կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-03-22 11:19
Արցախ

ԱՀ մշակույթի, երիտասարդության հարցերի և զբոսաշրջության նախարարի հանդիպումները` Աթենքում

ԱՀ մշակույթի, երիտասարդության հարցերի և զբոսաշրջության նախարարի հանդիպումները` Աթենքում

Արցախի Հանրապետության մշակույթի, երիտասարդության հարցերի եւ զբոսաշրջության նախարար Լեռնիկ Հովհաննիսյան հանդիպում ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին հրա­ւէ­րով Ար­ցա­խին նո­ւի­րո­ւած ե­լոյթ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար ­Յու­նաս­տան իր այ­ցե­լու­թեան ծի­րէն ներս, Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մշա­կոյ­թի, զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան նա­խա­րար ըն­կեր ­Լեռ­նիկ ­Յով­հան­նի­սեան Եր­կու­շաբ­թի՝ 18 ­Մարտ 2019ին, այ­ցե­լեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի գրա­սե­նեա­կը, ուր ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ տե­սակ­ցե­լու Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ըն­կեր­նե­րուն հետ:

Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեան՝ բա­րի գա­լուս­տի մաղ­թանք­նե­րէն ետք, շեշ­տեց Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին տա­րած պայ­քա­րի կա­րե­ւո­րու­թիւնն ու դե­րը ոչ միա­յին Ար­ցա­խի ա­պա­հո­վու­թեան ու գո­յա­տեւ­ման ճի­գե­րուն մէջ, այլ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան անվ­տան­գու­թեան ուղ­ղու­թեամբ: Ըն­կե­րը անդ­րա­դար­ձաւ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան-տնտե­սա­կան շրջա­նակ­նե­րու նկա­տե­լի մէկ հա­տո­ւա­ծին ժխտա­կան ըն­թաց­քին, որ կը հե­տապն­դէ որ­դեգ­րել մեր­ժո­ղա­կան կե­ցո­ւածք եւ կը ցու­ցա­բե­րէ չկա­մու­թիւն՝ սա­տա­րե­լու Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ճա­նաչ­ման գոր­ծի ըն­թաց­քին՝ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ ­Յու­նաս­տա­նի տնտե­սա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան հտե­ւան­քով, ինչ որ կը հան­դի­պի մեր կող­մի հա­կազ­դե­ցու­թեան:

Իր կար­գին, ըն­կեր ­Յով­հան­նի­սեան կա­րե­ւո­րեց Ս­փիւռ­քի տա­րած աշ­խա­տան­քը, Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու մի­ջո­ցաւ ի նպաստ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին ու ­Հան­րա­պե­տու­թեան օ­րի­նա­կան ճա­նա­չու­մին: Ան շեշ­տեց Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին ու պե­տու­թեան բարձր տրա­մադ­րու­թիւ­նը պայ­քա­րե­լու ու չզի­ջե­լու իր ձեռք­բե­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րէն ու նշեց, թէ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը հաս­տատ քայ­լե­րով կը զար­գա­նայ տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ ըն­կե­րա­յին բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս: ­Նա­խա­րա­րը իր շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քը փո­խան­ցեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի կա­ռոյ­ցին ի­րեն ուղ­ղած հրա­ւէ­րին նկատ­մամբ՝ յայտ­նե­լով, թէ նման այ­ցե­լու­թիւն­նե­րով օ­տար քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րուն ա­ռի­թը կը տրո­ւի ծա­նօ­թա­նա­լու Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ իր բա­նակ­ցա­յին պա­հանջ­նե­րուն, սան­ձե­լու ա­զե­րի­նե­րու պե­տա­կան հա­կա­քա­րոզ­չու­թիւ­նը ու ստեղ­ծե­լու նա­խադ­րեալ­նե­րը Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ճա­նա­չու­մին:

Տե­սակ­ցու­թիւ­նը իր ա­ւար­տին հա­սաւ այն յստակ հա­մո­զու­մով, որ թէ­կուզ դժո­ւար կրնայ թո­ւիլ, բայց Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան անվ­տան­գու­թիւ­նը ու ճա­նա­չու­մը կը հան­դի­սա­նան միակ այ­լընտ­րան­քը ա­պա­գա­յի ա­պա­հով ու բա­րօր ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հաս­տատ­ման:

Լեռնիկ Յովհաննիսեան հանդիպում ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ

Լեռնիկ Յովհաննիսեանի Հանդիպում` Զոի Գոնսթանտոփուլուի հետ

Հայ ­­Յե­ղա­փո­խա­կան ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ ­­Դա­տի ­­Յանձ­նա­խում­բին կող­մէ նա­խա­պէս դա­սա­ւո­րո­ւած հան­դի­պում­նե­րու շար­քի ծի­րէն ներս, Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան Մ­շա­կոյ­թի, Ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար պ. ­­Լեռ­նիկ ­­Յով­հան­նի­սեան, Ե­րեք­շաբ­թի 19 ­­Մարտ 2019ի ե­րե­կո­յեան, հան­դի­պում ու­նե­ցաւ «Փ­լէֆ­սի Է­լէֆ­թէ­րիաս» կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ ­­Զոի ­­Գոնս­թան­տո­փու­լո­ւի հետ։

Հան­դիպ­ման ներ­կայ էին Եւ­րո­պա­յի ­­Հայ ­­Դա­տի գրա­սե­նեա­կի նա­խա­գահ ընկ. ­­Գաս­պար ­­Կա­րա­պե­տեան եւ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ ­­Դա­տի ­­Յանձ­նա­խում­բի ըն­կեր­նե­րը։

Պրն. նա­խա­րա­րը իր զրու­ցա­կի­ցի ու­շադ­րու­թեան յանձ­նեց ­­Լեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բա­ղի բնակ­չու­թեան նկատ­մամբ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կում­նե­րը, ա­նընդ­հատ հնչող ու­ժի կի­րառ­ման սպառ­նա­լիք­նե­րը եւ հրա­դա­դա­րի յա­ճա­խա­կի խախ­տում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ռազ­մա­կան այս յար­ձա­կո­ղա­պաշ­տու­թեան դէմ՝ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի անվ­տան­գու­թիւ­նը պաշտ­պա­նե­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։
Եր­կուս­տեք դի­տել տրո­ւե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս խա­ղա­ղու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու գոր­ծին կա­պակ­ցու­թեամբ։

Տի­կին ­­Գոնս­թան­տո­փու­լու իր կար­գին, իր ան­վե­րա­պահ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց Ար­ցա­խի հե­րո­սա­կան պայ­քա­րին, հաս­տա­տեց Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը՝ ջա­տա­գո­վե­լով ար­ցա­խա­հա­յու­թեան վճռա­կա­մու­թիւ­նը եւ ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեամբ ապ­րե­լու վեհ կե­ցո­ւած­քը։

Ան յի­շե­ցուց, թէ 2015ին, ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ո­գե­կո­չա­կան նշում­նե­րուն ա­ռի­թով ­­Հա­յաս­տան այ­ցե­լած էր, ­­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նով եւ մաս­նա­կից ե­ղած էր ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց կան­խար­գիլ­ման մի­ջազ­գա­յին վե­հա­ժո­ղո­վին, յա­տուկ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն վերց­նե­լով ­­Հա­յե­րու, ­­Յոյ­նե­րու եւ Ա­սո­րի­նե­րու ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման գծով։

Լեռնիկ Յովհաննիսեանի Հանդիպում՝ Վիրոնայի քաղաքապետին հետ

Ըն­դա­ռա­ջե­լով ­­Հայ ­­Յե­ղա­փո­խա­կան ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­­Հայ ­­Դա­տի ­­Յանձ­նա­խում­բի հրա­ւէ­րին՝ ­­Յու­նաս­տան իր այ­ցե­լու­թեան շրջա­գի­ծէն ներս, Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան Մ­շա­կոյ­թի, Ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար պ. ­­Լեռ­նիկ ­­Յով­հան­նի­սեան Ե­րեք­շաբ­թի 19 ­­Մարտ 2019ին, հան­դի­պե­ցաւ Ա­թէն­քի ա­րո­ւար­ձան­նե­րէն ­­Վի­րո­նա­յի քա­ղա­քա­պետ պ. Ղ­րի­ղո­րիս ­­Քա­թո­փո­տի­սի հետ:­­Ներ­կայ էր ­­Վի­րո­նա­յի փոխ քա­ղա­քա­պետ տի­կին ­­Լե­մո­նիա Ք­լո­նա­րի, որ Մ­շա­կոյ­թի ու Ե­րի­տա­սար­դու­թեան փոխ քա­ղա­քա­պետն է։

Պրն. նա­խա­րա­րին կը ըն­կե­րակ­ցէին Հ.Յ.Դ. ­­Հայ ­­Դա­տի ­­Յանձ­նա­խում­բի եւ Ա­թէն­քի Հ.Յ.Դ. ­­Կո­մի­տէի ըն­կեր­նե­րը։

Շատ բա­րե­կա­մա­կան հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, պրն. քա­ղա­քա­պե­տը ընդգ­ծեց շրջա­նի մէջ հա­յու­թեան եր­կար տա­րի­նե­րու աշ­խուժ ներ­կա­յու­թիւ­նը ու կա­րե­ւո­րեց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ հա­սա­րա­կաց հար­ցե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ։

Պրն. ­­Նա­խա­րա­րը իր կար­գին, ծա­նօ­թա­ցուց պրն. քա­ղա­քա­պե­տին Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րու հար­ցե­րը եւ իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նեց ­­Վի­րո­նա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի եւ անձ­նա­պէս քա­ղա­քա­պե­տի ա­ջակ­ցու­թեան՝ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի պայ­քա­րին:

«Ազատ Օր»