վերստին վերադառնայ` իբրեւ լիիրաւ հակամարտող կողմ, միջազգային բանակցութեանց սեղանին, ի հեճուկս բոլորին, այլապէս բանակցութիւններուն ճակատագիրը փակուղիի կը մատնուի:

Վերջապէս այս խօսքերուն եւ մօտեցումներուն նպատակը ներազգային, հասարակական կամ զանազան քաղաքական կողմերու միջեւ առճակատումի կամ վիճարկումի մթնոլորտ ստեղծելը չէ, այլ հարցերը ճիշդ բնորոշելու եւ համադրելու` մեր ռազմավարութիւնը, մարտավարութիւնն ու քաղաքական կեցուածքները:

Եւ իբրեւ այդպիսին` ողջունելի է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կազմակերպութեամբ Ստեփանակերտի մէջ կայացած Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի ֆորումը` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան իրաւապայմանագրային յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու օրակարգով: Ֆորումին կը մասնակցէին քաղաքական բոլոր կողմերը, միջազգային փորձագէտներ, վերլուծաբաններ, քաղաքական գործիչներ:

Փաստօրէն այսօր վերջին 25 տարուան բանակցային գործընթացը հասած է այնպիսի հանգրուանի մը, որ պէտք է այսուհետ աւելի գործնական ձեւաչափով ներկայանանք միջազգային հանրութեան եւ Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի կնքումը ինքնին յստակ քաղաքական պատգամ մը ըլլալէ անկախ` միանշանակ բոլորին նաեւ նոր ճամբու քաղաքական քարտէս մըն է եւ բանակցային գործընթացի նոր փուլ. պէտք է ըսել, որ թէեւ այդ փաստաթուղթը ռազմավարական դաշինք է, բայց, ըստ էութեան, կանխարգելիչ գործօն է պատերազմական որեւէ նոր սպառնալիքի պարագային: Ռազմավարական դաշինքի կնքումը զոյգ հանրապետութիւններուն միջեւ նաեւ նախաքայլն է Արցախի լիիրաւ անկախութեան գործընթացին:

Պէտք է նշել, որ միջազգային հանրութիւնն ու ԱՊՀ երկիրները պէտք է հաշուի նստին այն իրականութեան հետ, որ այս շրջանին մէջ ունին դաշնակից` Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ ոչ թէ իր երկրորդական, այլ կենսական, անվտանգութեան շահերէն մեկնելով կը կնքէ Հայաստան-Արցախ դաշինքը, որ, ըստ էութեան, կ՛ընդգրկէ նաեւ ԱՊՀ միւս երկիրներու անվտանգութիւնը:

Հետեւաբար, որպէս Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան անփոխարինելի երաշխիք` պէտք է ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն միջեւ կնքուի ռազմավարական դաշինք: Վերջապէս, ըսել ուզուածը պարզապէս այն է, որ հայ ժողովուրդը եւ յատկապէս արցախահայութիւնը յստակօրէն ձեւակերպած են իրենց պատկերացումը արցախեան հարցի կարգաւորման գծով: Հետեւաբար, հայկական զոյգ հանրապետութիւնները բանակցային գործընթացի մէջ պէտք է ի մասնաւորի առաջնորդուին արցախահայութեան 1991 թուականի անկախութեան եւ 2006 թուականի Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրութեան ընդունման համաժողովրդական հանրաքուէով արդէն իսկ կայացած կամարտայայտութեամբ, ինչպէս նաեւ տուեալ բանակցութեանց ընթացքին անվարան պէտք է պահանջել հիւսիսային Արցախի` Շահումեանի, Գետաշէնի, Մարտունաշէնի գրաւեալ շրջաններու ազատագրումը կամ վերադարձը հայկական հսկողութեան տակ:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Դարձեալ շնորհաւորենք համայն հայութեան Շուշիի ազատագրութեան օրուան առիթով:

Շուշիի ազատագրութիւնը անկիւնադարձային էր հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ: Նոր յաղթանակներու լուսապսակն էր:

8 մայիսի ուշ երեկոյեան Շուշին ամբողջութեամբ կ՛ենթարկուի հայկական զինեալ ուժերուն: Կայծակնային 48 ժամ տեւող «Հարսանիք լեռներում» մարտական ծրագիրը, գործողութիւնները յաջողած էին կոտրել Ազրպէյճանի բանակի դիմադրողականութիւնը եւ ոգին:

Շուշին ազատագրուած էր:
Ստեփանակերտը ցնծութեան մէջ էր:
Հայոց ամբողջ աշխարհը ցնծութեան մէջ էր:
Հարսանիք էր ամէնուրեք:
Փա՛ռք, հազա՜ր փառք:

Փա՛ռք ու պատի՛ւ բոլորի յիշատակին, որոնք իրենց սուրբ արիւնով Արցախի ազատութիւնը կերտեցին, Շուշին ազատագրեցին, Արցախի անկախութիւնը եւ Հայաստանի սահմաններու անվտանգութիւնը ապահովեցին»: