կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-13 14:12
Աշխարհ

Լիբանանի զբոսաշրջության դաշնակցական նախարարը Աթենքում մասնակցել է զբոսաշրջության միջազգային ցուցահանդեսի

Լիբանանի զբոսաշրջության դաշնակցական նախարարը Աթենքում մասնակցել է զբոսաշրջության միջազգային ցուցահանդեսի

Աղբյուրը` Aztagdaily

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ մը մեկնած էր Յունաստան, մասնակցեցաւ Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Զբօսաշրջական միջազգային ցուցահանդէսին:

Նշենք, որ Լիբանան իբրեւ պատուոյ հիւր ներկայ գտնուեցաւ տեղի ունեցած այս ցուցահանդէսին, որ 5-րդն էր իր տեսակին մէջ:

Միւս կողմէ, Ա. Կիտանեան հանդիպում մը ունեցաւ իր յոյն պաշտօնակիցին` Էլենա Քունթուրայի հետ, ներկայութեամբ` նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուքի եւ Յունաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Տոնա Պարաքաթի:

Նախարար Կիտանեան Յունաստան իր այցելութիւնը որակեց կարեւոր այն իմաստով, որ լիբանանեան-յունական երկկողմանի հանդիպումը կատարուած է 2004-ին երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած զբօսաշրջական համաձայնագիրին հիման վրայ:

Ան նշեց, որ իր ունեցած հանդիպումը 2004-էն ի վեր երկրորդ հանդիպումն է` ընդգծելով Յունաստանի զբօսաշրջական երկիր ըլլալու իրականութիւնը:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Յունաստանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է Լիբանան-Յունաստան միացեալ փաթեթով զբօսաշրջիկներ հիւրընկալելու Ռուսիայէն եւ Չինաստանէն:

Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ լիբանանեան-յունական-կիպրական եռակողմանի հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան եռակողմանի գործակցութեան հեռանկարները` զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը գրաւելու իմաստով:

Նախարար Կիտանեան եռակողմանի այս հանդիպումը նկատեց շատ կարեւոր եւ շինիչ` աւելցնելով, որ անիկա կը ծառայէ Լիբանանի շահերուն:

Պէտք է աւելցնել, որ Աթէնքի Զբօսաշրջական միջազգային Ե. ցուցահանդէսին բացումը կատարեցին նախարարներ Կիտանեան եւ Քունթուրա, որոնք բարձր գնահատեցին լիբանանեան-յունական երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս զբօսաշրջական մարզին առումով: Անոնք անդրադարձան նաեւ երկու երկիրները այցելելու միացեալ կարելիութիւններ ընձեռող զբօսաշրջական ծրագիրներուն:

Նախարարներ Կիտանեան եւ Քունթուրա այցելեցին ցուցահանդէսին մասնակցող ճամբորդական եւ զբօսաշրջական գրասենեակներուն տաղաւարները, որոնցմէ լիբանանեան տաղաւարը արժանացաւ իւրայատուկ ուշադրութեան, յատկապէս յունական լրատուամիջոցներուն կողմէ:

Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ լիբանանեան ճամբորդական եւ զբօսաշրջական գրասենեակներ եւ ընկերութիւններ: