կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-01-29 10:44
Հասարակություն

Ռոստոմ եւ Արամ

Ռոստոմ եւ Արամ

Տարբեր սերունդի եւ տարբեր տարիքի մարդիկ, բայց մեր այս երկու թանկագին ընկերները ո՜րքան կը նմանէին իրարու շատ մը տեսակէտներով:

Ամենէն առաջ՝ իբրեւ սերմանացան: Ուսուցիչ՝ երկուքն ալ, իրենց տքնութիւնը խոր հետքեր կը ձգէր նոյնիսկ այս տարրական եւ խաղաղ ասպարէզին մէջ: Կը յիշենք Ռոստոմը, երբ թւաբանութեան դաս կուտար 8-10 տարեկան մանուկներու, ի հարկին ամբողջ դասաժամը յատկացնելով միայն մէկ դանդաղամիտ աշակերտի դասը սորվեցնելու: Եւ այս տաղտկալի ճիգը՝ ամենէն հասուն տարիքին մէջ. թէեւ ծանրաբեռնւած՝ իր բուն պաշտօնին մտահոգութիւններով, բայց առանց տրտնջալու, միշտ բարի ժպիտ մը դէմքին: Տեսնելու էր, դարձեալ, թէ ի՛նչ ոգեւորութեամբ հարիւրաւոր աշակերտներ կառաջնորդէր դէպի դաշտերն ու սարերը, իրագիտական դասեր տալով ճամբան հանդիպած քարի կտորի մը, բոյսի մը, ծաղիկի մը, ծառի մը կամ ճճիի մը մասին: Եւ այս ոչ միայն քաղաքին մէջ, այլ ամէն ուր որ կերթար, Կարինէն մինչեւ Մուշ եւ Սասուն, իր հետ առած՝ 10-15 դպրոցականներ, խումբ մը շրջիկներ ալ ետեւէն:

Ուսուցիչ էր նաեւ Արամը: Օսմանեան Սահմանադրութեան արշալոյսին, հազիւ ազատած Վանի քստմնելի նկուղներէն, կը հանգստանար Ժընեւ, յետոյ կանցնէր Օրտու, Սեւ Ծովու ափը, իբրեւ դպրոցի տեսուչ, յետոյ նորէն Վասպուրական, իբրեւ գործիչ եւ ուսուցիչ: Դժւա՜ր է ըսել, ուսուցի՞չն էր, որ կը լրացնէր յեղափոխականը, թէ յեղափոխականն էր, որ սովորական դաստիարակ-վարժապետի միօրինակութենէն կը բարձրացնէր զինքը կախարդական ուժ մը: Աշակերտը ինչպէս ամբոխը, ոչ թէ դաս կառնէր, այլ կը խմորւէ՛ր, իր նայւածքին տակ, կը թրծւէր ինքնաբերաբար, հասարակ ընթերցարանը կը դառնար կենդանի աշխարհ մը, ուր պճլտուն աչքեր հաճութեամբ կը գտնէին ինչ որ կուզէր սորվեցնել ուսուցիչը:

***

Այն նոյն թաթաւուն անզգալի այլ տիրական եւ յարատեւ գիծը՝ նաեւ կուսակցական կեանքի մէջ, քաղաքական-յեղափոխական գործունէութեան ընթացքին:

Ճիշտ է, որ խառնւածքի տարբերութիւնը կը շեշտւէր այստեղ: Ռոստոմը՝ միշտ լռակեաց եւ ստուերի մէջ, կը խուսափէր աղմուկէն եւ ամբոխէն, բայց կերեւար ամէն տեղ: Աւելի շատ՝ պարզ խմբական ժողովներու քան միթինկներու: Եթէ ստիպւէր բեմ ելլել, համեստօրէն կը նստէր աթոռին վրա, «զրոյց անելու», ոչ թէ ճառ խօսելու համար: Իսկ իր զրույցները... Ափսո՜ս որ ոչ իսկ պատճէն մը կայ թուղթի վրա: Ինքն իսկ արգիլած է գրի առնել:

Արամը, աւելի տաքարիւն, նոյնքան սիրելով հանդերձ մրջիւնի աշխատանքը, վախ չունէր ամբոխէն, եւ ռմբաձիգ բառեր կը հոսէին իր բերնէն, բեմի վրա: Հռետոր չէր, բայց պողպատի ձայն կուգար իր խօսքերէն: Կը պոռթկար անճիգ եւ անարւեստ, բայց կը զգայիր որ միտքն ու կամքը զուգընթաց կերթան:

Ինչպէս տարբերութիւնը, միացման գիծն ալ այստեղ կը շեշտւէր: Բեմէն, հրապարակէն, աղմուկէն յետոյ, երկուքն ալ, Ռոստոմը եւ Արամը, կարծեւ միեւնոյն մարմնին երկու թեւերն էին, որ առանց նեղութիւն պատճառելու կը գրաւէին, գործի կը պահէին բոլոր պիտանի տարրերը: Կը թւի թէ – արդեօք իրենց գիտութեա՞ն բերումով – երկուքին համար ալ գաղտնիք չունէր մարդիկը տարրալուծելու յատկութիւնը: Մէկ տղայ, մէկ աղջիկ, գիւղացի, մտաւորական, խումբ մը երիտասարդներ,– փոյթ չէ, կը բաւէ, որ հանդիպեցան մէկուն կամ միւսին սուր հայեացքին, իրենց այս կամ այն գիծով, այլ եւս ազատում չկար: Միայն մէկ լաւ յատկանիշ բաւական էր, որ երկուքն ալ մոռնային թեկնածուին գէշ կողմերը ու ճգնէին գործի մղել զայն, այդ մէկ բարեմասնութեամբ սրբագրելու համար թերիները:

Այսպէ՜ս է որ, ե՛ւ Ռոստոմին ե՛ւ Արամին հետ կապւած անուններ, ամենէն համեստէն մինչեւ ամենէն փայլունը, դարձած են հաւատարիմ եւ գործօն զինւորեալները Հ. Յ. Դաշնակցութեան: Սովորական չեն եղած անոնք, այլ մասնիկները կամ ժառանգորդները վարպետներուն զանազան յատկութեանց:
***
Ամեհի լերան մը կողքին թառած կաղնի մըն էր Ռոստոմը: Աւելի ճիշտ՝ ժայռի ստորոտէն բխած վճիտ առու մը, որ կը հոսի ու կը ժպտի, որ հետքեր կը ձգէ ու կը խուսափի, մերթ ծածկւած՝ թուփերու տակ, մերթ խառնւած՝ մեր ջուրերուն: Ե՛ւ ներկայ ե՛ւ բացակայ, ե՛ւ այստեղ ե՛ւ այնտեղ: Իրեն համար չկար գործին մեծն ու պզտիկը, խոնարհն ու շքեղը: Եւ իրեն համար չէին մեծ ոստաններն ու քաղաքները: Տարին մէկ անգամ Պոլիս կու գար Կարինէն, օրերը համրելով: երեք օր կամ մէկ շաբաթ՝ կուսակցական գործերու համար:

Յետոյ երեք օր ալ Ժընեւ՝ կինը տեսնելու: Եւ գոտեպինդ վերադարձ՝ դէպի Կարին: Այն աստիճան արագ, որ կը մերժէր ճամբորդի կառք առնել Տրապիզոնէն ու կը նստէր թղթատարական սայլը, որպէսզի, փոխանակ վեցի, երեք օրէն հասնի Կարին, անշուշտ, գիշեր ցերեկ քշելով սայլը, սուրհանդակին հետ քով քովի: Յաճախ կը պատահէր, որ ընկերները թելադրէին Պոլիս մնալ, իրեւ Բիւրոյի անդամ, քանի որ այնտեղ էր կուսակցութեան վարիչ կեդրոնը: Շատ կարճ էր Ռոստոմի պատասխանը:
– Եթէ դժգոհ էք Էրզրում կենալէս, պատրաստ եմ Խարբերդ անցնելու:

Եւ մինչեւ Մեծ Պատերազմը մնաց Կարին, թէ իբրեւ Բիւրոյի անդամ, եւ թէ իբրեւ ազգային դպրոցներու տեսուչ,– յիշելով միայն իր գլխաւոր պաշտօնները:

Չափազանց բարեհամբոյր՝ ընկերական կեանքի մէջ, փիլիսոփայի պէս ներողամիտ՝ ոչ-դաշնակցականներու հանդէպ, առիւծի պէս կը մռնչէր Ռոստոմը, ապացուցւած յանցանքի մը ատեն: Միս-մինակը, մէկ նայւածքով եւ երկու բառով, զինաթափ կընէր ամենէն անոպայ զեղծարարը, կը խոստովանցնէր ամենէն քարացած խաբեբան: Իր կեցւածքն իսկ ահ ու դողի կը մատնէր յանցաւորը, կամ խումբ մը յանցաւորներ միասին, դէմ դիմաց: Թերեւս մեր անդրանիկ ընկերներէն ոչ մէկուն առջեւ այնքան սարսուռ զգացած են մեր շատ մը ընկերները, որքան Ռոստոմի բարոյական սաստին տակ: Լեռ ըլլար, կը փլէր անոր երեւութապէս խաղաղ, ժպտուն, այլ հատու ակնարկէն:

Այլապէս եզակի տիպար մըն էր Արամը: Վարժ՝ բուռն ձեւերու, յաճախ ձեռքը մաւզէրին, ան կրանիտ կը դառնար վտանգի պահուն, որ վճիռներ կարձակէր կատարեալ ինքնավստահութեամբ: Գրեթէ անսխալ էր, րոպէի պահանջը ըմբռնելու տեսակետէն: Ամբոխը շատոնց մոռցած էր նախասահմանադրական շրջանի դաւադիր Արամը, եւ իր առջեւ կը տեսնէր հանրային գործիչը, մշակութեային աշխատանքի նւիրւած ուսուցիչը:

Եկա՜ւ 1915 Ապրիլը, հայաջինջ սարսափներու բոլոր նախանշաններով: Իշխանը սպանւած՝ դաւադրաբար, Վռամեանը ձերբակալուած՝ նոյն խարդախութեամբ:
Եւ Արամը կուտայ Վանի ապստամբութեան մարտակոչը, առանց մէկ վայրկեան տատանելու: Ուսուցիչը կանհետանայ յանդուգն յեղափոխականին առջեւ:

Նոյն վճռական թափը՝ 1918 Մայիսին: Վասպուրականը՝ նահանջի հարկադրւած, այնքան գերմարդկային ճիգերով շահւած նւաճումները՝ վտանգի տակ, Երեւանը՝ շղթայակապ եւ հեղձամահ. հարիւր հազարաւոր փախստականներ գալարուն՝ կեանքի եւ մահւան ալիքներուն մէջ. ո՛չ բարեկամ ոյժ, ո՛չ ապաւէն: Թշնամին սրընթաց կը քրքջայ, դանակը շողացնելով…
-Կռի՛ւ, կը գոռայ Արամը: Ու իր մոգական խօսքին տակ, ամբողջ ժողովուրդ մը մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնած, կը խոյանայ դէպի Սարդարապատ եւ Ղարաքիլիսէ, զարնելու եւ զարնւելու համար: Թերեւս ինքն ալ կը կասկածէր յաղթական ելքէն, բայց պատրանք չէր այլ եւս. Խալիլ փաշաները խաղաղութեան դափնիներով կը դիմաւորէն արժանաւոր հակառակորդը:

Դաշնակցութիւնը չի սիրեր աստւածացնել անհատները, ինչքան ալ բարձր արժանիք ունենան: Դաշնակցութեան համար անհատը՝ խտացումն է հաւաքական առաքինութեանց: Կենդանի, տեսանելի եւ շօշափելի արտայայտիչը՝ հաւաքական կամքին: Բայց ժողովուրդը, որ ունի իր առանձին աշխարհահայեացքը, այնքան տարերային ու հարազատ, 1918 Մայիս 28-էն յետոյ, Արամը հռչակեց իբրեւ հիմնադիրը հայկական անկախութեան: Եւ, անշուշտ, սխալ չէր այս եզրակացութիւնը, մեր ժամանակակից պատմութեան ամենէն ճակատագրական օրերուն համար:
***
Անխոցելի՝ բոլոր կռիւներուն եւ վտանգներուն մէջ, մեզմէ բաժնւեցան երկուքն ալ՝ ամենէն անյուսալի պատահարներով,– համաճարակ հիւանդութեամբ: Ու գացին այնպիսի ատեն մը, երբ այնքան կարօտ էինք երկուքին ալ, ինչպէս նման տիպարներու: Մեր ճակատագրական դժբախտութիւններէն մէկն ալ՝ այս: Իրարու ետեւէ, խումբ-խումբ կամ հատ-հատ, հայաջինջ սարսափներու ընթացքին կամ տխմար դիպւածներու հետեւանքով, կորսնցուցինք ամբողջ փաղանգ մը, որ չարաչար տքնեցաւ յաղթանակը փութացնելու համար, բայց չհասաւ յաղթանակի օրւան: Կամ տեսաւ զայն քաօսային վիճակը մէջ, տակաւին չձեւաւորւած: Ամբողջ սերունդ մը, որ կոչւած էր բախտորոշ դեր կատարելու: Մնացինք որբեւայրի, ե՛ւ իբրեւ ժողովուրդ, ե՛ւ իբրեւ կուսակցութիւն:

Այդ կսկիծը շատ աւելի խոր է այսօր եւ աւելի ուժգնօրէն կը խոցոտէ մեր սիրտը օրւան այս ժամուն, երբ այնքան մռայլ է հորիզոնը, եւ այնքան միօրինակ՝ հայկական իրականութիւնը:

Բայց, մենք մեծագոյն անարգանքը ըրած պիտի ըլլանք Ռոստոմներու եւ Արամներու յիշատակին, եթէ, նկուն եղերամայրերու պէս, տարւինք հառաչանքներով,- «մեռանք-կորանք» – փոխանակ տասն անգամ տասնով բազմապատկելու մեր կորովը:

Անփոխարինելի են Ռոստոմն ու Արամը, ինչպէս այնքան ուրիշներ, որ անդարձ գացին. բայց Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը միշտ ալ ընդունակ է Ռոստոմներ եւ Արամներ յարուցանելու, ո՛րեւ է ճակատագրական ժամու, կը բաւէ, որ անթարթ աչքերով եւ սրբազան հաւատքով նայի անոնց թողած յեղափոխական հանգանակին. տիրաբար, խորապէս ըմբռնէ անոնց կորովին իմաստը, եւ անդաւաճան յարատեւութեամբ քալէ անոնց ճամբէն: Յեղափոխական միտքը չի հանդուրժեր քարացած կաղապարներու: Եւ Ռոստոմներն ու Արամները կը նսեմանան ա՛յն օրը, կամ Հ.Յ. Դաշնակցութեան դիմագիծը կաղճատւի ա՛յն ժամուն, երբ յաջորդ սերունդը մոռնայ ոգին, տառը միայն հոլովելով, կամ իրական ճիգը շփոթէ սնամէջ «քլիշէ»-ներու հետ:

«ԴՐՕՇԱԿ»-Յունուար-Փետրւար 1929
Թիւ 1-2 (284-285)