կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-05-02 20:00
Առանց Կատեգորիա

Օսմանեան կայսրութեան Պետական Որբանոցներուն Կիրառուող Թրքացման Մեթոտները

Օսմանեան կայսրութեան Պետական Որբանոցներուն Կիրառուող Թրքացման Մեթոտները

Հայոց ցեղասպանութիւնը իր ամբողջութեան մէջ ունի բազմաթիւ մանրամասնութիւններ։ 1915 թիւնը հայ ժողովուրդի իրողութեան մէջ անհամեմատօրէն բարձր թիւերով որբերու յայտնութեան երեւոյթ մըն է նաեւ։ Արդարեւ կ՚արտատպենք այս մասին ուշագրաւ յօդուած մը, որ լոյս տեսած է «Ասպարէզ»ի 24 Ապրիլ 2019 թուին մէջ։ 

Ցե­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան տա­­­րինե­­­րուն հայ որ­­­բե­­­­­­­րու նկատ­­­մամբ թրքա­­­կան որ­­­բա­­­­­­­նոց­­­նե­­­­­­­րուն գոր­­­ծած է պատ­­­ժա­­­­­­­միջոց­­­նե­­­­­­­րու ու բռնու­­­թիւննե­­­րու մի ամ­­­բողջ ցանկ։ Սա եւս մէկ ան­­­գամ կը փաս­­­տէ, որ կրօ­­­նափո­­­խու­­­թիւնը ու անո­­­ւանա­­­փոխու­­­թիւնը իրա­­­կանա­­­ցուած են բռնի մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րով։ Որ­­­բա­­­­­­­նոց մտնե­­­լու առա­­­ջին պար­­­տա­­­­­­­դիր պայ­­­մանն անո­­­ւանա­­­փոխու­­­թիւնն էր։ Իրենց յու­­­շագրու­­­թիւննե­­­րուն այս մա­­­սին կը յի­­­շատա­­­կեն գրե­­­թէ բո­­­լոր որ­­­բե­­­­­­­րը։

Ան­­­թուրա­­­յի որ­­­բա­­­­­­­նոցին շուրջ երե­­­քու­­­կէս տա­­­րի ան­­­ցուցած Գառ­­­նիկ Բա­­­նեանը իր յու­­­շե­­­­­­­րուն մէջ կը պատ­­­մէ, որ որ­­­բա­­­­­­­նոցը անոր տրո­­­ւած է 549 թի­­­ւը եւ Ահ­­­մետ անու­­­նը։ Նոյն որ­­­բա­­­­­­­նոցի սան Մել­­­քոն Պետ­­­րո­­­­­­­սեանին տրո­­­ւած է Նե­­­ճիպ անու­­­նը եւ ութ թի­­­ւը։ Յա­­­րու­­­թիւն Ալ­­­պո­­­­­­­յաճեանը եր­­­կու ան­­­գամ անո­­­ւանա­­­փոխուած է։ Առա­­­ջին ան­­­գամ Դե­­­րային, այ­­­նուհե­­­տեւ՝ Ան­­­թուրա­­­յին, որ­­­տեղ ստա­­­ցած է Շիւքրիւ անու­­­նը եւ 534 հա­­­մարը։ Խո­­­րէն Գլը­­­ճեանին Հա­­­լէպէն տա­­­րած են Կ. Պո­­­լիս, «Հար­­­պի­­­­­­­յէ» զի­­­նուո­­­րական կեդ­­­րո­­­­­­­նական դպրոց։ Այստեղ բո­­­լորին պղնձէ կնիք­­­ներ բա­­­ժանած են իրենց նոր թրքա­­­կան անու­­­նով։ Ան ստա­­­ցած է «Ալի օղ­­­լու իս­­­լամ» անու­­­նով կնի­­­քը, որը տնօ­­­րէնու­­­թեան կար­­­գադրու­­­թեամբ միշտ պէտք է վզէն կա­­­խուած ըլ­­­լար։ Մար­­­տի­­­­­­­նի երկսեռ թրքա­­­կան որ­­­բա­­­­­­­նոցի սան Մա­­­րի Գրի­­­գորեանը, որուն բա­­­ժին հա­­­սած էր Այ­­­շէ անու­­­նը, անո­­­ւանա­­­փոխու­­­թեան արա­­­րողա­­­կար­­­գի մա­­­սին կը պատ­­­մէ. «…ամէ­­­նուս հա­­­մար ինքնու­­­թեան թուղթեր շի­­­նուե­­­ցան, ուր առանց բա­­­ցառու­­­թեան բո­­­լորիս հայ­­­րե­­­­­­­րը կո­­­չուե­­­ցան Ապ­­­տուլլահ, իսկ մայ­­­րե­­­­­­­րը՝ Սա­­­լիհա…»։ Ատա­­­նայի որ­­­բա­­­­­­­նոցը շուրջ վեց տա­­­րի ան­­­ցուցած, Մեհ­­­մետ Օղ­­­լու անու­­­նը ստա­­­ցած Երո­­­ւանդ Փոս­­­տալճեանն իր յու­­­շե­­­­­­­րուն կը գրէ. «Մենք՝ որ­­­բերս, մեր անուննե­­­րը չմոռ­­­նա­­­­­­­լու հա­­­մար, թուղթե­­­րու վրայ գրո­­­ւած մեր վրայ կը պա­­­հէինք»։

Նո­­­րեկ­­­նե­­­­­­­րուն կը բա­­­ժանէին ըստ դա­­­սարան­­­նե­­­­­­­րու, տաս­­­նա­­­­­­­պետ կը նշա­­­նակէին՝ ով պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատու էր իր խումբի հա­­­մար։ Օրա­­­կան մի քա­­­նի ժամ զի­­­նուո­­­րական ձե­­­ւով կը մար­­­զո­­­­­­­ւէին։ Ցան­­­կա­­­­­­­ցած սխալ քայլ կը դա­­­տապար­­­տո­­­­­­­ւէր ծե­­­ծի։

Հ. Ալ­­­պո­­­­­­­յաճեանն կի­­­րառո­­­ւող բռնու­­­թիւննե­­­րու վե­­­րաբե­­­րեալ կը գրէ. «Եթէ որե­­­ւէ մէ­­­կը հա­­­յերէն կը խօ­­­սէր… Անոր խիստ կը պատ­­­ժէին։ Կամ կը ծե­­­ծէին կամ կը ստի­­­պէին ճա­­­շարա­­­նի կտու­­­րին կանգնել ու երեք-չորս ժամ արե­­­ւին նա­­­յելու։ Յա­­­ճախ որ­­­բա­­­­­­­նոցէն ան­­­տառ ու­­­տե­­­­­­­լիքի հա­­­մար փախ­­­չող երե­­­խանե­­­րուն ալ 24 ժամ կը բան­­­տարկէին ու ոչինչ չէին տար ու­­­տե­­­­­­­լու՝ ճա­­­շի ժա­­­մին բո­­­լորի ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թեամբ են­­­թարկե­­­լով ֆա­­­լախա­­­յի։ Ֆա­­­լախա­­­յի կի­­­րառ­­­ման հա­­­մար որ­­­բա­­­­­­­նոցին գոր­­­ծած է յստակ «ու­­­ղե­­­­­­­ցոյց», որ­­­տեղ նշո­­­ւած է, թէ ո՛ր «յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծութեան» դէպ­­­քին քա­­­նի՛ ան­­­գամ պէտք է ֆա­­­լախա­­­յի են­­­թարկել։ Դա­­­սերը ըն­­­թա­­­­­­­ցել են նա­­­խատինքնե­­­րու, վի­­­րաւո­­­րական խօս­­­քե­­­­­­­րու, պա­­­տի տակ դրո­­­ւած ծանր քա­­­րերու, անոր կը հե­­­տեւին տար­­­բեր չա­­­փերու գա­­­ւազան­­­նե­­­­­­­րու, ֆա­­­լախա­­­յի գոր­­­ծի­­­­­­­քի առ­­­կա­­­­­­­յու­­­թեամբ։

Թրքա­­­կան «ման­­­կա­­­­­­­վար­­­ժութիւն»ը կի­­­րառո­­­ւած է հնա­­­րաւոր բո­­­լոր ձե­­­ւերը. Մար­­­տի­­­­­­­նի որ­­­բա­­­­­­­նոցին մէջ դա­­­սըն­­­թացքի ժա­­­մանակ աղ­­­մուկը պատ­­­ճառ կը դառ­­­նար, որ ու­­­սուցչու­­­հին «օրհնեալ գա­­­ւազա­­­նով» ծե­­­ծի են­­­թարկէ երա­­­խանե­­­րուն, յե­­­տոյ ալ դա­­­ժան ցրտին բակ դուրս բե­­­րէ՝ անուննե­­­րը կար­­­դա­­­­­­­լու պատ­­­րո­­­­­­­ւակով։

Նման որ­­­բա­­­­­­­նոց­­­նե­­­­­­­րուն պար­­­տա­­­­­­­դիր էին նաեւ իս­­­լա­­­­­­­մի դա­­­սերը։ Մել­­­քոն Պետ­­­րո­­­­­­­սեանը իր յու­­­շագրու­­­թեամբ քա­­­նի մը դրո­­­ւագ­­­ներ կը բե­­­րէ այդ դա­­­սերէն։ Ֆէյ­­­զի փա­­­շան քրիս­­­տո­­­­­­­նէու­­­թեան մա­­­սին խօ­­­սելու ատեն նշած է. «…ձա­­­գուկներս, ձեր կրօ­­­նը հին­­­ցած է ինչպէս կրա­­­կապաշ­­­տութիւ­­­նը, նոյնպէս ձեր Յի­­­սուս մար­­­գա­­­­­­­րէն հին­­­ցած է, շա­­­պիկ մը որ հին­­­նայ՝ կը նե­­­տեն, նո­­­րը կը հագ­­­նին»։ Մար­­­տի­­­­­­­նի որ­­­բա­­­­­­­նոցին իս­­­լա­­­­­­­մի դա­­­սերուն պար­­­տա­­­­­­­դիր հա­­­տուած­­­ներ սո­­­վորած են Քու­­­րա­­­­­­­նէն, անոր զու­­­գա­­­­­­­հեռ սոր­­­ված են նաեւ իս­­­լա­­­­­­­մական օրէնքնե­­­րու հա­­­մաձայն լո­ւացուիլ ու նա­­­մազ ընել։

Որ­­­բա­­­­­­­նոց­­­նե­­­­­­­րու պար­­­տա­­­­­­­դիր պայ­­­մաննե­­­րէն եղած է նաեւ թլփա­­­տու­­­մը։ Եթէ երա­­­խանե­­­րը անո­­­ւանա­­­փոխու­­­թեան կամ իս­­­լամ ըն­­­դունե­­­լու փաս­­­տը ինչ-որ կերպ կ՚ըն­­­դունէին ու հա­­­մակեր­­­պէին՝ թէ­­­կուզ առե­­­րես, ապա թլփատ­­­ման արա­­­րողա­­­կար­­­գին անոնք ամե­­­նաշա­­­տը կ՚ընդդի­­­մանա­­­յին։ Որ­­­բա­­­­­­­նոց­­­նե­­­­­­­րուն, երբ այդ մա­­­սին լու­­­րեր կը տա­­­րածո­­­ւէին, տղա­­­ներէն շա­­­տերը փա­­­խուստի կը դի­­­մէին։ Ատա­­­նայի որ­­­բա­­­­­­­նոցի սան Երո­­­ւանդ Փոս­­­տալճեանն իր յու­­­շե­­­­­­­րուն կը գրէ, որ որ­­­բա­­­­­­­նոցի տնօ­­­րէնը թեր­­­թի մէջ յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւն կու տուր ու թուրք հա­­­ւատա­­­ցեալ­­­նե­­­­­­­րուն որ­­­բա­­­­­­­նոցի հայ երա­­­խանե­­­րու թլփատ­­­ման արա­­­րողու­­­թեանը ներ­­­կայ գտնո­­­ւելու կոչ կ՚ընէր։ Խո­­­րէն Գլը­­­ճեանը կը յի­­­շէ, որ իրենց որ­­­բա­­­­­­­նոցի տնօ­­­րէնու­­­թեան հրա­­­մանով բո­­­լոր հայ երա­­­խանե­­­րուն տա­­­րած են Կ. Պո­­­լիս ու թլփա­­­տած։

Թուրք ղե­­­կավար­­­նե­­­­­­­րը պար­­­բե­­­­­­­րաբար ստու­­­գայցեր կը կա­­­տարէին որ­­­բա­­­­­­­նոց­­­նե­­­­­­­րուն, ին­­­չը միշտ կ՚ու­­­ղեկցո­­­ւէր տօ­­­նախմբու­­­թեամբ ու բարձր ծա­­­փող­­­ջոյննե­­­րով։ Ման­­­կա­­­­­­­կան յու­­­շագրու­­­թիւննե­­­րուն այդ իրա­­­դար­­­ձութիւ­­­նը միշտ նոյ­­­նա­­­­­­­ցուած է հա­­­մեղ ու­­­տե­­­­­­­լիք­­­նե­­­­­­­րու, տօ­­­նական ու կեղծ բա­­­րիդ­­­րա­­­­­­­ցիական մթնո­­­լոր­­­տի հետ։ Ճե­­­մալ փա­­­շան մի քա­­­նի ան­­­գամ այ­­­ցե­­­­­­­լած է Ան­­­թուրա­­­յի որ­­­բա­­­­­­­նոց, Էն­­­վէր եւ Թա­­­լէաթ փա­­­շանե­­­րը՝ Հար­­­պիէի։

Որ­­­բա­­­­­­­նոց­­­նե­­­­­­­րուն երե­­­խանե­­­րու թի­­­ւը նո­ւազեց­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար եղած են նաեւ թու­­­նա­­­­­­­ւոր­­­ման դէպ­­­քեր։ Յա­­­ճախ «բնա­­­կան ճա­­­նապար­­­հով» թու­­­նա­­­­­­­ւորած են ջու­­­րը, երբ դիակ­­­ներ գցած են որ­­­բա­­­­­­­նոց­­­նե­­­­­­­րուն ջուր մա­­­տակա­­­րարող ջրհոր­­­նե­­­­­­­րու մէջ։ Մար­­­տի­­­­­­­նի որ­­­բա­­­­­­­նոցին մէջ թու­­­նա­­­­­­­ւոր­­­ման դէպ­­­քե­­­­­­­րը կա­­­պուած էին յատ­­­կա­­­­­­­պէս հա­­­ցի օգ­­­տա­­­­­­­գործման հետ։ 1918թ. վեր­­­ջին Ան­­­թուրա­­­յի որ­­­բա­­­­­­­նոցի թրքա­­­կան անձնա­­­կազ­­­մը հե­­­ռանա­­­լէ առաջ դե­­­ղագործ Ռը­­­զա պէ­­­յին պա­­­տուի­­­րած է վեր­­­ջին ընթրի­­­քի ժա­­­մանակ բո­­­լոր որ­­­բե­­­­­­­րուն թու­­­նա­­­­­­­ւորել։ Բայց Ռը­­­զա պէ­­­յը չէր հա­­­մաձայ­­­նած նման ոճ­­­րա­­­­­­­գոր­­­ծութեան։ Ու­­­շագրաւ է այն փաս­­­տը, որ Ռը­­­զա պէ­­­յի հարցման ըն­­­թացքին ճա­­­շարա­­­նին նստած բո­­­լոր երա­­­խանե­­­րը յի­­­շած են իրենց հայ­­­կա­­­­­­­կան անուննե­­­րը։

Այսպի­­­սով, երիտ­­­թուրքա­­­կան կա­­­ռավա­­­րու­­­թեան ռազ­­­մա­­­­­­­վարու­­­թիւնը նպա­­­տակ ու­­­նէր թի­­­րախա­­­յին խմբին, տո­­­ւեալ դէպ­­­քին՝ հայ երա­­­խանե­­­րուն զրկե­­­լու սե­­­փական կեն­­­սա­­­­­­­բանա­­­կան բնո­­­րոշումնե­­­րէն, ինքնու­­­թիւնէն՝ աս­­­տի­­­­­­­ճանա­­­բար վե­­­րածե­­­լով մի այլ ինքնու­­­թեան։ Ան հե­­­տեւո­­­ղակա­­­նօրէն, ծրագ­­­րո­­­­­­­ւած հե­­­տամուտ եղած է այս քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թեան մին­­­չեւ 1918թ. Մուդրո­­­սի զի­­­նադա­­­դարի կնքու­­­մը, յե­­­տագա­­­յին թրքա­­­կան որ­­­բա­­­­­­­նոց­­­նե­­­­­­­րը յանձնո­­­ւած են մի­­­սիոնե­­­րական, օտա­­­րերկրեայ եւ հայ­­­կա­­­­­­­կան կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րուն։

Հայ որ­­­բե­­­­­­­րու թրքաց­­­ման գոր­­­ծընթա­­­ցը իրա­­­կանա­­­ցած է քա­­­նի մը փու­­­լով, որ­­­մէ առա­­­ջինը հա­­­ւաքագրման ու տե­­­ղափոխ­­­ման հար­­­ցե­­­­­­­րու լու­­­ծումն էր։ Օս­­­մա­­­­­­­նեան կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը կը շտա­­­պէր անոնց հա­­­ւաքագ­­­րել, քա­­­նի որ մտա­­­վախու­­­թիւն ու­­­նէր, որ մի­­­սիոնե­­­րական, բա­­­րեգոր­­­ծա­­­­­­­կան կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րը իրենցմէ շուտ կը յա­­­ջողին այդ գոր­­­ծին մէջ։ Երկրորդ փու­­­լով անոնք, հայ որ­­­բե­­­­­­­րուն կեդ­­­րո­­­­­­­նաց­­­նե­­­­­­­լով որ­­­բա­­­­­­­նոց­­­նե­­­­­­­րուն մէջ, կը սկսէին բուն գոր­­­ծընթա­­­ցը՝ անոնց անո­­­ւանա­­­փոխե­­­լով, թլփա­­­տելով, իս­­­լա­­­­­­­մի դա­­­սեր կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պե­­­­­­­լով։ Թրքա­­­կան կող­­­մը կը խու­­­սա­­­­­­­փէր նմա­­­նօրի­­­նակ ման­­­րուքնե­­­րէն ան­­­գամ, որը հայ որ­­­բե­­­­­­­րուն կը յի­­­շեց­­­նէր իրենց ան­­­ցեալը։ Անոնք կը նա­­­խընտրէին երա­­­խանե­­­րուն դի­­­մել միայն իրենց թո­­­ւերով՝ զրկե­­­լով անոնց ոչ միայն ազ­­­գա­­­­­­­յին ինքնու­­­թիւնէն, այլ նաեւ ան­­­հա­­­­­­­տակա­­­նու­­­թե­­­­­­­նէն։ Դէպ­­­քեր եղած են, երբ ղե­­­կավա­­­րու­­­թիւնը որ­­­բա­­­­­­­նոցի աշ­­­խա­­­­­­­տակից­­­ներ չու­­­նե­­­­­­­նալու պա­­­րագա­­­յին ալ հե­­­ռացու­­­ցած է որ­­­բա­­­­­­­նոցի մէջ աշ­­­խա­­­­­­­տող հայ կա­­­նանց՝ վախ­­­նա­­­­­­­լով, որ անոնց ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւնը որ­­­բե­­­­­­­րու հա­­­մար կա­­­րող է հայ­­­կա­­­­­­­կան ինքնա­­­գիտակ­­­ցութեան խթան դառ­­­նայ։

Վա­­­խի մթնո­­­լոր­­­տը, պատ­­­ժա­­­­­­­միջոց­­­նե­­­­­­­րու կի­­­րառու­­­մը առա­­­ջին հա­­­յեաց­­­քին կար­­­ծես կը յա­­­ջողին. որ­­­բե­­­­­­­րը կը դադ­­­րին մի­­­մեանց հետ խօ­­­սիլ հա­­­յերէն, սա­­­կայն յու­­­շագրու­­­թիւննե­­­րուն բո­­­լոր հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րը կը նշեն, որ քնե­­­լէ առաջ ծած­­­կո­­­­­­­ցի տակ միշտ խա­­­չակնքած են, ծնող­­­նե­­­­­­­րէն լսած «Հայր Մեր»էն հա­­­տուած­­­ներ կրկնած, եր­­­բեմն ալ աղօթք չյի­­­շելով՝ իրենց ու իրենց հա­­­րազատ­­­նե­­­­­­­րու անուններն են կրկնած՝ չմո­­­ռանա­­­լու հա­­­մար։

Թրքա­­­կան կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը իր այս քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թեան իրա­­­գործման ըն­­­թացքին միշտ ալ մտա­­­վախու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­ցած է եւ վե­­­րապա­­­հու­­­թիւնով մօ­­­տեցած է իս­­­լա­­­­­­­մացած հա­­­յերուն։ Նշենք, որ Կ. Պոլ­­­սէն հրա­­­ման եղած է, որով իս­­­լա­­­­­­­մանա­­­լու թոյլտո­­­ւու­­­թիւն տրո­­­ւած է միայն կեդ­­­րո­­­­­­­նական իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րու հա­­­ւանու­­­թիւնը ստա­­­նալէ յե­­­տոյ կամ ալ միայն մու­­­սուլման­­­նե­­­­­­­րու հետ ամուսնա­­­ցած կա­­­նանց։ Որ­­­բա­­­­­­­նոց­­­նե­­­­­­­րուն աւե­­­լի հեշտ էր վե­­­րահսկել իս­­­լա­­­­­­­մաց­­­ման գոր­­­ծընթա­­­ցը, որուն ալ ի սկզբա­­­նէ մի­­­տուած էր թրքա­­­կան կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը։ Սա­­­կայն անոր քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թիւնը եր­­­կար չի գոր­­­ծեր։ 1919թ.՝ զի­­­նադա­­­դարի առա­­­ջին վեց ամիս­­­նե­­­­­­­րուն, կա­­­րեւոր մի­­­ջոց­­­ներ կը ձեռ­­­նարկո­­­ւին որ­­­բե­­­­­­­րուն վե­­­րադարձնե­­­լու ուղղու­­­թեամբ։ «Որ­­­բա­­­­­­­հաւա­­­քի» ժա­­­մանակ հայ­­­կա­­­­­­­կան եւ մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րը կը կա­­­րողա­­­նան որ­­­բա­­­­­­­նոց­­­նե­­­­­­­րէն դուրս բե­­­րել եւ փրկել թրքաց­­­ման ճա­­­նապար­­­հին գտնո­­­ւող բազ­­­մա­­­­­­­թիւ հայ երա­­­խանե­­­րուն։ Սա­­­կայն պէտք է նշել, որ առա­­­ւել փոքր տա­­­րիքի երա­­­խանե­­­րու մի ստո­­­ւար հա­­­տուած, չյի­­­շելով իր ինքնու­­­թիւնը, եր­­­բեմն ալ ան­­­ցեալի վե­­­րապ­­­րումնե­­­րը կրկնո­­­ւելու վա­­­խէն ել­­­նե­­­­­­­լով՝ նա­­­խընտրած է լռել իր հայ ըլ­­­լա­­­­­­­լու մա­­­սին եւ այս ճա­­­նապար­­­հով ձուլման են­­­թարկուած է։

ՆԱՐԻՆԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

ԱԿՕՍ