Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Մտածուա՞ծ է արդեօք, թէ ի՞նչ կրնար ըլլալ լիբանանահայութեան դիմագիծը յատկապէս եւ հայ կեանքի պատկերը ընդհանրապէս՝ առանց Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան:
Փորձ կատարուա՞ծ է հաշուելու թիւը անոնց, որոնք ԼԵՄ-ի շարքերէն անցնելով՝ վերջին կէս դարուն թարմ շունչ ու աւիւն տուին Դաշնակցութեան, թափ ու կշիռ՝ Հայ Դատի ի խնդիր անոր մղած պայքարներուն:
45 տարին բաւարար ժամանակ է գնահատական տալու միութեան մը, որուն տարիներէն իւրաքանչիւրը 45 անգամ 45 ջանք, գործ ու նուիրում եղաւ զինք ծնող գաղութին եւ կուսակցութեան: Հազարաւորներ անցան ԼԵՄ-ի շարքերէն, հարիւրաւորներ իրենց հետքն ու անունը ձգեցին, իսկ տասնեակներ հասան մինչեւ հայութեան գերագոյն նուիրաբերումի զոհասեղանը:
Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւնը, աւելի ծանօթ՝ յապաւուած ԼԵՄ անունով, ամէնէն առաջ եղաւ ազգային-կուսակցական դաստիարակութեան դպրոց մը, ուր մուտք գործողները սորվեցան երիտասարդական իրենց խանդը ծառայեցնել հաւաքական կազմակերպ աշխատանքի եւ ազգային նպատակասլաց կեանքի: ԼԵՄ-ի միջավայրը միայն գիտելիքներ չփոխանցեց իրեն դիմողներուն, այլ հոգիներ դարբնեց ու միտքեր պատրաստեց քաղաքականացման եւ յեղափոխականացման իտէալներով: Այնպէս մը որ, մարդիկ երբ ԼԵՄ-ականներ տեսան նոյնիսկ ակումբներէ դուրս, առանց պարտականութեան, իրենց խօսքերէն ու կեցուածքներէն դատելով, գիտցան թէ ԼԵՄ-ականնե՛ր են անոնք:
Դիւրին չեղաւ ԼԵՄ-ի 45-ամեայ երթը, տեւական պայքար մը եղաւ ան ընդհանուր անտարբերութեան, երիտասարդութեան ապաքաղաքականացման, ազգային, հոգեւոր ու մտաւոր արժէքներէ օտարացման հոսանքներուն դէմ: Ընկրկողներ միշտ եղան, բայց երթը շարունակուեցաւ, որովհետեւ ԼԵՄ-ի կազմակերպական հնոցը շարունակ հասցուց պատրաստուած ու պատրաստակամ նոր ուժեր:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը շատ բան խանգարեց ԼԵՄ-ի ծրագիրներէն, բայց անոր անդամներուն տուաւ պատերազմի երկար տարիներուն իրարու մօտ ըլլալու եւ իրարմով զօրանալու բացառիկ ուժը: Այդ տարիներուն քանի մը սերունդ հասակ առաւ ծառայութեամբ եւ նուիրումով մեծնալու դաշնակցական աւանդով:
«Եարի փոխան զէնք գրկած» ԼԵՄ-ական տղաք ակումբներու մէջ յաճախ 24 ժամ միասին անցուցին, գիշերը-ցերեկին խառնեցին եւ ստեղծեցին ընկերական-կուսակցական կեանքի նախանձելի մթնոլորտ մը, որ բնորոշ եղաւ «պահակ տղոց» առօրեային:
15 տարի շարունակ հայաբնակ թաղամասերու ակումբները ապրեցան մնայուն եռուզեռը ԼԵՄ-ականներուն. ժողովներ, ձեռնարկներ, օրացոյցի եւ «Ռազմիկ»ի վաճառքներ, կոչերու եւ որմազդներու ցրւումներ, թաղային հարցերու դասաւորումներ, շրջանի ապահովութեան կապուած աշխատանքներ երկա՜ր ժամեր խլեցին բոլորէն, եւ սակայն բոլո՛րը, մեծ թէ պզտիկ, անտրտունջ, սիրով եւ համբերատարութեամբ կատարեցին իրենց վստահուած պարտականութիւնները:
Օրերու հետ գործի դաշտերը ընդլայնեցան, ԼԵՄ-ի շարքերն ալ ստուարացան: Հայութեան գոյատեւման եւ Հայ Դատի հետապնդման մարտահրաւէրները թելադրեցին աւելի աչալուրջ եւ կազմակերպ մասնակցութիւն ազգային մեր կեանքին: Հայ Դատը դարձաւ գլխաւոր մտասեւեռումը բոլորին: «Պահակ տղոց» շարքերէն դարբնուեցան գաղափարի մարտիկներ եւ Հայ Դատի զինուորեալներ: Շատերը անոնցմէ հոմանիշ դարձան գերագոյն զոհաբերութեան, ուրիշներ իրենց կեանքը մաշեցուցին նուիրումի ճամբուն վրայ, իսկ գտնուեցան նաեւ անոնք, որոնք Յարատեւ կռիւը վերածեցին ամէնօրեայ պայքարի. ընդդիմացա՛ն թրքախօսութեան երեւոյթին դէմ, հրկիզեցին թրքերէն ձայներիզներն ու վիտէօ-երիզները, «ո՛չ» ըսին թրքական ապրանքներու վաճառքին եւ հակաթուրք քարոզչական ձեռնարկներ կազմակերպեցին երկա՜ր տարիներ:
Այսպէս, գաղութին մէջ իր ազդու ներկայութեամբ ԼԵՄ-ը ունեցաւ տեւական ըսելիք եւ ընելիք: Դիմագիծ կերտեց ան, նկարագիր ունեցաւ եւ առաքելութեան մը յառաջապահը եղաւ:
Արցախեան պահանջատիրութիւնը եւ Հայաստանի անկախացումը նոր հորիզոններ բացին ԼԵՄ-ին առջեւ: ԼԵՄ-ականներ շուտով անդրադարձան, որ հարցը լոկ թաղամասի մը կամ գաղութի մը պաշտպանութիւնը չէ, այլ՝ ամբողջ հայրենիքի մը, որուն արեւելեան սահմանին վրայ կենաց մահու կռիւ կը մղուի, արեւմուտքը ենթակայ է շրջափակումի, իսկ հիւսիսը կը հիւծի իր խոր վէրքով: ԼԵՄ-ը հասաւ ամէնուրեք. տեղ մը իբրեւ ազատամարտիկ, այլ տեղ իբրեւ բազմաճակատ պայքարի մասնակից, մէկ ուրիշ տեղ՝ իբրեւ «Անոյշ հայրենիք» ճամբարներու կազմակերպիչ: Միաժամանակ ան ձեռք ձգեց թանկագին դաս մը, որ հայրենիքին համար մեռնելու պատրաստ եղող երիտասարդութիւն մը պէտք է պատրաստ ըլլայ նաեւ հայրենիքին համար ապրելո՛ւ:
45-ամեակ է այս տարի։ ԼԵՄ-ը յոբելենական տարին կը բոլորէ վերանորոգման եւ վերակազմակերպման մարտահրաւէրներով: Շատ արագ զարգացող այսօրուան աշխարհին մէջ ոչ ոքի արտօնուած է այլեւս տեղքայլ ընել: Համաշխարհայնացումի եւ մրցակցութեան դարն է: Հետեւաբար, ժամանակին հետ քայլ պահելու պարտաւորութիւնը, ինքզինք կատարելագործելու կամքը եւ աշխատանքի նորանոր դաշտերու որոնումը կը պայմանաւորեն ԼԵՄ-ի զարգացումը յառաջիկայ տարիներուն:
Ճիշդ է, անցեալին բաղդատմամբ՝ մեր օրերուն մեծ է թիւը այն երիտասարդութեան, որ հետզհետէ քիչ մը աւելի կը հրաժարի իր հողէն, անցեալէն, վերադարձի երազէն եւ պահանջատիրութենէն: Դժբախտաբար, մեծ է թիւը նաեւ ԼԵՄ-ի բնականոն գործունէութիւնը խոչընդոտող դժուարութիւններուն: Սակայն ե՞րբ բարենպաստ պայմաններ ստեղծուած են հայութեան համար: Դաշնակցական ո՞ր սերունդը ունեցած է անկախ Հայաստանի ու Արցախի դրօշներուն տակ գործելու այն բախտն ու առիթը, զոր ընձեռուած է այսօրուան սերունդին:
Ընդհակառակն, պետականութեան կորուստի երկար ժամանակներուն, երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս տարտղնուած եւ իր սեփական կամքին գերին դարձած է, սակայն միշտ ալ գտնուած են «խենթ»եր, որոնք կարողացած են յաղթահարել իրենց ժամանակի ու միջավայրի աննպաստ պայմանները:
Իսկ ո՞ւր են այսօրուան «խենթ»երը, որոնք հաւաքական մեր թերացումներուն համար դժգոհելու փոխարէն՝ քաջութիւնը պիտի ունենան տէր կանգնելու իրենց պարտականութիւններուն՝ հանդէպ իրենց ժողովուրդին, կուսակցութեան, իրենց նախորդող ու յաջորդող սերունդներուն:
45-ամեակը նոր էջ կը բանայ ԼԵՄ-ի պատմութեան մէջ: Իրատեսութիւնը կը թելադրէ պատրաստ ըլլալ աւելի ծանր պայմաններու մէջ գործելու: Երեւոյթները ցոյց կու տան, որ այսուհետեւ դժուարութիւնները պիտի ըլլան շատ աւելի, սակայն անոնք պէտք չէ վախցնեն կամ ընկճեն երիտասարդութիւնը, այլ՝ յաւելեալ համբերութիւն ներշնչեն անոր, համբերութիւնը՝ փորձառութիւն, իսկ փորձառութիւնը՝ վճռականութիւն: Անտարբերութիւնը եւ յուսահատութիւնը խորթ են յանձնառու երիտասարդութեան նկարագիրին: Դաշնակցականութիւնը կը թելադրէ տեւական ճիգ, յարատեւութիւն եւ տքնանք:
Անցնող 45 տարիներուն, ԼԵՄ-ականներ հանգիստի, ժամանակի եւ արեան զոհաբերութեամբ յաջողեցան բարձր բռնել գաղափարական այն դրօշը, որ հայութիւնը պիտի առաջնորդէ իր անկատար տենչերուն իրականացման: Ներկան իր ներշնչումը կրնայ առնել անցեալէն եւ ամուր պատուանդանը ըլլալ վաղուան նոր 45-ամեակներուն, եթէ ամէն բանէ առաջ բոլորը, անխտի՛ր բոլորը, անդրադառնան, թէ ի՞նչ կրնար ըլլալ մեր կեանքը առանց ԼԵՄ-ին...: