կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-11-20 16:31
Սփյուռք

Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւններու Պատուիրակութիւնը Եւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ն ու ԼԵՄ-ը Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Յուշագիրներ Յանձնեցին Հայաստանի Դեսպանատան

Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւններու Պատուիրակութիւնը Եւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ն ու ԼԵՄ-ը Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Յուշագիրներ Յանձնեցին Հայաստանի Դեսպանատան

Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւններէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը երէկ` հինգշաբթի, 19 նոյեմբեր 2020-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ: Իւրաքանչիւր միութենէ դեսպանին յանձնուեցաւ յուշագիր մը` ուղղուած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:

Ներկայացուած յուշագիրներուն մէջ Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնները դատապարտեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Ազրպէյճանի հետ պատերազմի դադրեցման համար ստորագրած յանձնուողական եւ պարտուողական յայտարարութիւնը: Անոնք պահանջեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը:

ամազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ վարչապետ Փաշինեանին ուղղուած յուշագիրին մէջ մասնաւորաբար կը նշուի. «Ձեր ստորագրած համաձայնագիրը` բազում հերոսներու արեամբ շաղախուած, սովորական տարածքներու յանձնումէն անցնելով, բարբարոս թշնամիին կը յանձնէ նաեւ մեր պատմամշակութային դարաւոր հարստութեան մէկ կարեւոր մասնաբաժինը: Անհրաժեշտ չենք նկատեր այստեղ թուարկելու այն հազարաւոր մշակութային կոթողներն ու եկեղեցիները, բազմադարեան կրթօճախները, որոնք մետասաներորդ վայրկեանին, գրիչի շարժումով մը դուք նուիրաբերեցիք ազերի-թուրքին»:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը իր յուշագիրին մէջ նշեց. «Այսօր մեր ձայնը կը միացնենք համայն հայութեան ապրած խոր ու աննախընթաց ընդվզումին` նախանձախնդիր ըլլալով ներքին կայունութեան եւ հայրենիքը անսասան պահելու առաջադրանքին: Կը պահանջենք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր քաղաքական խումբի հրաժարականը` քաջ համոզուած, որ այս քայլը միակ լուծումն է դարմանումի»:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան յուշագիրին մէջ մասնաւորաբար կը նշուի. «Իբրեւ սփիւռքահայ կանացի կազմակերպութիւն, ԼՕԽ-ը, որ նախանձախնդիր է սփիւռքի մէջ հայեցի դիմագիծի պահպանման, ինչպէս նաեւ հայրենիքի բարօրութիւնն ու անկախութիւնը ամէն բանէ վեր դասելով, իր 4000 անդամուհիներով կը մերժէ ստորագրուած համաձայնագիրը եւ կը պահանջէ, որ անյապաղ հրաժարիք վարչապետի պաշտօնէն, որովհետեւ այդ համաձայնագիրը ամօթալի է հայուն համար:

Յայտնենք, որ նմանօրինակ բովանդակութեամբ դեսպան Աթաբէկեանին յուշագիր մը յանձնուեցաւ նաեւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի կողմէ:

Նշեալ յուշագիրներուն բովանդակութիւնը կը հրապարակենք յառաջիկային:

aztagdaily.com