Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
4 Փետրուարին, Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան» հայագիտական գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի հրատարակչականէն վերջերս լոյս տեսած օսմանեան խորհրդարանի մեպուս Յակոբ Պապիկեանի Ատանայի կոտորածին նուիրուած տեղեկագիրին գիրքը՝ «The Adana Massacres» վերնագրով:
Գիրքը անգլերէնի թարգմանած, ծանօթագրած, անոր յառաջաբանը գրած, յաւելուածները եւ ցանկերը պատրաստած է Դոկտ. Ա. Կիւրեղեան:
Բարի գալուստի իր խօսքին մէջ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան շեշտեց, թէ «պատմութիւնը ունի իր բացթողումները, վրիպած եւ պակաս թողած էջերը», որոնցմէ մէկն է պատմութեան շուքին մնացած Յակոբ Պապիկեանի այս տեղեկագիրը, որ թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տասնամեակին եւ թէ անկէ ետք մոռացութեան մատնուած էր: Վեր. Հայտոսթեան նկատել տուաւ, որ տեղեկագիրը առաջին անգամն է որ կարժանանայ անգլերէն ամբողջական թարգմանութեան, որուն շնորհիւ ալ աւելի լայն շրջանառութեան մեծ հնարաւորութիւն կ՛ունենայ: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. Կիւրեղեանին՝ իր անդուլ աշխատանքին համար եւ շնորհաւորեց Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատունը այս առթիւ:
Ապա խօսք առաւ դոկտ. Ա. Կիւրեղեան, որ շեշտը դրաւ Պապիկեանի ինքնութեան՝ ընդգծելով որ օսմանեան խորհրդարանը զինք նշանակեց՝ վստահելով անոր օսմանցիական եւ երիտթրքական հաւատարմութեան: Սակայն, Պապիկեան ինքնափոխութիւն ապրեցաւ՝ անմիջականօրէն շփուելով Կիլիկիոյ կոտորածներուն զոհերուն հետ: Դժբախտաբար սակայն, իրեն չխնայուեցաւ իր արդարամտութիւնն ու ճշմարտախօսութիւնը եւ այն օրը, որ ինք պիտի ընթերցէր իր զեկոյցը խորհրդարանին մէջ, այդ առաւօտ ան մահացած գտնուեցաւ իր տան մէջ:
Ապա գիրքը ներկայացուց դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան՝ նշելով. «Իր 114 էջերուն մէջ, այս գիրքը կը բովանդակէ ներածական մը, 21 էջնոց տեղեկագիրը, եւ յաւելուածներ՝ Պապիկեանի՝ վարչապետին ուղղած երեք հեռագիրները, մամլոյ երկու հարցազրոյցները, Ատանայի զինուորական ատեանի վճիռներուն վերլուծութիւնը, արեւմտեան մամուլի լրատուութիւնը, բնակչութեան եւ զոհերու վիճակագրութիւնը՝ ըստ թրքական եւ ըստ հայկական աղբիւրներու, Կիլիկիոյ մէջ աղէտեալ հայերու մօտաւոր ցանկը եւ ունեցուածքի վնասներուն վերլուծութիւնը, քննարկում մը՝ թէ այս կոտորածները ծրագրուա՞ծ թէ տարերային բնոյթ ունէին: Իսկ վերջին երեք յաւելուածները կիլիկեան աղէտը կը կամրջեն մեր օրերուն իրաւական ուղիներով՝ Թուրքիոյ տխրահռչակ թիւ 301 պատժական օրինագիծ, Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական Մարդկային իրաւանց ատեանին զեկոյցներ ու յանձնարարականներ Թուրքիոյ, հուսկ՝ ՄԱԿի 1968ին որդեգրած հռչակագիրը՝ պատերազմական ոճիրներու եւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու անժամանցելիութիւն»:
Դոկտ. Տագէսեան իր խօսքը եզրափակեց՝ ընդգծելով որ «գիրքին յաւելուածները, ներածականը, ծանօթագրութիւնները կը յառաջացնեն անմիջական, էական եւ լուսաբանական շրջանակը, աւելի ամբողջական կը դարձնեն տեղեկագիրը ու զայն կը կապեն այսօրուան՝ տալով նաեւ այլատեսակ այժմէականութիւն մը 110 տարիներ առաջ պատահած գազանային կոտորածներուն»:
Ձեռնարկին աւարտին դոկտ. Կիւրեղեան գիրքէն օրինակներ մակագրեց ներկաներուն համար: