Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Մենք այսօր չունենք աւելի արդիական հարց, քան Հայ Դատի աշխատանքն է, քանի որ հենց ներքին, հասարակական հարցերը, ի վերջոյ, ածանցեալ են այն հսկայական ողբերգութեանը, ինչպիսին ցեղասպանութեան հարցն է»
Վահան Յովհաննիսեան
15 տարի առաջ, 2004 թուականի Ապրիլ 21-ին, Գանատայի խորհրդարանը M-380 բանաձեւով ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ, իբրեւ երկրի օրէնսդիր մարմին վաւերացուց արդարադատ բանաձեւը։
15 տարի առաջ, Օթթաուայի մէջ յաղթանակը արձանագրուեցաւ շնորհիւ գանատահայութեան նպատակաուղղուած ճիգերուն։ Պատմական ձեռքբերումը իրագործուեցաւ, որովհետեւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը տասնամեակներու վրայ երկարող տենդագին ու քուլիսներու ետին կատարուող քարոզչական լայնածաւալ ալիք շղթայազերծեց մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ, դաշնակցային օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու մակարդակներու վրայ: Զուգահեռաբար, Գանատայի տարածքին գործող Հայ Դատի տեղական յանձնախումբերը, նահանգային թէ քաղաքապետական օղակներու մէջ կատարեցին անհրաժեշտ բանակցային-յարաբերական աշխատանքը՝ համագանատական մակարդակի վրայ ցեղասպանութեան ճանաչման ենթահողը առաւել եւս ամրապնդելու համար։
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի քարոզչական ներուժի եւ գործի կենսագործման զսպանակիչ ուժը միշտ եղած է գանատահայ համայնքը, որուն կամաւոր ու համակիր Հայ Դատի նուիրեալ գործիչները, անանձնական զոհաբերութեամբ ու անխորտակ կամքով մինչ օրս կը շարունակեն առաքելութիւնը:
Այսօր ժողովրդավար երկիրներու դրօշակիր Գանատային երախտառու ենք, այն պետութեան, որուն ծերակոյտը 2002-ին նոյնպէս յատուկ բանաձեւով հաստատած է հայութեան դէմ գործադրուած ոճիրը, իսկ 2006 թուականի Ապրիլ 21-ին, Գանատայի կառավարութիւնը, վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի յայտարարութեամբ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Այս ձեռքբերումներով հանդերձ, յստակ է, որ Հայ Դատի պայքարն ու հետապնդումը միայն հայութեան դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը չէ, այլեւ՝ նախ եւ առաջ իրաւունքի վերատիրացման եւ հողային տարածքներու պահանջատիրութեան հարց է։
Այսօր, Ցեղասպանութիւնը տարբեր հոլովոյթներով կը շարունակուի, այնքան ատեն որ Թուրքիոյ պետութիւնը Արցախի հարցով շրջափակում կը պարտադրէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ցեղասպանութեան ուրացման եւ ժխտողական քաղաքականութեամբ կը շարունակէ խեղաթիւրել պատմական իրողութիւնները։
Առ այդ, անյետաձգելիօրէն պարտաւորական կը դառնայ, որ Անգարա հիմնովին վերատեսութեան ենթարկէ թուրք սերունդներու դաստիարակութեան ուղղուած կրթութեան համակարգի պատմութեան դասագիրքերը, վերադարձնէ պատմամշակութային ժառանգութիւն հանդիսացող յուշարձաններն ու կիսաքանդ եկեղեցիները, ընդունի հայաջնջման արարքին դիմաց հատուցում կատարելու պատասխանատուութիւնը եւ վերադարձնէ հայութեան պատմական բնօրրանի բռնագրաւուած հողատարածքները:
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաւատոյ հանգանակը կը հանդիսանայ՝ պատմական արդարութեան վերահաստատումը, ցեղասպանութեան պատճառով արմատախիլ դարձած աշխարհացրիւ հայութեան բեկորներու հայրենադարձութիւնը, մէկ հայրենիքի եւ քաղաքական մէկ ու միացեալ պետական միաւորի՝ անկախ, ազատ եւ աշխարհագրականօրէն միաւորուած Հայաստանի մէջ։
«Հորիզոն»