Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
2019ի Ապրիլ ամիսը կը նշանաւորէ հայ ազգին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցը։ Համայն հայութիւնը, միացած ու վճռակամ, ամէնուրեք կը համախմբուի՝ հաւաքական յիշողութեան եւ պահանջատիրութեան մեր պատմական թուականը նշելով։
Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդած տարիներուն, եթէ մեր ամէնէն ազդու կարգախօսները մեր վերապրումին ու սփիւռքեան պայմաններու մէջ հայապահպանումին վերաբերող լոզունգներն էին, ապա՝ այսօր, 104 տարիներ ետք, իրաւատէր ու պահանջատէր հայութիւնը Ցեղասպան Թուրքիոյ կը յիշեցնէ ամբողջական հատուցման իր արդարագոյն իրաւունքը։ Նոյն կարեւորութեամբ կ’ազդարարէ միջազգային հանրութեան, թէ Ցեղասպանութեան դատապարտումի ու անոր կանխարգիլումի ձախողութիւնը՝ մարդկութեան դէմ նոր ոճիրներու գործադրութեան առիթ կը դառնայ։
Հայութեան պահանջատիրութեան ձայնը յանգեցուց յաջորդական ու շարունակական ճանաչումներու շղթայի մը, որ արդիւնաւէտ ու նոր շեշտադրում բերաւ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն։
Պայքարի այդ խստապահանջ ճամբուն վրայ մեր ժողովուրդը կրցաւ կազմակերպուած ուժի վերածուիլ, հաւատարիմ մնալով մեր ազգային արժէքներուն, միաժամանակ՝ յարգանք ու ակնածանք վայելելով օտար քաղաքական շրջանակներուն մօտ։ Երկար էր ճանապարհը, փոթորկալից վերիվայրումներով, որ պատիւ ու արժանապատուութիւն շնորհեց մեր ժողովուրդի տարած պայքարին հանդէպ։
Այսօր, աւելի քան երբեք, հրամայական պահանջ կը շարունակէ մնալ հայ ժողովուրդի պայքարին աշխուժացումը, որու օրակարգներուն կարեւոր բաժինը կը նպատակադրէ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային հեղինակութեան բարձրացումը եւ յարարաբերութիւններու բարելաւումը, Արցախի Հանրապետութեան ազգային ինքնորոշման իրաւունքի շեշտադրումը, ու երկրի անկախութեան ճանաչման ապահովումը:
Մենք համոզուած ենք, որ միայն պահանջատէր ու միակամ քայլերով կը կարողանանք լաւագոյնս ապահովել մեր ազգային շահերը եւ այդ պատճառով է, որ խոր ափսոսանքով ականատեսները կը դառնանք մեր գաղութէն ներս ազգային անդորրը նեղացնող եւ ամայութեան առաջնորդող երեւոյթներու։ Կտրուկ կը մերժենք միասնականութիւնը խանգարել ուզող կեցուածքները, նոյն պահուն ողջունելով տրամաբանական, առողջ ու ողջմիտ ազգասիրութեան դրսեւորումները, որոնք մեզ յաղթանակներու կ’առաջնորդեն։
Հայրենակիցներ,
Ապրիլ 24ը վերապրումի ու պայքարի օր է մեր ազգին համար, որ իր փառահեղ էջերը ունեցաւ Սարդարապատի մէջ, կը շարունակէ ունենալ Արցախի պաշտպանութեան ի խնդիր եւ կանգ պիտի չառնէ այնքան ժամանակ, որ Թուրքիա չէ ճանչցած մեր ազգին դէմ իր գործած ոճիրը։
Մեր Դատը արդար հատուցումի հարց է։ Այսօր, հայ ժողովուրդը համայն մարդկութեան առջեւ կը կանգնի, գիտակից իր առաքելութեան եւ իրաւական իր պահանջներով ու միջոցներով, որ նոր փուլի մը դիմաց կը դնեն ազգային մեր պահանջատիրութիւնը։
Հատուցում` կորսուած կեանքերու եւ ստացուածքներու դիմաց,
Վերադարձ` հայապատկան հողերու,
Երաշխաւորում` մեր ամբողջական հայրենիքին ու անոր վրայ ապրող ժողովուրդին ապահովութեան ու կենցաղին։
Առ այդ՝
Արտայայտելով Հայ Դատի պահանջատիրական ոգին արծարծ պահելու վճառականութիւնը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն կոչ կ’ուղղէ ազգային եւ կրօնական իշխանութեանց, ուղեկից միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն, կրթական պատասխանատուներուն, հայ ուսանողութեան ու երիտասարդութեան, ինչպէս նաեւ Յունաստանի տարածքին բնակող ամէն մէկ ազգայինի, որ ընդառաջեն եւ խիտ շարքերով մասնակից դառնան Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան կողմէ Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի, Քսանթիի հայաշատ շրջաններուն մէջ ծրագրուած ձեռնարկներու յաջողութեան։
Ներկա՛յ ըլլանք բոլորս եւ ցոյց տանք աշխարհին, թէ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչումով, թրքական պետութեան դատապարտումով եւ հայ ժողովուրդին տրուած քաղաքական արդար հատուցումով՝ հնարաւոր է խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովել։
Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ